Հարցազրոյց՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակի Խորհրդատու Անժելիք Աստուրեան Գիրիճեանի Հետ


ՀՕ­Մի Թորոնթոյի «Ռուբի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Ան­ժե­լիք Աս­տու­րեան-Գի­րի­ճեա­նի հետ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի ու­նե­ցած հար­ցազ­րոյ­ցը, ըն­թեր­ցող­նե­րուն մօ­տէն կը ծա­նօ­թաց­նէ գրա­սե­նեա­կին մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն եւ աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ Գանատայի կա­ռա­վա­րու­թեան օգ­նու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն եւ նպաստ­նե­րուն մա­սին։

Հար­ցազ­րոյ­ցը վա­րեց՝ Տի­րուկ Մար­գա­րեան Կա­րա­պե­տեան

Հ- «Քո­րո­նա» ժահ­րին պատ­ճա­ռով զա­նա­զան նո­րու­թիւն­ներ, փո­փո­խու­թիւն­ներ եւ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէն օգ­նու­թեան նպաստ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ե­ղան, ո­րոնք եր­բեմն ան­հասկ­նա­լի են շա­տե­րուս հա­մար։ Մեր հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը, այդ նո­րու­թիւն­նե­րէն տե­ղե­կա­նա­լու հա­մար ինչ­պէ՞ս կր­նան կա­պո­ւիլ ձե­զի հետ։

Պ- Նախ կ­’ու­զեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել, որ ա­ռի­թը տո­ւիք ին­ծի այս հար­ցազ­րոյ­ցին մի­ջո­ցով խօ­սե­լու մեր գրա­սե­նեա­կի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Ինչ­պէս որ գի­տէք, գրա­սե­նեա­կը փակ է, բայց ես կը շա­րու­նա­կեմ աշ­խա­տիլ տու­նէն։ Եր­կու­շաբ­թիէն մին­չեւ ուր­բաթ, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-էն մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 3։ Մեր հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը կրնան կա­պո­ւիլ հետս, հե­տե­ւեալ թի­ւին զան­գե­լով՝ 416-495-0644 եւ ձգել ի­րենց տո­ւեալ­նե­րը` ա­նուն եւ հե­ռա­ձայ­նի թիւ, ա­պա՝ յի­շել զան­գե­լու պատ­ճա­ռը։ Ա­նոնք նաեւ կրնան հետս կա­պո­ւիլ ե-նա­մա­կով arssocialservices@gmail©com։ Մեր գրա­սե­նեա­կը ու­նի նաեւ դի­մա­տետ­րի էջ (facebook page)  arssocialservicesoffice-Toronto, ուր կը նշո­ւին ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թիւն, նո­րու­թիւն կամ աշ­խա­տան­քի ա­պա­հո­վու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն։

Հ-­Կա­ռա­վա­րու­թեան յայ­տա­րա­րած եւ մա­տու­ցած օգ­նու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն կրնա՞ք տալ ­մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն։

Պ- «Քո­րո­նա» ժահ­րի պատ­ճա­ռով կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այ­լա­զան նո­րու­թիւն­ներ բո­վան­դա­կող օգ­նու­թեան ծրա­գիր­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ, ո­րոնց­մէ մէ­կը շտապ օգ­նու­թեան նպաստն է Canada Emergency Response Benefit /CERB/: Նախ­քան շտապ օգ­նու­թեան նպաս­տի բա­ցատ­րու­թիւ­նը, բա­ցատ­րեմ ա­նոր եւ աշ­խա­տան­քի ա­պա­հո­վագ­րու­թեան` Employment Insurance-ի (EI) տար­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Employment Insurance-ը միշտ ե­ղած է ու կայ, երբ գոր­ծա­տէ­րը պաշ­տօ­նեա­յին գոր­ծէն դուրս հա­նէ, ա­նոր Record Of Employment կու տայ, որ ցոյց կու տայ աշ­խա­տան­քի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, թէ ե՞րբ­ աշ­խա­տան­քի ըն­դու­նո­ւած է, որ­քա՞ն ­ժա­մա­նակ աշ­խա­տած է եւ ի՞նչ ­գու­մար վաս­տա­կած է։ Այդ ROE-ի թուղ­թը կա­ռա­վա­րու­թեան կու տայ ան­գործ մնա­ցած ան­ձը եւ ա­նոր հի­ման վրայ ի­րեն կ­’ը­սեն, թէ որ­քան գու­մար պի­տի տան եւ քա­նի ա­միս տե­ւո­ղու­թեամբ։ EI դի­մե­լու հա­մար պէտք է վեր­ջին մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին առ­նո­ւազն 600 ժամ աշ­խա­տած ըլ­լայ դի­մոր­դը։

Ո­մանք, ո­րոնց աշ­խա­տան­քի ժա­մե­րը նո­ւա­զած են եւ ժահ­րի պատ­ճա­ռով ի­րենց ու­նե­ցած աշ­խա­տան­քը կորսն­ցու­ցած են, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նա­խորդ 12 ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին $5000 վաս­տա­կած են՝  կրնան Canada Emergency Response Benefit դի­մել։

Հ­-Ինչ­պէ՞ս ­կա­րե­լի է Canada Emergency Response Benefit դի­մել եւ ի՞նչ­ ակն­կա­լել։

Պ- Եր­կու տար­բեր ձե­ւե­րով կրնան դի­մել` հե­ռա­ձայ­նե­լով հե­տե­ւեալ թի­ւե­րուն 1-800-959-2019 եւ 1-800-959 -2041 կամ  հա­մա­կար­գի­չով` Canada Revenue Agency-CRA Գա­նա­տա­յի Ե­կա­մու­տի գոր­ծա­կա­լու­թեան մի­ջո­ցով: Ու­րեմն ե­թէ EI դի­մէք պէտք է եր­կու շա­բա­թը մէկ կա­ռա­վա­րու­թեան տե­ղե­կագ­րու­թիւն տաք, որ աշ­խա­տիլ չէք սկսած եւ ա­նոր հի­ման վրայ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ձե­զի վճա­րել, իսկ CERB-ը 16 շաբ­թո­ւայ հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած է (4 ա­միս տե­ւո­ղու­թեամբ), իւ­րա­քան­չիւր ամ­սո­ւան ա­ռա­ջին շա­բա­թը դար­ձեալ կը դի­մէք, որ­պէս­զի ձե­զի գու­մա­րը վճա­րեն։ EI-ը տա­րե­կան ե­կա­մու­տիդ 55% կը վճա­րէ եւ այդ ալ ամ­սա­կան դրու­թեամբ, իսկ CERB-ն 2000 տո­լար կը վճա­րէ։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այս դժո­ւար օ­րե­րը նկա­տի առ­նե­լով ո­րո­շում ա­ռաւ, որ Մարտ ամ­սո­ւան 15-էն ետք EI դի­մող­նե­րուն ալ $2000 պի­տի յատ­կաց­նէ, որ­պէս­զի բո­լորն ալ հա­ւա­սա­րա­պէս վճա­րո­ւին։ Այս բո­լոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ման­րա­մաս­նու­թեամբ կրնաք գտնել Canada@ca կայ­քէ­ջին մէջ:

Հ- Շա­տեր շտապ օգ­նու­թեան նպաստ Canada Emergency Response Benefit (CERB) ստա­նա­լու դի­մե­ցին եւ ա­ռանց հար­ցու­փոր­ձի կամ ստուգ­ման $2000 ստա­ցան եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն ստա­նալ, ա­սոր մա­սին ի՞նչ կ­’ը­սէք:

Պ- Դժբախ­տա­բար կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բա­ւա­կան ճնշո­ւած է այս շրջա­նին, հե­տե­ւա­բար գու­մար­ներ յատ­կա­ցուց բո­լո­րին` ա­ռանց փաս­տա­թուղ­թեր պա­հան­ջե­լու, սա­կայն երբ ա­մէն ինչ հան­դար­տի եւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ձեզ­մէ փաս­տա­թուղ­թեր ու­զէ ու դուք չկա­րե­նաք յատ­կաց­նել զա­նոնք, այս պա­րա­գա­յին ձե­զի տո­ւած գու­մա­րը պի­տի պա­հան­ջէ, հե­տե­ւա­բար, կամ ամ­սա­կան դրու­թեամբ պի­տի վճա­րես պարտքդ եւ կամ տա­րե­կան տուր­քը վճա­րած ժա­մա­նակդ բարձր գու­մար տա­լիք պի­տի ու­նե­նաս ի­րեն: Կրնայ ըլ­լալ որ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ այ­լա­զան պա­րա­գա­ներ ու­նե­նայ կամ շփո­թի ու չկա­րե­նայ կողմ­նո­րո­շո­ւիլ, ա­հա­ւա­սիկ այդ պա­րա­գա­յին, թող հան­գիստ զգայ ու դի­մէ ին­ծի ու ես կա­րե­լիու­թիւնս կ­’ը­նեմ եւ ճիգ չեմ խնա­յեր ի­րեն հար­ցե­րուն պա­տաս­խա­նե­լու եւ օգ­տա­կար դառ­նա­լու:

Հ-­Վեր­ջերս ու­րիշ ի՞նչ ն­պաստ կամ օգ­նու­թիւն կը յատ­կաց­նէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւ ո­րո՞նց:

Պ-­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նաեւ շտապ օգ­նու­թեան նոր մի­ջոց մը որ­դեգ­րած է ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար Emergency Response Benefit for Students, ո­ր պի­տի սկսի Մա­յի­սէն ու տե­ւէ մին­չեւ Օ­գոս­տոս, ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին յստակ չեն, բայց երբ ի յայտ գան, զա­նոնք կը հրա­պա­րա­կենք մեր դի­մա­տետ­րի` facebook-ի է­ջին վրայ: Այլ ծրա­գիր մը եւս կայ CECRA Canada Emergency Commercial Rent Assistance Program ա­սոր եւ Temporary pandemic pay for frontline heroes program-ին գծով հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րուն հա­մար կրնամ յղում­ներ կա­տա­րել:

 Հ- Ի՞նչ ­պէտք է ը­նեն ա­նոնք, ո­րոնք վա­րա­կո­ւե­լէ կը վախ­նան եւ չեն ու­զեր աշ­խա­տան­քի եր­թալ ժահ­րին պատ­ճա­ռով:

Պ- Ե­թէ ա­պա­հով չէք զգար ձեր աշ­խա­տած տե­ղը կամ վախ ու­նիք, որ ձեր գոր­ծա­տէ­րը գոր­ծէն դուրս կրնայ հա­նել ձեզ, կամ թէ ո­րո­շէք գոր­ծի չեր­թալ ա­պա­հով չզգա­լու պատ­ճա­ռաւ, կրնաք կա­պո­ւիլ Worker Action Centre 416-531-0778 or toll free 1-855-531-0778 or online at www©workersactioncentre©org եւ ի­րենք ձե­զի ճիշտ ու­ղին ցոյց կու տան եւ ձեր հար­ցում­նե­րուն կը պա­տաս­խա­նեն:

Հ- Ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ա­նոնց թե­րա­հաս զա­ւակ­նե­րուն հա­մար ինչ­պի­սի՞ օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ նա­խա­տե­սած է կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։

Պ- Ու­նինք նաեւ ըն­տա­նի­քի ա­ջակ­ցու­թեան դի­մում-Family Support, հե­տե­ւեալ թի­ւով՝ 1-888-444-3770 կամ ե-նա­մա­կով supportforfamilies@ontario@ca կրնաք դի­մել կա­ռա­վա­րու­թեան: Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք զա­ւակ ու­նին (նո­րա­ծին մին­չեւ 12 տա­րե­կան) կրնան դի­մել եւ ա­մէն մէկ զա­ւա­կի հա­մար 200 տո­լար ստա­նալ: Ե­թէ զա­ւա­կը ֆի­զի­քա­պէս ան­կա­րող է`  250 տո­լար կը ստա­նան: Այս դի­մու­մին հա­մար պի­տի ու­զո­ւի ձեր  դրա­մա­տան հա­շի­ւը: Մենք չենք քա­ջա­լե­րել դրա­մա­տան հա­շիւ տալ, բայց այս դի­մու­մին հա­մար հա­շի­ւը ան­պայ­ման պէտք է: Ե­թէ ե-նա­մակ մը ստա­նաք, ո­րուն բո­վան­դա­կու­թիւ­նը յստակ չէ, ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար, ին­ծի ղրկե­ցէ’ք­ եւ ես կը կար­դամ ձե­զի հա­մար եւ կը  գիտ­նանք ին­չո՞ւ ­հա­մար պէտք ու­նին ձեր հա­շի­ւը:

Family support-էն զատ ու­նինք Child Tax Benefit` պզտիկ­նե­րուն հար­կա­յին նպաստ: Այս օգ­նու­թիւ­նը դի­մում պէտք չու­նի: Ե­թէ Child Tax Benefit ար­դէն կը ստա­նաք, ու­րեմն ինք­նա­բե­րա­բար այս գու­մա­րը պի­տի բարձ­րա­նայ: Իսկ ա­նոնք, ո­րոնք Social Assistance, այ­սինքն` ամ­սա­կան դիւ­րու­թեամբ օգ­նու­թիւն կը ստա­նան, ա­նոնց հա­մար մէկ ան­գա­մո­ւայ հա­մար դի­մում կայ, որ Ապ­րիլ 30-էն ա­ռաջ պէտք է դի­մո­ւի, որ յա­ւե­լեալ 100 տո­լար ստա­նան մէկ ան­գա­մո­ւան հա­մար կամ 200 զոյ­գի` տէր եւ տիկ­նոջ պա­րա­գա­յին: Ֆի­զի­քա­պէս ան­կա­րող­նե­րու նպաստ ու­նե­ցո­ղը դի­մե­լու պէտք չու­նի, ո­րով­հե­տեւ ինք­նա­բե­րա­բար մէկ ան­գա­մո­ւայ հա­մար  յա­ւե­լու­մը պի­տի ստա­նայ:

Հ- Ար­դեօ՞ք ­ձեր գրա­սե­նեա­կին նախ­կին եւ ա­մե­նօ­րեայ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նաո­ւի՞ն­ այս դժո­ւար օ­րե­րուն եւս:

Պ- Այս բո­լո­րէն ան­կախ մեր գրա­սե­նեա­կը կը շա­րու­նա­կէ ան­ցեա­լի իր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը յատ­կաց­նել հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն: Այդ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կը յատ­կա­ցո­ւին մա­նուկ­նե­րուն, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, ըն­տա­նիք­նե­րուն, ե­րէց­նե­րուն եւ նո­րեկ­նե­րուն։ Ան­հատ­նե­րուն հա­մար կեն­սա­գիր (resume) պատ­րաս­տել, աշ­խա­տան­քի փնտռտուք (employment searches), տե­ղա­ցիու­թեան դի­մում (citizenship application« passports) ճամ­բոր­դու­թեան փաս­տա­թուղ­թեր (travel documents), մնա­յուն բնա­կու­թեան դի­մում եւ նո­րո­գում (PR cards« renewals), ֆի­զի­քա­կան ան­կա­րո­ղու­թեան գծով օ­ժան­դա­կու­թեան դի­մում (ODSP), նո­րա­ծի­նի ար­ձա­նագ­րու­թիւն (new baby registration) եւ այլ կեն­ցա­ղա­յին հար­ցե­րու ծա­ռա­յու­թիւն­ներ։

Կը մաղ­թեմ, որ բո­լորս ա­ռողջ մնանք մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ սի­րե­լի­նե­րուն հետ, համ­բե­րա­տար ըլ­լանք, սի­րով մնանք վստահ ըլ­լա­լով, որ շու­տով վերջ պի­տի գտնէ այս հա­մա­ճա­րա­կը։

Ստո­րեւ ՀՕ­Մի Ըն­կե­րա­յին Ծա­ռա­յու­թեան Գրա­սե­նեա­կի ըն­թա­ցիկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն ցան­կը.

  1. Citizenship
  2. Travel document
  3. Passport
  4. Old age security
  5. Ontario work + interview
  6. Ontario disability + interview
  7. New child registration
  8. Employment Insurance (Maternity, Work, Sickness)
  9. Housing – If Housing agent not available
  10. Visa – If other agency workers are not available
  11. Resume writing and employment search – When there is no response from work agencies
  12. Homemaking and nurses’ services
  13. Address change
  14. IRCC inquires
  15. Toronto welcome policy for activities – All ages
  16. Healthy smile – low income – children under 18 years old
  17. Low income elder dental application
  18. Hst/GST
  19. Permanent resident card application and renewal
  20. Health card renewal
  21. Tickets (parking-speeding)
  22. Child tax benefit
  23. Trillium drug program
  24. Electricity Bill
  25. Youth Volunteering

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.