ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Յուշագիր Կը Յանձնէ Լիբանանի Մէջ

4 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած դիւանի անդամներ Վաչէ Նաճարեանէ, Վիգէն Աւագեանէ եւ Թալին Օրտողլեանէ, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին յանձնեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը պահանջող յուշագիր մը, որուն մէջ կ’ըսուի.-

«Շատ պիտի փափաքէինք Արցախեան պատերազմէն ետք ձեզի ուղղուած այս պաշտօնական գիրով շնորհաւորել ձեզ եւ հայկական քաջարի մեր բանակը` Արցախի մէջ արձանագրուած յաղթանակին համար:

Շատ պիտի ուզէինք շնորհաւորել ձեր կառավարութիւնը` «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» տեսլականին իրագործման համար:

Շատ պիտի ուզէինք շնորհաւորել նաեւ մեր ժողովուրդը, ինչպէս Արցախի պատերազմին ամբողջ տեւողութեան, նաեւ պատերազմէն ետք իր դրսեւորած համահայկական միասնականութեան եւ ազգային համերաշխութեան համար:

Սակայն, իրականութիւնները կը պարտադրեն այլ բան:

9 նոյեմբերին մեր հայրենիքը, յանձինն ձեզի, ստորագրած է իր պատմութեան ամէնէն անձնատուական եւ նուաստացուցիչ համաձայնագիրներէն մէկը: Մեր բանակն ու զինեալ ուժերը կրած են ծանր պարտութիւն` իրենց ետին ձգելով բազմահազար զոհեր, վիրաւորներ, հաշմանդամներ, անհետ կորսուածներ, գերիներ եւ գաղթականներ:

«Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» տեսլականը յաջողութեամբ իրագործած է թշնամի՛ն, հայութենէն խլելով ծով արեամբ եւ անասելի զոհաբերութեամբ ձեռք բերուած, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հողատարածքներ, որոնք Արցախի ու Հայաստանի հողային անվտանգութիւնը կ’երաշխաւորեն եւ մեր ժողովուրդին խաղաղ ու ապահով զարգացումը կ’ապահովեն:

Այս բոլորին լոյս տակ ստեղծուած է համաժողովրդային բողոքի, զայրոյթի եւ ընդվզումի ալիք` կացութեան մեղաւորները ճշդելու եւ զանոնք պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով: Հիասթափութիւնն ու յուսախաբութիւնը ամէնուրեք է: Մեր ժողովուրդը, արդարօրէն, կ’ուզէ գիտնալ, թէ այդ ինչպէ՛ս պատահեցաւ, որ «Յաղթելու ենք» որոշումով ճամբայ ելած համահայկական պատերազմը աւարտեցաւ չափազանց անփառունակ, «Յանձնելու ենք» որոշումով:

Հայ ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասնիկն ալ կը կազմէ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` ՀՄԸՄ-ը, որ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան զօրաշարժի ենթարկեց աշխարհասփիւռ իր 111 մասնաճիւղերը եւ նիւթաբարոյական որեւէ աջակցութիւն չզլացաւ գոյամարտի յաղթական ելքին ապահովման: ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի միաւորը` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը առաջնագիծի հայ կամաւորներուն ապահովեց անմիջական անհրաժեշտութեան իրեր, զբաղեցաւ Արցախէն գաղթական ընտանիքներու ընկերային ծանր վիճակով եւ անոնց պատանիներու դաստիարակչական ծրագիրներով:

Ազգային պարտքի գիտակցութեամբ, ՀՄԸՄ-ականներ «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»-ին, Արցախին ու հայկական բանակին կատարեցին նկատառելի նուիրատուութիւններ, հայկական դեսպանատուներու եւ համայնքներու պատասխանատու մարմիններու հետ գործակցաբար մասնակցեցան Արցախի ի նպաստ ցուցական-քարոզչական նախաձեռնութիւններու, իսկ երբ անոնցմէ պահանջուեցաւ աւելի՛ն, անոնք բնաւ չսակարկեցին եւ տուին ամէնէն թանկագինը` սեփական կեանքը: ՀՄԸՄ հայ հողին, հայ սահմանին եւ հայ մարդու պաշտպանութեան կռիւներուն ընծայաբերեց 10 նահատակներ, որոնք իրենց սրբազան արեամբ գրեցին նորօրեայ մեր պատմութեան սխրալի էջերը:

Հայրենիքի հանդէպ իր բարոյական պարտքն ու պարտականութիւնը կատարած ՀՄԸՄ-ը այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ գործել ի սպաս հայրենիքի, ի խնդիր հզօր Հայաստանի եւ վերականգնեալ ու վերածաղկեալ Արցախի` հաւատարիմ իր պատմական առաքելութեան եւ դաւանած ազգային արժէքներուն:

ՀՄԸՄ-ի այս հաստատակամութիւնը, սակայն, կ’ենթադրէ համազգային վստահութիւն ներշնչող, արժանապատիւ իշխանութեան մը ներկայութիւնը երկրի առաջնորդող ղեկին, ինչ որ այսօր կը բացակայի` պարտուած, վարկաբեկուած եւ ժողովուրդի լայն շերտերէն մերժուած ներկայ ղեկավարութեամբ:

Արդ, ՀՄԸՄ-ը կը պահանջէ իշխանութեան ինքնակամ եւ անցնցում հեռացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ ներքաղաքական իրավիճակը խաղաղեցնել եւ ազգային բոլոր ուժերու համախմբումով կազմել հայրենիքի փրկութեան կառավարութիւն մը, որ պիտի կարենայ մեր երկիրն ու ժողովուրդը դուրս բերել իր ներկայ օրհասական վիճակէն»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.