Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պուլկարիա. Կը պահանջենք ՀՀ Վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականը
Հայաստանն ու սփիւռքը 27 սեպտեմբերէն մինչեւ 9 նոյեմբեր 2020 դիմագրաւեցին չափազանց տագնապալի պահեր, գոյատեւելու պահեր:
Թշնամիին` ազերիին կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը շատ ծանր էր բոլորիս համար:
Ունեցանք բազմահազար զոհեր եւ հսկայական հողային կորուստներ: Կը խոնարհինք Արցախի հողի պաշտպանութեան համար իրենց թանկագինը՝ կեանքը նուիրաբերած հերոսներու յիշատակին դիմաց:
Այսու կու գանք մեր բացարձակ մերժումը արտայայտելու Նոյեմբեր 10ին հրապարակուած յայտարարութեան, որ կը համարենք ե՛ւ նուաստացուցիչ, ե՛ւ պարտուողական, ե՛ւ վտանգաւոր Արցախի, Հայաստանի և ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի լինելութեան համար:
Այս իրավիճակէն ընդվզած, կը բողոքենք սոյն համաձայնագրի ստորագրութեանը ՀՀ Վարչապետի արած քայլի ուղութեամբ ու մեր ձայնը միացնելով Հայաստանի մէջ ընդվզումի ալիքին, կը դատապարտենք վարչախումբին քաղաքական սխալները, ու կը պահանջենք ՀՀ Վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պուլկարիա