Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրօն Եւ Գերագոյն Մարմինը Համատեղ Նիստ Կը Գումարեն
2198
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երեքշաբթի, 31 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ մեկնարկած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի համատեղ նիստը, որուն գլխաւոր օրակարգն է քննարկել ՀՅԴի դերակատարութիւնը կառավարութեան գործունէութեան մէջ:
Նիստի ընթացքին զեկոյցներու միջոցով պիտի ներկայացուին այն նախարարութիւններուն եւ մարզ-պետարաններուն գործունէութիւ-նը, որոնք կը գլխաւորուին Դաշնակցական նախարարներու եւ մարզպետներու կողմէ: