«Հայք» քառեակի Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած բացառիկ համերգը

Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ, համագործակցութեամբ Թամար Փանոսեանի «Աղբիւր» հիմնարկին հետ, տեղի ունեցաւ «Հայք» Վոքալ քառեակի համերգը, նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին:

Համերգի բացումը կատարուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող հազուագիւտ լուսանկարներու, իրեն նուիրուած արուեստի գործերու եւ յուշարձաններու լուսանկարներու ցուցադրութեամբ, ինչպէս նաեւ համերգին ընթացքին պաստառին վրայ ցուցադրուեցան օրուան յայտագրին մաս կազմող կոմիտասեան բոլոր երգերուն բառերը:

Համերգի առաջին բաժնով հանդէս եկաւ «Հայք» քառեակի հիմնադիր, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ երգչախումբի խմբավար արուեստագիտուհի Յասմիկ Գասպարեանը «Քուն եղիր, բալաս» մեներգով: Անկէ ետք դաշնակի վրայ հերթաբար նուագով հանդէս եկան «Փոքր Հայք» մանկապատանեկան համոյթի անդամներ՝ հետեւեալ կարգով. Կոմիտասի «Մանկական նուագներ-1,2,3»ը՝ Անի Սոֆի Քէօսէեան, «Մանկական նուագներ-8,9,10»ն՝ Ադրիան Ղազարեան, «Մանկական նուագներ-11,12,13»ը՝ Ասթրիտ Լէոնա Ռէճէպեան:

Համերգին յաջորդ բաժինը կ’ընդգրկէր «Դու հարցնո՞ւմ ես», «Երջանիկ ճանապարհորդութիւն», «Գիշերերգ» երգերու գերմաներէն եւ «Ձա՛յն տուր, ով ծովակ» երգին մեկնաբանութիւնը՝ բացառիկ կատարողութեամբ եւ թռիչքային ձայնով սոփրանօ Յասմիկ Գասպարեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ վաստակաւոր դաշնակահար Խաչատուր Ղազարեանի:

Ելոյթին առաւել փայլք տուաւ 2017-ի Օգոստոսին հիմնուած «Փոքր Հայք» մանկապատանեկան վոքալ համոյթը, որ հանդէս եկաւ «Մանկական աղօթք», «Էս առուն ջուր է գալի», «Սարէն կու գայ ջուխտմ ղոչ», «Էսօր Ուրբաթ է», «Ջուր կու գայ վերին սարէն», «Երեւան բաղ եմ արել», «Սեւ ա չոպանի շունը», «Զար զընգը» երգերով, ինչպէս նաեւ՝ «Կաքաւի երգ»ով, ընկերակցութեամբ Սուսաննա Արմաղանեանի՝ սրինգով եւ Ադրիան Ղազարեանի՝ քսելոֆօնով: Ապա հնչեցին երկու նուագակցութիւններ՝ «Ալ այլուղս» կատարողութեամբ Սուսաննա Արմաղանեանի՝ սրինգով եւ Խաչատուր Ղազարեանի՝ դաշնակով եւ «Գարուն ա»՝ Խաչատուր Ղազարեանի դաշնակով: Ակներեւ էր երեխաներուն լրջօրէն հետեւողութիւնն ու լաւագոյնը ներկայացնելու պատրաստակամութիւնն ու ճիգը: Ուշագրաւ էր նաեւ անոնց բարձրորակ եւ ճշդապահ կատարողութիւնը՝ ղեկավարութեամբ խումբի հիմնադիր եւ խմբավար արուեստագիտուհիին: Նման ձեռնարկութիւններ մեծ դերակատարութիւն ունին մեր նոր սերունդի կրթադաստիարակչական, մշակութային դաստիարակութեան եւ մեր հանճարներու ու մշակութային աւանդի ծանօթացման գործընթացին մէջ:

Համերգին աւարտական բաժնով բարձր կատարողութեամբ հանդէս եկաւ «Հայք» վոքալ քառեակը՝ իր չորս անդամներով. Յասմիկ Գասպարեան՝ սոփրանօ, Գարին Թօփալեան՝ ալթօ, Արի Ակներեան՝ թենոր, Աւետիս Սալիզեան՝ պաս: Քառեակը մեկնաբանեց «Տէր Ողորմեա», «Սուրբ, Սուրբ»՝ որ առաջին անգամ ըլլալով Գանատայի մէջ հնչեց գերմաներէնով, «Առաւօտ լուսաբեր», «Մայր Արաքսի ափերով», «Հայրիկ, հայրիկ, քո հայրենիք», «Քելեր, Ցոլեր», «Սարերի վրով», «Երի, երի, երի ջան», «Ալագեազ», «Խնկի ծառ», «Ծաղիկ ունեմ նարնջի», «Շախկր-շուխկր», եւ «Ոհ, ինչ քաղցր բան» երգերը: Քառեակին կատարողութեամբ հարազատօրէն հնչեցին Կոմիտասէն որպէս թանկագին ժառանգութիւն մեզի հասած ժողովրդային, դասական ու հոգեւոր երաժշտութիւնը՝ անգամ մը եւս մեզի անդրադարձնելով, թէ կոմիտասեան ու իրմով պահպանուած հայ մշակոյթը չի շիջիր, այլ ընդհակառակը՝ յամառ աշխատանքով եւ հայ արժէքներուն հանդէպ ցուցաբերուած նախանձախնդիր ոգիով եւ նուիրուածութեամբ տակաւի՛ն կ’ապրի ու պիտի գոյատեւէ հայ մշակոյթը:

Յայտագրի աւարտին «Հայք» վոքալ քառեակը եւ «Փոքր Հայք» մանկապատանեկան համոյթը վայելեցին ժողովուրդին ջերմ եւ յոտնկայս ծափահարութիւններն ու բարձր գնահատանքը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.