ՀՅԴի ցանկէն Լիբանանի խորհրդարանի անդամ ընտրուած են՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Ճորճ Պուչիքեան եւ Յակոբ Թերզեան

Յակոբ Բագրատունի, Ճորճ Պուչիքեան եւ Յակոբ Թերզեան

Կիրակի առաւօտեան ժամը 7ին, Լիբանանի 15 ընտրաշրջաններուն մէջ քուէակեդրոնները բացուեցան, եւ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանցիները քուէարկեցին:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը երեկոյեան ժամը 10ին յայտարարեց, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 41.04 առ հարիւրի:

Մեծաթիւ լիբանանահայեր եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իրենց ձայնը մեծամասնութեամբ տուին ՀՅԴի առաջադրած թեկնածուներուն:

Ըստ նախնական եւ ոչ պաշտօնական արդիւնքներուն՝ ՀՅԴի ցանկէն խորհրդարանի անդամ ընտրուած են՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի (Մեթն), Ճորճ Պուչիքեան (Զահլէ) եւ Յակոբ Թերզեան (Պէյրութ)։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.