Կեանքէն հեռացաւ ազգային գործիչ, հրապարակախօս եւ գրքերու հեղինակ Յակոբ Կ. Մանճիկեան

  • Յիշատակելի է Ընկ. Մանճիկեանի ներդրումը Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմագրութեան գործին մէջ: Արդարեւ, ընկ. Մանճիկեան, իր տիկնոջ Քնար Աւետեան Մանճիկեանի հետ միասին, համահեղինակը եղած է Հ.Յ.Դ. Ալպոմ-Աթլասին, որ յետ տարիներու բծախնդիր ուսումնասիրութեան, հրատարկուեցաւ Դաշնակցութեան 100 Ամեակին առիթով:

19 Հոկտեմբեր 2019ի առաւօտեան, Լոս Անճելոսի իր բնակարանին մէջ, մահկանացուն կնքեց, ազգային-հասարակական գործիչ, հրապարակախօս, եւ գրքերու հեղինակ Յակոբ Կ. Մանճիկեանը, յետ կարճատեւ անհանգստութեան:

Յակոբ Կ. Մանճիկեան
Կենսագրական Գիծեր

Յակոբ Կարապետ Մանճիկեան ծնած է Քեսապի՝ Գարատուրան գիւղը (Սուրիա), 1924-ին: Ան անդրանիկ զաւակն էր Հայոց Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած Կարապետ եւ Վիքթորեա Մանճիկեաններուն, եղբայրը Վահան Մանճիկեանի:

Գարատուրան գիւղի եւ Քեսապ աւանի վարժարաններուն ուսուցիչ, Այնթապի քոլէժէն շրջանաւարտ Կարապետ Մանճիկեանի տան, ազգային-գաղափարական մթնոլորտին մէջ հասակ նետած, ան գիւղի ծխական վարժարանը աւարտելով, կը յաճախէ եւ կ’աւարտէ Քեսապի Ուսումնասիրաց Երկրորդական վարժարանը, ապա եւ Լաթաքիոյ՝ Պուքա արուարձանի Ֆրանսական արհեստագիտական ուսումնարանը:

Աշխատանքի եւ գործի մղումով, ան աշխատելու համար կը մեկնի Միջին Արեւելքի զանազան քաղաքները՝ Եաֆա (Պաղէստին), Պէյրութ, Ամման, այնտեղի արհեստանոցներուն մէջ:
Կեանքի դժնդակ պայմանները կը ստիպեն որ ան լքէ ընտանեկան բոյնը մեկնելով Ամերիկա, Նիու Եորք ապա Լոս Անճելըս, 1950- ին :

Հոն կը հաստատէ իր սեփական արհեստանոցը՝ «Արմօ Մաշին Քօմփանի» ընկերութիւնը, որ կը գործէ մօտ կէս դար. այնտեղ ան յանձն կ’առնէ բարձրորակ արհեստագիտական մետաղաշինական գործեր, անջրպետանաւերու, օդանաւաշինութեան նաւաշինութեան, նաֆթարդիւնաբերութեան ընկերութիւններուն, մինչեւ իսկ Ամերիկեան բանակի կառոյցներու ծրագիրներու գծով, անշուշտ իր ազգային-կուսակցական ծանր յանձնարութիւններուն կողքին:

1957-ին Սուրիա այցելելով, ան կը հանդիպի կեանքի անբաժան ընկերոջ՝, կողակիցին՝ Քնար Ռիթա Աւետեանին, եւ անոր հետ պսակուելով կը վերադառնայ (1958-ին) Ամերիկա.
Քնար Ռիթա Աւետեան-Մանճիկեանը հանդիսացաւ անոր ազգային կուսակցական գործերու, ինչպէս նաեւ բանասիրական, ուսումնասիրական աշխատանքներուն բաժնեկիցը:
Կեանքը զանոնք պարգեւատրեց երեք դուստրերով, Թամար Մանճիկեան-Մաշիկեան, Սալբի եւ Վիքթօրիա:

Ամբողջ կեանքը նուիրած է իր ազգին: Ան կանուխէն անդամակցած է Հ.Յ.Դ.-եան ու երկար տարիներ վարած անոր Լոս Անճէլըսի «Հայ Կեդրոնի» ատենապետութիւնը, գործավարութիւնը «Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Յանձնախումբին» (այժմ Հայ Դատի Յանձնախումբ):

Իր մտքին ու գրչին արգասիքն են «Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան» Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի կանոնագրութիւնը (1957-ին), որուն հիմնադիրներէն մէկը հանդիսացած էր:
Սերտ գործակցութեամբ Ազգային Հերոս՝ Սողմոն Թեհլիրեանին, կը կազմակերպէ Հ.Յ.Դ.-եան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութիւնը, որուն հերթապահութիւնը կը վարէ տասնեակ տարիներ:

Կը մասնակցի Հ.Յ.Դ.-եան 19րդ ընդհանուր ժողովնին:

Իր ղեկավարած յանձնախումբի ատենապետութեամբ կը կառուցուի հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Քալիֆորնիոյ Մոնթէպելլոյի յուշարձանը (1965-ին):
Ան, նոյնաժամանակ կը հանդիսանայ հիմնադիրներէն մէկը Լոս Անճելըսի շրջանին «Համազգայինի» եւ Հ.Մ.Ը.Մ.- ի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ «Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանի» հիմնադիր մարմիններուն:

Հիմնադիրն ու ղեկավարը կը հանդիսանայ «Հայ Ազգային Ռատիօժամին», 1978-ին կողակիցին օժանդակութեամբ պատրաստելով ամենօրեայ յայտագիրները, երկու տարիներ շարունակ: 50 տարիներ անդադար կ’աշխատակցի «Ասպարէզ» օրաթերթին որպէս յոդուածագիր:

1990- ին, Հ.Յ.Դ.-եան 100-ամեակի առիթով կը նախաձեռնէ ու կ’իրագործէ խմբագրութիւնն ու հրատարակութիւնը «Յուշամատեան-Ալպոմ Ատլաս» հատորներուն, առաջինը՝ 1992, երկրորդը՝ 2001-ին, իսկ առաջինին անգլերէն հրատարակութիւնը կ’իրականացնէ 2006-ին, միշտ կողակիցին անմիջական խմբագրական օժանդակութեամբ:
Ան նախաձեռնած է թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը ՝ «Ցեղասպանութեան Յուշերու Մատենաշարին», կողակիցին հետ միասնաբար (6 հատորներ).

• Արմէն Անոյշի՝ «Դժոխքէն Անցքը»
• Միքայէլ Շանդանճեանի՝ «Մահացու Գիշերը»
• Շահէն Տէրտէրեանի՝ «Մահուան Տողանցքը»
• Սեպուհ Ակունիի՝ «Միլիոն մը հայերս» Ջարդի Պատմութիւնը
• Արամ եւ Տիրուհի Աւետեաններու՝ (Տիկ. Քնար Ռիթա Աւետեան-Մանճիկեանի ծնողքը)՝ «Ճակատագրի Դիմադրել»
• Մ. Սալբիի՝ «Մեր Խաչը»

Ան արժանացած է.-
• Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհած «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, իր տարած ազգանուէր գործերուն համար (2004-ին)
• Ա.Մ.Ն.-երու քոնկրէսական՝ Հաուըրտ Պըրմանի եւ Ատամ Շիֆի մեծարանքի գրութիւններուն (2005-ին եւ 2014-ին):
• Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի պատւումի յանդիսումին, անոր Ամերիկահայ համայնքին նուիրական ծառայութեան համար:
Ընթացիկ տարուան սկիզբը անոր առողջական վիճակը վատթարացաւ, պահելով մտքի պայծառութիւնը , ան օր ըստ օրէ հիւծեցաւ եւ կեանքը աւանդեց 19 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լոս Անճելըսի իր բնակարանին մէջ, շրջապատուած իր ընտանիքի անդամներով, առ յաւէտ բաժնուելով մեզմէ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.