Հայ, Հայաստան, Հայրենիք Ու Աստուած
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Բագրատ արք. Գալստանեան: Անուն մը, որ ծանօթ ու սիրելի եղաւ իր ժողովուրդին, երբ ստանձնեց Հայոց աշխարհի ամէնէն վտանգուած սահմանային շրջանի` Տաւուշի թեմի հոգեւոր առաջնորդութիւնը: Ամէն կիրակի եղաւ իր հաւատացեալ ժողովուրդին հետ` անոր մատակարարելով հոգեւոր հացը: Ան եղաւ խրամատներուն մէջ` հայոց բանակի զինուորներուն կողքին, կորով ներշնչելով անոնց հայրենիքի պաշտպանութեան աշխատանքին մէջ: Եղաւ մանաւանդ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն հետ` ամրացնելով անոնց կապը հայրենի հողին հետ:
Բագրատ արք. Գալստանեան: Եղաւ այն վերջին հայ եկեղեցականը, որ 4 նոյեմբեր 2020-ին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ մէջ մրմնջաց վերջին «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն: Ի խորոց սրտի այդ աղօթքը կատարուեցաւ խիստ վտանգաւոր պայմաններու մէջ: Ծանր հրթիռակոծումի ներքեւ: Կեանքին սպառնացող պայմաններու տակ: Բայց, այսուհանդերձ, կատարուեցաւ այդ աղօթքը, որովհետեւ եթէ Աստուած մէկու մը կողքին է, ինչո՞ւ է ուրեմն վախը…
Բագրատ արք. Գալստանեան: Յաճախ հաշտ աչքով չի դիտուիր այն, որ եկեղեցականը քաղաքական հարցերով զբաղի կամ քաղաքական կարծիքներ արտայայտէ, որովհետեւ կայ ընդհանուր կարծիք, որ քաղաքականութիւնը յաճախ կեղտոտ զբաղում է: Կան նաեւ աշխարհիկ մտածողութեան տէր անձեր, հոսանքներ, որոնք ընդհանրապէս դէմ են եկեղեցականներու` քաղաքականութեամբ զբաղելու երեւոյթին, մեկնելով եկեղեցին եւ պետութիւնը իրարմէ բաժնելու գաղափարէն: Բայց կան պահեր, երբ եկեղեցականը, մեկնելով իր իսկ վսեմ կոչումէն, պարտաւոր կ՛ըլլայ իր կարծիքը արտայայտել ազգը յուզող հարցերու մասին: Եկեղեցին` իբրեւ ազգին խնդիրներովը ապրող կենդանի օրկանիզմ, հարկադրաբար իր վրայ կ՛առնէ նաեւ հաւաքականութիւնը ազգային արժէքներու շուրջ համախմբելու գործառոյթ: Հայ եկեղեցին պարզապէս կրօնական հաստատութիւն չէ, որ կը զբաղի միայն ծիսակատարութիւններով, անիկա իր էութեամբը ազգային հաստատութիւն է, եւ երբ ազգային կեանքին մէջ կան երեւոյթներ, որոնք խոտոր կը համեմատին ազգային ընդհանուր շահերուն հետ, ուրեմն եկեղեցին հոն է, ուխտապահ եկեղեցականները հոն են մատնանշելու համար սխալները եւ ցոյց տալու համար ճիշդ ուղին: Եւ եկեղեցին ճշմարտապէս հոն էր, եկեղեցականները ու նախ եւ առաջ Բագրատ սրբազանը հոն էին` փողոցը, Դիմադրութեան շարժումին կողքին, երբ անհրաժեշտ նկատուեցաւ ո՛չ ըսել երկրին իշխանութիւններուն յանձնուողական եւ պարտուողական քաղաքականութեան:
Բագրատ արք. Գալստանեան: Երբ Հայաստանի յանձնուողական, պարտուողական, թշնամիներուն հետ համագործակցող իշխանութիւնները իրենց ապիկար քաղաքականութիւններուն հիմամբ, այսպէս կոչուած, սահմանազատման ու սահմանագծման հոլովոյթը սկսան Տաւուշի մարզէն` մեկնարկը յայտարարելով միակողմանի զիջումի հերթական արարին, որ Տաւուշի մարզէն չորս գիւղերու յանձնումն է Ազրպէյճանին, դարձեալ կը գտնենք Բագրատ արք. Գալստանեանը` սրբազան պայքարի պատնէշին վրայ:
Բայց այս անգամ այս ուխտապահ եկեղեցականը, իրաւամբ վաստկած հայ մարդոց անվերապահ սէրն ու համակրանքը, հանդէս կու գայ իբրեւ պարտուողականութեան եւ յանձնուողականութեան դէմ պայքարի հիմնական առաջնորդ: Պայքար` կեղծիքին եւ սուտին դէմ, որոնք տիրական էին անցնող տարիներուն ընթացքին: Պայքարը` հոգեւոր Հայաստանի համար, պայքարը` եռագոյնին համար, ընդդէմ սեւ ու սպիտակի միջեւ տարբաժանումին եւ պառակտումին:
Հայոց աշխարհի եւ հայ ազգի պատմութեան այս վճռորոշ պահուն Հայ եկեղեցին եւ հայ բարձրաստիճան եկեղեցականներն ու ի մասնաւորի Բագրատ սրբազանը մեծ պատասխանատուութիւն շալկած են իրենց ուսերուն վրայ: Ասիկա վերջին առիթն է շտկելու համար 44-օրեայ պատերազմէն ետք ծռած հայ ազգի ողնաշարը: Լիայոյս ենք, որ օրէ օր աւելի մեծ թափ հաւաքող ներկայ համահայկական սրբազան պայքարը իր նպատակին պիտի հասնի յաջողութեամբ` վերջնականապէս շրջելով պարտուողականութեան եւ յանձնումի էջը հայոց պատմութենէն: Աստուած օգնական մեր եկեղեցական առաջնորդներուն եւ պայքարի ելած հայորդիներուն: Այս պայքարը անպայման յաջողութեան պիտի հասնի, եթէ ՀԱՅ-ը, ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ը, ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը եւ ԱՍՏՈՒԱԾ ամէն ինչէ վեր դասենք:
Comments are closed.