ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպած Է ՀՅԴ Հայաստանի Կառոյցի Մարմիններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

8 փետրուարին Երեւանի մէջ` ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի մեծ սրահին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ հանդիպած է ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ներկայացուցած է աշխարհաքաղաքական զարգացումները եւ անոնց ազդեցութիւնները Հայաստանի վրայ: Տէր Խաչատուրեան անդրադարձած է ինչպէս համընդհանուր զարգացումներով պայմանաւորուած իրողութիւններուն, այնպէս ալ առանձին երկիրներու մէջ ստեղծուած իրավիճակներու վերլուծութեամբ ներկայացուցած հայկական համայնքներու խնդիրներն ու կարիքները:

Հանդիպման օրակարգին մէջ գլխաւոր հարցերէն մէկը հանդիսացած է Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանգամանօրէն անդրադարձած է արցախեան հիմնախնդիրին եւ այդ պարունակին մէջ ներկայացուցած է ՀՅ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի, Հայ դատի գրասենեակներու, յանձնախումբերու, ուղեկից միութիւններու կատարած աշխատանքները, որոնք ամբողջութեամբ ուղղուած են թէ՛ Արցախի ապաշրջափակման ու ընկերային կարիքներուն օժանդակելուն, թէ՛ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վրայ գործադրուող ճնշումներուն, թէ՛ արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման հայանպաստ ձեւաչափերու վերականգնման:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը փաստած է, որ Դաշնակցութեան խնդիրը եղած է եւ կը մնայ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան, իբրեւ համահայկական մէկ ամբողջութեան, վերականգնումը, եւ ամբողջ ջանքերը յառաջիկային ուղղուած պիտի ըլլան այդ նպատակին:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշած է, որ Դաշնակցութիւնը իր աշխատանքներուն ընթացքին մշտական կապի մէջ է Արցախի ղեկավարութեան եւ պատասխանատու պաշտօնեաներուն հետ: Հակառակ ատոր` ՀՅԴ-ն կը շարունակէ արմատական հակասութիւններու մէջ գտնուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն հետ, եւ, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հակապետական, հակաարցախեան եւ հակազգային քայլերու ու ծրագիրներու չէզոքացման զուգահեռ, Դաշնակցութեան օրակարգին մէջ է Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան հեռացումն ու Հայաստանի մէջ ազգային իշխանութեան ձեւաւորումը:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը պատասխանած է նաեւ ներկաները հետաքրքրող հարցումներուն` տալով լրացուցիչ պարզաբանումներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.