Հայ Դատը պատերազմէն ետք. պահանջատիրութեան մայրամո՞ւտ, թէ վերադարձ դէպի սփիւռքեան ակունքներ

Խ. Տէր Ղուկասեան

Խորագիրը հաւանաբար ենթադրէ հարցում մը, որուն պատասխանը այնպէս ալ անորոշ մնացած է.* ի՞նչ էր Հայ Դատը պատերազմէն առաջ:

Հարցումին պատասխանի փնտռտուքը կ՚երկարի մինչեւ 19-րդ դարու աւարտ, երբ Հայկական Հարցը միջազգային յարաբերութիւններու օրակարգին կը դրուէր: Եթէ Հայ Դատը Հայկական Հարցի վերաձեւաւորումն է քսաներորդ դարուն, հետաքրքրական է իմանալ թէ ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ «խնդիր» իմաստով «Հարց» հասկացողութիւնը փոխարինուած է «Դատ» յղացքով: Հարցումը կրնայ զուտ իմաստաբանական (semantic) թուիլ, ինչ որ պատահականութիւն, որ նուիրականացած է գործածութեան ուժով եւ ժամանակի ընթացքին կենդանի երեւոյթի վերածուած: Սակայն, հաւաքական գործ մը իմաստաւորող որեւէ յղացք եւ իրմէ ծնունդ առած խօսոյթ պատմական հոլովոյթի մը մէջ տեղադրուած են, անով պայմանաւորուած են, եւ, հետեւաբար, ունին հասարակական թէ հոգեբանական պատճառահետեւանքային իրենց տրամաբանութիւնը: Եւ թերեւս այս է պատճառը, որ կենդանի գործի արդիւնքով կեանք առած «Հայ Դատ» յղացքին ընդհանրական եւ նուիրականացած յստակ սահմանում մը դժուար է գտնել, հակառակ անոր գտած լայն տարածումին եւ ինքնստինքեան հասկացողութեան:

Արա Գրիգորեանի Հայ Դատին նուիրուած բառարանինi մէջ, կը նշուի 1945-ին հիմնուած Comité de Defense de la Cause de l՚Arménie Turque ընկերակցութիւնը, ուր «Հայկական Հարցը» փոխարինուած է «Թրքահայաստանի Դատ» հասկացողութեամբ: Ընկերակցութիւնը նախաձեռնութիւնն է օրին այսպէս կոչուած «հայաստանասէր» միութիւնները համախմբող Union National Arménienne-ին եւ նպատակ ունեցած է Երկրորդ Աշխարհամատի աւարտին Սթալինի կողմէ Թուրքիայէն Կարսի եւ Արտահանի վերադարձի պահանջին զօրակցիլ: Այն շատ հաւանաբար հետեւանք է Սթալինէն փոխանցուած ցուցմունքի: Փաստօրէն, լուծուած է 1947-ին, երբ օրին Խորհրդային Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը յստակացուցած է թէ այդ հողատարածքները կը պահանջուէին Խորհրդային Վրաստանին կցելու համար… Ինչ որ Սփիւռքի մէջ Մոսկուայի համայնավար գործակալներուն դերակատարութեան վերջ կու տար:

1963-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 18-րդ Ընդհանուր Ժողովը որոշում կը կայացնէ աշխարհացրիւ հայ համայնքներու եւ միջազգային հանրային կարծիքին մօտ հայկական հարցի տարածումը եւ Ուիլսընեան իրաւարար որոշումին հիման վրայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան մը ունենալու իրաւունքը: Որոշման գործադրութեան համար 1965-ին կեանքի կը կոչուին Հայ Դատի Յանձնախումբերը, որոնց կարգին՝ Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Comité de Défense de la Cause Arménienne (CDCA), որ հինգ տարի ետք, 1970-ին, Ֆրանսայի 1901-ի Օրէնքի հիման վրայ պաշտօնապէս կը գրանցուի, որպէս նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը եւ 1915-ի Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդարահատոյցը: 1964-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, սպաներէն լեզուով, լոյս կը տեսնէ հայկական պահանջատիրութեան պատմական հոլովոյթի ամփոփ ներկայացման գրքոյկ մը Հայ Դատ խորագրով (La Causa Armenia), Լատինական Ամերիկայի Հայ Դատի Խորհուրդի Consejo Pro Causa Armenia para América Latina) նախաձեռնութեամբ: Իսկ 1965-ին Ուրուկուայի Խորհրդարանը կ՚ըլլայ աշխարհի մէջ առաջին խորհրդարանը՝ օրէնքի ուժով Ապրիլ 24-ը ճանչնալու որպէս «Հայ նահատակներու յիշատակման օր», Ուրուկուայը վերածելով աշխարհի մէջ առաջին երկրին ուր Ցեղասպանութիւնը օրէնքով կը ճանչցուի:ii

Ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարելիցը կրնանք նկատել անկիւնադարձ Հայ Դատի աշխատանքներու ծաւալման, ի հետեւումս երկու տարի առաջ այդ մասին ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովին առած որոշումին: Հայ Դատի աշխատանքներու ծաւալումը սկիզբ կու տար նաեւ Սփիւռքի քաղաքականացման, որ աւելի մեծ թափով եւ արագութեամբ զարգացաւ 1970-ական թուականներէն սկսեալ: Քաղաքականացումը հոս պիտի հասկցուի ի հակասութիւն այն «սպասման» իրավիճակին, որուն մէջ, Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ, իրենք իրենց որպէս Սփիւռք ճանչցան, կազմակերպուեցան եւ հայապահպանման մշակութային գործը առանցքային համարեցին Ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհի տարբեր գաղթօճախներու մէջ համախմբուած վերապրողներն ու իրենց յաջորդած սերունդը: Այդ «սպասման» մասին էր Աւետիս Ահարոնեանի վերջին բանախօսութիւնը 1934-ին Փարիզի մէջ, որուն ընթացքին ան կաթուածահար եղաւ. «Ժողովուրդ Հայոց, գիտակցի՛ր, որ սպասման վիճակ է այս: Հաւատա՛, որ պիտի վերադառնաս քո պապերի, արիարանց քաջերի երկիրը: Եկել ենք այստեղ չմնալու համար, եկել ենք վերադառնալու համար: … Հիւր ենք այստեղ: Ու դատ, դատաստան ունինք: Երկիր ունինք:»iii Եւ եթէ «սպասման» իրավիճակը կ՚ենթադրէր համայնքներու գիտակից ինքնամեկուսացումը իրենց շրջապատէն, Սփիւռքի քաղաքականացումը, ընդհակառակը, համայքները տեղադրեց համաշխարհային գործընթացներու ոլորտին մէջ, ծանօթ եւ հաղորդակից անոնց: «

Վաթսունականներու տասնամեակը հարուստ է քաղաքական եւ ընկերային իմաստով համաշխարհային մասշտապով եւ գաղափարախօսական յստակ ուղղուածութեամբ», կը գրէ Մարիօ Նալպանտեան անդրադառնալով այն ոլորտին, ուր Ուրուկուայի մէջ 65-ի Սերունդ անունով ծանօթ քաղաքական երիտասարդ դէմքեր բանալի դեր խաղացին Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակող օրէնքի վաւերացումը ապահովելու համար:iv

Յաջորդ տասնամեակներուն, Հայ Դատի աշխատանքները կեդրոնական դեր ունեցան Սփիւռքի երրորդ սերունդի քաղաքականացման գործին մէջ: Երրորդ սերունդի քաղաքականացումը ունեցաւ լայն շրջագիծ: Ընդգրկեց պատմական այդ ժամանակաշրջանի միջազգային բեմը յուզող ընկերային, քաղաքական թէ մշակութային գործընթացներու մասնակցութիւն առնուազն բանավէճի մակարդակով: Երրորդ սերունդը խզեց «սպասման» իրավիճակի մէջ գտնուելու հաւաքական հոգեվիճակին հետ, ինքզինք «հիւր» չնկատեց իր բնակած երկիրներուն մէջ եւ Հայ Դատի տեղը փնտռեց օրին ամենայառաջդիմական գործընթացներու ոլորտին մէջ, որպէս անբաժան մաս անոնց: Այս բոլորով հանդերձ, Հայ Դատի աշխատանքները ե՛ւ պայմաններու բերումով, ե՛ւ համակարգային յստակ սահմանափակումներու պատճառով, սկզբնական հողային պահանջատիրութենէն փոխադրուեցան Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդման դաշտ: Հողային պահանջատիրութիւնը չվերացաւ, սակայն հանգրուանային կարգով առաջնահերթային դարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Տեսականօրէն կարելի չէր ժամանակագրական թէ հանգրուանացման իմաստով յստակ ջրբաժաններ դնել ճանաչումի եւ հատուցման միջեւ: Սակայն իրողութիւն է որ ոճիրի ճանաչման գործընթացը ինքզինք պարտադրեց, եւ նոյնիսկ իր էութեամբ բարոյական այդ քայլը տալու դիմումը տարբեր պետութիւններու, հսկայ խոչընդոտներու դէմ յանդիման գտնուեցաւ երբ աշխուժանալու սկսաւ թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը նաեւ եւ մանաւանդ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ:

Ոչ-պետական դերակատարի մը կողմէ միջ-պետական յարաբերութիւններու համար խնդրայարոյց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջին յաջողութիւններուն հասնիլը՝ 1965-ին Ուրուկուայի մէջ քուէարկուած օրէնքէն սկսեալ մինչեւ ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Ենթայանձնախումբին մէջ թրքական ուրացման քաղաքականութեան առաջին ձախողութիւնը, որ եղաւ 1985-ին Պենճըմին Ուիթեքէրի տեղեկագիրի հետեւանքով, ապա Եւրոպական Խորհրդարանի որոշումը 1987-ին եւ անոր յաջորդած բոլոր մեծ ու փոքր յաջողութիւնները, Սփիւռքի քաղաքական դիմագիծը կերտեցին: Այսինքն՝ հայապահպանումով իր մշակութային ինքնութեան պաշտպանութեան գործէն յետոյ, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարահատոյցի Հայ Դատի պահանջատիրութի՛ւնն էր, որ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ Սփիւռքեան ինքնաճանաչման եւ եզակիութեան գիտակցութիւն կերտեց, եւ Սփիւռքը հաստատագրեց որպէս համաշխարհային եւ համաշխարհայնացած էթնիկ/ազգային դիմագիծով քաղաքացիական հասարակութիւն, իմա՛՝ ոչ-պետական դերակատար:

Հայ Դատի աշխատանքներու ծնունդն ու ծաւալումը Սփիւռքի մէջ եւ Սփիւռքի համար ապահովեց մասնագիտացման ոլորտներ եւ համաշխարհային ճանաչում, որ շատ հազուագիւտ է պետականազուրկ ազգային այլ հաւաքականութիւններու պարագային:

Ակադեմական ոլորտը նախ եւ առաջ, ուր տարբեր համալսարաններու մէջ գործող հայազգի պատմաբաններ ռահվիրաները եղան Ցեղասպանութեան պատմագիտական ուսումնասիրութեանց ծննդոցին ու ծաւալման: Իրենց այդ նախաձեռնութեամբ է որ ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումը ունեցաւ գիտական փաստագրական իր ենթահողը, այլ՝ հանդիսացաւ Ցեղասպանագիտութեան մարզը Ողջակիզումէն անդին տարածելու առաջին գործօններէն, եթէ ոչ հիմնականը ի մասնաւորի Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի համալսարական շրջանակներուն մէջ: Միաժամանակ, հայազգի պատմաբաններու արգասիքը եղաւ ուրացման քաղաքականութեան մերկացման եւ անոր մեքանիզմներու բացայայտման ճանաչողութեան ձեռք բերումը: Պատմագիտութեան ոլորտէն զատ, միջազգային իրաւունքն ու Հայ Դատի պահանջատիրութեան ծաւալման հետ զուգադիպաբար ծնունդ առած սփիւռքագիտութիւնը այն մարզերէն են ուր սփիւռքեան դէմքեր միջազգային հռչակ ու ճանաչում գտան, իրենք իրենց հաստատեցին որպէս հեղինակութիւն: Ակադեմական մարզը նաեւ այն աշխատանքային դաշտն էր, ուր ոչ-հայ մասնագիտական շրջանակներու եւ գիտնականներու հետ անհրաժեշտ փոխ-կապակցութիւն ստեղծուեցաւ:

Հայ Դատը ենթադրեց նաեւ քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ սորվելու, արդիականանալու եւ գործով փորձառութիւն ձեռք բերելու դեռեւս թերի ուսումնասիրուած գործընթաց մը, որոշ չափով նման այդ տասնամեակներուն ծնունդ առնող եւ համաշխարհայնացող ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ինչպէս Էմնըսթի Ինթըրնէյշընըլ, Կրինփիս եւ ուրիշներ: Այս բաղդատականը կարեւորութեամբ նշելը անհրաժեշտ է, որովհետեւ Հայ Դատի աշխատանքներով մասնագիտացած կազմակերպութիւններն ու գրասենեակները յաճախ կը բնութագրուին որպէս «լոպպիստական» ի հետեւումս հիւսիս ամերիկեան ժողովրդավարութեան ծիրին մէջ քաղաքականութիւն ընելու շատ իւրայատուկ ձեւի մը ժողովրդականացած բնութագրումի մը: Կը մնայ որ «լոպպիստական» են նաեւ այն կազմակերպութիւնները, որոնք զարգացուցած են յարաբերական մասնագիտութեան ոլորտ մը եւ ծանօթութիւններ զուտ շահաբերական նպատակներով: Մինչդեռ Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ մասնագիտացումը հիմնուեցաւ նախ եւ առաջ բարոյական սկզբունքներու եւ համոզումներու վրայ առաջացած ժողովրդային, այս պարագային՝ համայնքային, հատուածներու զօրաշարժի զօրակցութեան վրայ, ներառեալ նման թանկ աշխատանքի ֆինանսներու ապահովումը:

Յիշեցումը կարեւոր է նաեւ որովհետեւ տարբերութիւն մը կա՛յ շահադիտական նպատակներու հետամուտ քաղաքական յարաբերութիւններու մասնագիտացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան մակարդակով բարոյական նպատակներու հետապնդման համար քաղաքական յարաբերութիւններու մասնագիտացման միջեւ: Առաջիններու պարագային ձեռնարկութիւններն ու պետութիւններն են յաճախ իրենց յաճախորդները եւ ֆինանսները ապահովողները: Քաղաքացիական հասարակութեան զօրաշարժով իրենք երենց հաստատագրած քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ մասնագիտացած կազմակերպութիւններ եւ գրասենեակներ չեն կրնար պատուիրատուներ ունենալ: Այլապէս կը կորսնցնեն իրենց գոյապատճառը (raison d՚être):

Հայ Դատի աշխատանքներու քաղաքական յարաբերութիւնները չսահմանափակուեցան միայն պետական դերակատարներով: Ընդգրկեցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններ, ազատագրական շարժումներ, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու շրջանակներ… մէկ խօսքով յարաբերութիւններու ամբողջ ոլորտ մը որ միջ-պետական յարաբերութիւններու մէջ ծանօթ է որպէս «ժողովրդական դիւանագիտութիւն» (public diplomacy), որ զարգացաւ մասնաւորաբար 1990ականներուն եւ հիմա արդէն ընթացիկ գործընթաց է դիւանագիտական որեւէ ներկայացուցչութեան համար: Այս մատնանշումն ալ կարեւոր է գիտակցելու համար, որ քաղաքացիական հասարակութեան քաղաքական աշխատանքներու դաշտը, յաճախ շատ աւելի ընդարձակ եւ նուազ կաշկանդուած է քան պետական յարաբերութիւններու դաշտը, հակառակ պետութիւններու ունեցած միջոցներու գերազանցութեան:

Կարելի է տակաւին շարունակել Հայ Դատի պահանջատիրութեան ծաւալման գործընթացով առաջացած տարբեր մասնագիտացման ոլորտներու թուարկումը, ինչպէս օրինակի համար դրամահաւաք ու քարոզարշաւ, կամ անդրադառնալ կարողական այլ ոլորտներու որոնք կրնային ծնունդ առնել եւ աւելի կազմակերպուած իմաստով զարգանալ՝ վաւերագրական ժապաւէններ, շարժանկար, արուեստի մարզեր ընդհանրապէս, արխիւներու դասաւորում, Ցեղասպանութեան յուշահամալիրներ…

Հայ Դատի պահանջատիրութիւնն ու Սփիւռքի քաղաքականացումը Ցեղասպանութեան ենթարկուած, հայրենիք կորսնցուցած եւ պետականազուրկ, աշխարհացրիւ ազգային հաւաքականութեան մը համար պատմութեան կողմէ մոռացութեան մատնուելու եւ կորսուելու սպառնալիքը յաղթահարած եւ փոքր բայց վճռական յաջողութիւններով պատմութեան գիրկը վերադառնալու նոր էպոսին ծնունդ տուին: Այդ էպոսը տակաւին իր մանրամասնութիւններով չէ ուսումնասիրուած, չէ վերլուծուած: Եւ երբ սփիւռքագիտութեան մէջ գիտահետազօտական այդ ոլորտը բացուի ու հաստատագրուի, թերեւս հոն ծնունդ առնէ նաեւ Սփիւռքի քաղաքականացման տեսութեան մը, կամ տեսութեանց, բանաձեւման ու զարգացման մասնագիտական ճիգը՝ «Հայ Դատ» հասկացողութեան հիմնական սահմանումը: Կարելի՞ է, օրինակի համար, Հայ Դատի աշխատանքներու ծննդոցը համարել Հայաստանի Հանրապետութեան նոր ծնունդ առած արտաքին քաղաքականութիւնը, որ ընդհատուեցաւ Հայաստանի խորհրդայնացումով եւ իր միջազգային իրաւունքի ենթակայի իրավիճակի վիժումով:

Հայկական առաջին դիւանագիտական փորձերուն եւ միջազգային յարաբերութիւններու համաշխարհայնացման նախօրեակին ծնած ու զարգացած Հայ Դատի պահանջատիրութեան միջեւ այս մտամարզանքային կապը կրնայ խորհրդանշական ըլլալ: Բայց Սփիւռքի հաւաքական յիշողութեան մէջ պատմական գործընթացի վայրագ ընդհատումներու, իրարմէ խզուած ժամանակաշրջաններու վերամիացման խորհրդանշական փորձը չէ՞ր արդեօք, որ Սփիւռքին վերապրումի մղիչ ուժ, լինելութեան իրաւունքի գիտակցութիւն եւ իր ապագան կերտելու վճռակամութիւն տուաւ: Մի՞թէ հետաքրքրական չէ, որ Խորհրդային Հայաստանի բացարձակապէս խորհրդանշական իմաստ ունեցող ԱրտԳործ նախարար մը եղաւ, որ Ցեղասպանութեան պատճառ հանդիսացած փանթուրքիզմի ծրագրին մասին ուսումնասիրութիւն մը գրեց, երբ ամբողջատիրական կարգերու պայմանները քիչ թէ շատ արտօնեցին նման նախաձեռնութիւն: Ճոն Կիրակոսեան չէր կրնար իր թէզին հիման վրայ արտաքին քաղաքականութիւն մը ծաւալել միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ արդարահատոյց պահանջել: Սփիւռքը ըրաւ այդ մէկը Հայ Դատի պահանջատիրութեամբ, առանց պետական ոչ մէկ աջակցութեան կամ աշխատանքներու համադրումի: Թերեւս որովհետեւ Սփիւռքի քաղաքականացումը լռելեայն ենթադրեց նաեւ «պետութեան նման մտածել»ու նախանձախնդրութիւն: Եւ լռելեայն զարգացուց այն համոզումը, որ երբ ամբողջատիրական կարգերը վերանան, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ իր ազգային գերիշխանութիւնը վերագտած հայրենի անկախ պետութիւնը պիտի ստանձնէր այդ դերակատարութիւնը եւ պահանջատիրական պայքարը պիտի գտնէր իր զարգացման բնական հողը:

Իսկ ի՞նչ տրամաբանութիւն եւ տինամիզմ պիտի ունենար այդ պարագային Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներու ամբողջ համակարգը…

Հարցումը երբեք չմտածուեցաւ, չվերլուծուեցաւ եւ համապատասխան հեռանկարային խորհրդածութիւն երբեք տեղի չունեցաւ: Արցախի շարժման, ազատագրական պայքարի եւ Հայաստանի անկախացման ամբողջ գործընթացին մէջ: Հակառակ որ Անկախութեան Հռչակագրի գրութեան մէջ Ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան հարցը ընդգրկելու թէ դուրս ձգելու առաջին բանավէճը այն ժամանակ Հայաստանի անկախացման գործընթացի յառաջապահ Հայոց Համազգային Շարժումի ղեկավար շրջանակին մէջ առաջին ազդանշանը տուաւ դեռեւս 1989-90 թուականներուն՝ նոր ձեւաւորուող պետական մտածողութեան մէջ Հայ Դատի տեղը ոբոշելու անյարմարութեան (malaise) մասին: Հետաքրքրականօրէն այդ «անյարմարութեան» բացատրութեան եւ արդարացման հիմնական դերակատարները յաճախ սփիւռքահայեր են: Ժիրայր Լիպարիտեան, օրինակի համար, Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը ուղղակիօրէն համարեց խոչընդոտ պետականակերտումին եւ անյարիր, գրեթէ հակասական, պետական մտածողութեան,v որ պէտք չէ «հայդատականացնել» -ժխտական հնչեղութեամբ բանաձեւական նորարարում մը, որ շրջագայութեան մէջ դրուեցաւ յատկապէս հակադաշնակցական նկատառումներով, թէեւ, ենթադրաբար, միտք բանին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը անցեալին գամուած աշխարհահայեացքէ մը զերծ պահել է:

Անկախ Հայաստանի առաջին Նախագահի օրոք Ցեղասպանութեան հարցը պետական քաղաքական օրակարգին չդնելու որոշումը կոշտ եւ անկեղծ էր: Ինքն էր նաեւ, որ «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ» սկզբունքը բանաձեւեց եւ նուիրականացուց որպէս ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան արեւելում: Իրմէ ետք Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգիսեան չփոխեցին այդ արեւելումը, հակառակ անոր որ Ցեղասպանութիւնը դրին արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վրայ եւ թէեւ դանդաղ եւ ad-hoc, այնուամենայնիւ Հայ Դատի աշխատանքներուն հետ որոշ համագործակցութին սկսաւ: Այդ մէկը չբացառեց հետեւողական փորձերը թրքական կողմի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացներու՝ թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողով ըլլայ այդ թէ Փրոթոքոլներ: Նախաձեռնութիւնները եղան միակողմանի, առանց Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան համակարգի դերակատարներուն հետ սկզբնական համաձայնութեան, առանց ընդհանուր սկզբունքային հայեցակարգի մը բանաձեւման նախանձախնդրութեան: Սպասելիօրէն անոնք առաջացուցին ի մասնաւորի Սփիւռքի հակազդեցութիւնը: Երկու պարագաներուն ալ նախաձեռնութիւնները իրենց լրումին չհասան եւ օրուան իշխանութիւնները ետքայլ կատարեցին, թէեւ այդ միակողմանի զոյգ նախաձեռնութիւններու պարագային ալ փոխադարձ վստահութիւնը տուժեց:

Առանց ընդհանրական փոխ-հասկացողութեան մը Հայ Դատի պահանջատիրութեան շուրջ, պետականօրէն առնուած ամէն քայլ՝ ՄԱԿ-ի բեմէն յայտարարութիւն, Ցեղասպանութեան ոգեկոչում թէ Ուիլսընի գերեզմանի այցելութիւն՝ կը մնայ ձեւական, լաւագոյն պարագային՝ ինքնախաբէութիւն: Հարցականի չի դրուիր հայկական եւ ոչ մէկ քաղաքական ուժի կամ անձնաւորութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման անկեղծութիւնը: Խնդիրը պահանջատիրութեան բացառումն է, եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Անգարայի ուրացման քաղաքականութեան թէկուզ եւ ոչ-գիտակցաբար մեղսակցութեան ռիսկը: Թիւրիմացութիւն է, եթէ ոչ նպատակադրուած զրպարտութիւն, այն ենթադրութիւնը, որ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը կը բացառէ հայ-թրքական յարաբերութիւններ, «մաքսիմալիստ» կամ «ռըվանշիստ» է իր էութեամբ:

Այս բոլորով հանդերձ, պիտի նաեւ արձանագրել, որ 2010-ին յաջորդող հնգամեակն ու Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի պատրաստութեան հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութիւնը թերեւս որպէս նախընթաց ունէր միայն Արցախի ազատագրական պայքարը: Այնքան որ այդ տարիներուն ծնունդ առաւ միշտ առկախ մնացած ազգային ընդհանուր համաձայնութեան մը հիմնարար անկիւնադարձը, որուն ամենէն խորհրդանշանական իրագործումը եղաւ Հարիւրերորդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագիրը, իր տեսակով միա՛կ համահայկական փաստաթուղթը, որ միաժամանակ Հայ Դատի պահանջատիրութեան նոր հանգրուանի՝ արդարահատոյցի ազդանշանը կու տար:

Այդ յառաջընթացը, դժբախտաբար, շարունակականութիւն չունեցաւ: Գործնական իմաստով Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը մնաց հիմնականօրէն Սփիւռքի օրակարգ, մինչ Հայաստանի մէջ ներքաղաքական զարգացումները, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմով արտաքին սպառնալիքի առկայութեան ազդանշանը, եւ իշխանութեան վրայ գտնուող ուժին կողմէ առաջնահերթային մտահոգութիւն դարձած օլիկարգային տնտեսա-քաղաքական համակարգի ինքանահպանման եւ վերարտադրման ճիգերը որոնց հետեւանքով ընկերային անարդարութիւնը սրեցաւ եւ ժողովուրդին մօտ աճեցաւ իշխանութեան նկատմամբ ցասումը, երկրորդական եւ երրորդական մակարդակի դասեցին Համահայկական Հռչակագրի գործնականացումը: ԱրտԳործ Նախարարութիւնը, այո՛, ՄԱԿ-ի շրջանակներու մէջ դիմեց ողջունելի նախաձեռնութիւններու ցեղասպանութիւններու նախատեսման համաշխարհային ճիգերու կարգին, դժբախտաբար առանց նախանձախնդիր ըլլալու որ այդ նախաձեռնութիւնները Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան աշխատանքներուն հետ համակարգուին եւ քայլ առ քայլ առաջանալով ծնունդ տան այն հիմնական հայեցակարգին որուն ակնարկուեցաւ աւելի վեր:

Թէ ինչո՛ւ Համահայկական Հռչակագիրը կեանքի չկոչուեցաւ քննադատական հայեացքով հանրային քննարկումի այլ թեմայ մըն է, որ Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան ղեկավար շրջանակներ երբեք օրակարգի չդրին: Վարկածի կարգով միայն նշենք, որ այն կրնար եւ հետեւանք կամ ախտանշան ըլլալ դարձեալ Հարիւրերորդ Տարելիցին սպասուած յայտարարութեան որ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը պիտի փոխադրէր աւելի համակարգուած մակարդակի Ազգային Ժողովէն ներս սփիւռքեան ներկայացուցչութեան հայեցակարգի թէ համահայկական խորհուրդի մը առաջացման տեսքով: Այդ մէկը տեղի չունեցաւ, ինչ որ եւ թերեւս կը յուշէ, որ ոչ միայն Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը այլ Սփիւռքը ընդհանրապէս ՀՀ քաղաքական օրակարգին վրայ անյարմարութիւն մըն է…

Այս բոլորը անշուշտ déjà vu է, բազմիցս գրուած եւ յուշուած է այս մասին, եւ անոնց վերյուշումը ոչ միայն ձանձրացուցիչ է, այլ թերեւս ազդանշան որ նոյնիսկ Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան շատ աւելի համակարգուած եւ յստակ ուղղուածութիւն տալու նախանձախնդրութիւնը կամ բացակայ է, կամ ալ անելի մատնուած: Աւելի՛ն, Սփիւռքի օրակարգը, անկախ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու տրամաբանութենէն, ուր եւ միշտ զետեղուած է երբ Սփիւռքի մասին ի մասնաւորի քաղաքական տեսանկիւնէ մտածելու խնդիր դրուած է, ինքնուրոյն ձեւով չէ դրուած հակառակ 21-րդ դարու սկիզբին շատ համայնքներու մէջ կազմակերպական նոր ձեւաչափերու եւ նոր տինազմի փաստերը չեն պակսիր: Ոչ ալ՝ Սփիւռքի մասին գիտական հետաքրքրութեան յաւելումը, եւ, ամենէն կարեւորը՝ Սփիւռքի կարիքներուն հասնելու մեթոտներու նորարարման ծրագիրները: Փաստօրէն, կան Հայ Դատի պահանջատիրութեան աշխատանքներ, կայ սփիւռքեան գործընթաց մը, որ կը շարունակուին, եւ ինչ որ կը պակսի Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ Սփիւռքի մասին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններէն դուրս եւ առանց անոնց տարբեր պայմանաւորումներու մտածելու, տեսական թէ գործնական միտք արտադրելու Սփիւռքեան Նախագիծն է, իրարմէ անջատ սփիւռքեան մտաւորական, կազմակերպական թէ քաղաքական աշխատանքի գործընթացները տեսականօրէն թէ գործնականօրէն համակարգելու հաւաքական կամքը:

Այս déjà vu-ի կրկնութիւնը յօդուածի սկիզբէն մինչեւ հոս սակայն ինքնանպատակ չէ: Ինքնագիտակցութեան հրաւէրի անհրաժեշտ քայլ մըն է՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու համար այն Վտանգին -այսպէս՝ գլխագիր, ի հետեւումս Վահէ Օշականի նոյն խորագրով Սփիւռքը ահազանգային զգուշաւորութեան հրաւիրող յօդուածին որ լոյս տեսած է ի շարս այլ թերթերու Փարիզի Կամք-ին (շատոնց աստ հանգչի…) 3 Մայիս 2000 թուականի համարին մէջ- որ քառասունչորսօրեայ պատերազմի նուաստացուցիչ պարտութեամբ վերակենդանացաւ եւ Փրոթոքոլներէն շատ աւելի ռէալ, շատ աւելի խորամանկ ազգային լինելութեան սպառնալիքի կրնայ վերածուիլ: Այսպէս, մինչ ամբողջ պատերազմի տեւողութեան հայրենի իշխանութիւնները աշխարհով մէկ ահազանգ հնչեցուցին նոր ցեղասպանութեան մը սպառնալիքի մասին, յետ-պատերազմեան այս հանգրուանին ինչ որ կ՚ընեն արդէն թրքական ուրացման քաղաքականութեան հայկական հանդուրժողականութեան օրինականացումն է, «լեգիդիմացում»ը աւելի ճիշդը՝ յստակացնելու համար գաղափարը եւ այն չշփոթելու համար օրէնքով հաստատագրման նախաձեռնութեան մը հետ:

Պատեհապաշտութիւն, ապիկարութիւն, քաղաքականութիւնը PR-ի հետ շփոթելու մանկամտութիւն եւ ընկերային ցանցերով «ժողջան» ուղղակի ժողովրդավարութեան բեմականացման հիւանդագին մոլութիւն (addiction), թէ՞ խաղաղասիրութեան մասին, ազգայնականութեան դէմ եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը նսեմացնող աշխարհահայեացքի մը հիման վրայ քաղաքականութիւն՝ այնքան ալ կարեւոր չէ: Ուրացման հայկական հանդուրժողականութիւնը պիտի տեսնել Ցեղասպանութեան յիշատակման ամէն տեսանելի ծիսակատարութիւն ամենէն դերասանականօրէն չափազանցուած բեմականացումներով կատարելու զուգահեռ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները «շտկելու» նպատակով Ցեղասպանութեան ուրացման ամենէն բացայայտ արարքներուն մասին լուռ մնալու վարքագծին թէ քաղաքական որոշումին մէջ: Այդ լռութիւնը նախապատրաստութիւնն է Զանգեզուռի վրայով Նախիջեւանն ու Ազրպէյճանը իրարու միացնող ճանապարհի համաձայնութեան: Անկէ յետոյ արդէն «Հայոց Պատմութեան Աւարտը», Հայաստանի ու հայութեան լինելութեան, եւ, հետեւաբար, Հայ Դատի պահանջատիրութեան, իմաստազրկումը, եւ մինչեւ իսկ զանգուածային «կը հրաժարիմ հայութենէ» երեւոյթ մը, կրնան իրականութիւն ըլլալ: Այդ սենարիոյով, Հայաստանը կը վերածուի Արարատեան դաշտ, Էջմիածին, Սեւանայ լիճ, Դիլիջան, Գիւմրի սահմաններով յատկանշուող եւ միջազգային իմաստով անկարեւոր հողատարածքի մը, հազիւ երկու միլլիոն հաշուող սպառողներու ոչ այնքան հետաքրքիր շուկայի մը, ուր «առաջին քրիստոնեայ պետութեան» վկայ Էջմիածինը եւ Ցեղասպանութեան թանգարան յուշահամալիրը կրնան քաշողական ըլլալ թերեւս զբօսաշրջիկութեան համար: Թրքական ուրացման հայկական հանդուրժողականութիւնը ուղի կը հարթէ Ցեղասպանութեան մէջ զոհի ու դահիճի գլխիվայր շրջադարձման, որուն քաղաքական կառուցումը արդէն ընթացք առած է թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութեամբ: Մղձաւանջային հեռանկարը երկու ցեղասպանութիւններու «այլ-ճշմարտութեան» (alt-truth) հաստատագրումն է:

Այս սենարիոյով «Հայոց Պատմութեան Աւարտ»ի ահազանգը արդէն հնչեցուցին Փրոթոքոլները: Քառասունչորսօրեայ ատերազմէն եւ պարտութենէն յետոյ աւելի տկարացած Հայաստանը առ աւելի խոցելի դարձած է: Պետական հաստատութիւններէն միայն ԱրտԳործ Նախարարութիւնն է որ ատեն-ատեն կ՚ազդարարէ, որ ինչ որ տեղ մը թրքական սպառնալիքի գիտակցութիւնն ու անոր դիմադրելու անհրաժեշտութեան ազգային առողջ բնազդը չէ մահացած տակաւին: Եւ, անշուշտ, կը մնայ յուսալ, որ ընկերատնտեսական ահաւոր կացութեան առջեւ գտնուող հայրենի ժողովուրդին մէկ կարեւոր հատուածը դուրս գայ պատերազմի «շոք»էն եւ անդրադառնայ, որ այդ «շոք»ը կրնայ շնականօրէն շահարկուիլ նեղ-հատուածական քաղաքական կամ մեծ կապիտալի շահամոլական նպատակներով:

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի նախօրեակին, Հայ Դատի պահանջատիրութեան ծննդոց Սփիւռքը պիտի անդրադառնայ թրքական ուրացման հայկական հանդուրժողականութեան դիմադրութեան հրամայականին, Փրոփոքոլներու ժամանակ հնչած «Ոչ, հազար անգամ ոչ»ի աւելի ուժգին վերակենդանացումին որպէս առաջին քայլ՝ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը վերադարձնելու դէպի իր ակունքը, դէպի Սփիւռք՝ բացառելու համար Սփիւռքի ապաքաղաքականացումը: Այդ կը նշանակէ տարբեր գործընթացներով պատասխան տալ յօդուածին ծնունդ տուած «ի՞նչ է Հայ Դատը» հարցումին՝ իր բոլոր ենթաթեքսթերով հաստատագրելու համար աշխատանքային դաշտ մը, որուն տէրը Սփիւռքն է: Զուտ մտամարզանքային նախանձախնդրութիւն չէ այս, այլ՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ արդարահատոյցի առաջնահերթային պահանջատիրութեան նախաձեռնութիւններու համապարփակ համակարգումի միտող աշխատանքային դաշտի ստեղծում:

Սխալ պիտի ըլլայ վերադարձ դէպի Սփիւռք այս նախանձախնդրութեան պատճառը բացառաբար բնորոշել ԻմՔայլականներու իշխանութեան վրայ գտնուելու իրողութեամբ կամ Նիկոլականութեան մերժումով: Այդ մէկը թակարդ մըն է ուր Հայ Դատը, եւ Սփիւռքը ընդհանրապէս, պէտք չէ իյնայ, այլապէս կրկին պիտի ձախողի իր քաղաքական ինքնութիւնը ինքորոյն ձեւով մտածելու եւ սահմանելու մարտահրաւէրը յաջողութեամբ դիմագրաւել: Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը պիտի տարանջատել պետական քաղաքականութեան տրամաբանութեամբ պայմաւորումէն, չկաշկանդուիլ «հզօր պետականութեան» ֆեթիշացումով եւ գիտակցիլ Սփիւռքի նման ազգային բնոյթով համաշխարհայնացած քաղաքացիական հասարակութեան մը հաւաքական զօրաշարժի մրցակցային մեծ առաւելութեան՝ Հայաստանի նման փոքր երկրի մը դեռեւս չկայացած տկար պետութեան մը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ դիմագրաւած սահմանափակումներուն բաղդատած:

Այս մէկը ոչ հայրենիքի ժխտում է, ոչ ալ իր կայունութեամբ հզօր թէկուզ եւ փոքր պետութեան մը կենսական կարեւորութեան ազգային լինելութեան համար: Ընդհակառակը, ինչ որ անհրաժեշտ է նոյն այդ պետութեան կողմէ Սփիւռքի ռազմավարական կարեւորութեան գիտակցումն է, եւ ըստ այնմ արժեւորումը ազգային շահերու բնորոշման պահուն: Մինչեւ հիմա այդ ռազմավարական կարեւորութիւնը շահարկուած է նեղ-քաղաքական նպատակներով եւ գրեթէ բացառաբար հրապարակային յայտարարութիւններով, որոնք կը ձգտին Սփիւռքի ինքնասիրութիւնը շոյել եւ ամրապնդել ֆեթիշացած պետականութենէն կախուածութեան հոգեբանական ենթակայութեան բարդոյթ մը: Անկախութենէն ի վեր հաստատագրուած այդ գիտակից թէ ենթագիտակից պետական վարքագիծը այսօր շատ աւելի շեշտաւորուած է Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի մօտեցումով, ընդ որում Սփիւռքը կը բնորոշուի որպէս անհատներու գումար եւ ուրեմն կը կարեւորուի ենթականերուն ներգրաւումը: Միայն երբ պետութիւնը լիարժէք ընդունի Սփիւռքի ռազմավարական կարեւորութիւնը այն ժամանակ թերեւս կարելի ըլլայ համագործակցութեան տարբեր հայեցակարգերու շուրջ համաձայնութիւններ գոյացնել եւ սկսիլ ազգային քաղաքական համարկումի եւ փոխ-ամբողջացման գործընթաց մը, վերջ տալ Հայ Դատի պահանջատիրութեան «անյարմարութեան» պետական օրակարգին վրայ, թէկուզ եւ գիտակցաբար ընդունելով գործնական իմաստով անհրաժեշտ սահմանագծումներ:

Մինչ այդ, ինչպէս Քլեմանսօ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին ըսած է զինուորականներու մասին, Սփիւռքը պիտի գիտակցի, որ հայութեան համար Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը շատ կարեւոր է այն վստահելու համար պետական քաղաքականութեան տրամաբանութեան:

** Յօդուածի գրառումէն առաջ մտքերու փոխանակում ունեցայ Կարօ Արմէնեանի հետ, որուն դիմեցի խնդրելով որ պարզաբանէ թէ ինչպէ՞ս առաջացած է Հայ Դատ հասկացողութիւնը: Մտքերու այդ փոխանակումին շատ բան կը պարտիմ այս գրութեան համար:

i Ara Krikorian, Dictionnaire de la Cause Arménienne, Créteil : EDIPOL, 2002.

ii Օրէնքի ընդունման ամբողջ գործընթացին մասին տեսնել՝ Gerardo Caetano, Salvador Neves, Mauricio Rodríguez, La Causa Armenia entre el Ararat y Uruguay. Historia de un reconocimiento, Montevideo: Hrayr Maroukhian Foundation, Fundación Zelmar Michelini, 2020.

iii Վարդգէս Ահարոնեան, «Աւեստիս Ահարոնեան. կեանքը և գործը», Աւետիս Ահարոնեան, Ժողովածու երկերի Ա հատոր, Պոսթոն, տպարան Հայրենիք, 1947, էջ 69:

iv Mario Nalbandian, “Ya nada volvería a ser igual”, en Caetano et al., Op. Cit., p. 23.

v Gerard J. Libaridian. The Challenge of Statehood. Armenian Political Thinking Since Independence. Watertown, Massachusetts: Blue Crane Books, 1999.

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.