Հայոց ձորի ճակատամարտի 4510-ամեակ. Հայկի յաղթանակը բռնակալ Բելին դէմ
Բաց նամակ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, ՀՀ եւ Սփիւռքի հասարակական, քաղաքական բոլոր կազմակերպութիւններուն
Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, այս տարի կը լրանայ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակը եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակը: Այդ իրադարձութիւններուն մասին յաճախ կը խօսուի, սակայն, հազուադէպ բացառութեամբ, ոչ մէկ խօսք չ’ըսուիր, որ այս տարի կը լրանայ նաեւ Հայոց ձորի ճակատամարտի 4510-ամեակը: Յայտնի է, որ այդ ճակատամարտին Ն.Ք. 2492 թուին Նաւասարդի 1-ին (Օգոստոս 11/23) Հայկ Նահապետը փայլուն եւ վճռական յաղթանակ տարած է Բելի (Նեբրովթի, Մեսիլիմի) վրայ եւ հնարաւորութիւն ունեցած է կարգաւորելու իր երկրի պետական եւ քաղաքական վիճակը, փաստօրէն հիմնադրեր է հայկական պետականութիւնը: Միթէ՞ զարմանալի չէ, որ խօսելով Երեւանի հիմնադրման եւ առաջին հանրապետութեան ստեղծման տարեդարձներուն մասին, լռութեան կը մատնուի այնպիսի դարակազմիկ իրադարձութիւն, ինչպիսին է Հայկական պետականութեան հիմնադրումը, որ մեծ նշանակութիւն ունի ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ համաշխարհային պատմութեան համար:
Հայոց ձորի ճակատամարտին մասին հայ եւ օտարազգի պատմագիրներու տեղեկութիւնները խորհրդային ժամանակաշրջանին առասպել կը նկատուէին, կամ լաւագոյն պարագային, կը համարուէին Ուրարտուի եւ Ասուրա-բաբելական թագաւորութիւններու միջեւ պատերազմներու, հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացի արձագանքներ, իսկ Հայկական պետութեան պատմութիւնը կը սկսէր Ուրարտուի անկումէն ետք:
Այս վերջին միտքը մեծ հաճոյք կը պատճառէ Անդրկովկասի արեւելքի մասը ծուարած թուրքերուն, որոնք առիթ չեն փախցներ նշելու, որ հայերը իրենց պատմութիւնը կը սկսին Ն.Ք. 6-րդ դարէն:
Մինչդեռ արդէն իսկ խորհրդային ժամանակաշրջանին եւ, այնուհետեւ, անկախ Հայաստանի Հարապետութեան շրջանին, կասկածելի գաղափարախօսութիւններէն զերծ, սթափ մտածող գիտնականները ապացուցեցին, որ Հայաստանի պատմութիւնը չի սկսիր Ուրարտուի անկումէն ետք, այլ՝ շատ աւելի կանուխ ժամանակաշրջանի, եւ որ Ուրարտու անուանումը Հայաստանի անվանումներէն մէկն է:
Հայոց ձորի ճակատամարտի տարեթիւին մասին կան տարբեր կարծիքներ. զայն կը տեղադրեն Ն.Ք. 3500 թուականին, Ն.Ք. 2650 թուականին, Ն.Ք. 2107 թուին եւ այլն, սակայն շատ ուսումնասիրողներ ապացուցած են, որ Հայոց ձորի ճակատամարտը տեղի ունեցած է Ն.Ք. 2492 թուին: Այդ ճակատամարտը փաստեց, թէ Ն.Ք. 28-րդ դարուն արդէն իսկ սկսած հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացի աւարտը եւ ապացոյց էր հայ ժողովրդի համախմբուածութեան, որուն միշտ կ’ակնարկուի որպէս Հայաստանին սպառնացող վտանգներու ժամանակ:
Արդ, ի՞նչը կը խանգարէ ընդունելու այդ թուականը իբրեւ Հայոց պետականութեան հիմնադրման թուական եւ նշելու զայն այս տարի: Օտարներու կարծի՞քը: Ինչո՞ւ պիտի օտարները որոշեն Հայոց պատմութեան սկզբնաւորման ժամանակը եւ ընդհանրապէս հայոց պատմութիւնը:
Հայ ժողովուրդն է իր պատմութիւնը կերտողը եւ հայ ժողովուրդը ինքը պիտի գնահատէ իր պատմութեան կարեւորագույն իրադարձութիւնները: Հայ ժողովուրդը պատահաբար չէ, որ կը կոչուի Հայկի անունով եւ իր երկիրը պատահաբար չէ, որ անուանուած է Հայաստան, Հայք, այլ գիտակցեր է Հայոց ձորի ճակատամարտին նշանակութիւնը եւ Հայկ Նահապետի դերը:
Կը պատկերացնէ՞ք, թէ ի՛նչ կ’ընէին հին պատմութիւն չունեցող եւ տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու պատմութիւնը իւրացնելու եւ կեղծելու միջոցով պատմութիւն ստեղծող որոշ հարեւաններ, եթէ ունենային նման հնարաւորութիւն, ինչպիսին ունին հայերը: Անոնք տիեզերքով մէկ կը շեփորահարէին այդ պարագան:
Իսկ հայերը, ունենալով իրական պատմութիւն, որ արտայայտուած է հայ եւ օտարազգի բազմաթիւ գրաւոր սկզբնաղբիւրներու մէջ եւ նիւթական մշակոյթի յուշարձաններով, պէտք է յարգեն իրենց պատմութիւնն ու նշեն կարեւոր իրադարձութիւնները:
Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, կոչ կ’ընեմ եւ համոզուած եմ, որ բոլոր հայերը այդ կը ցանկան, որ 2018 թուականի Օգոստոս 23-ին Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահը շնորհաւորէ հայ ժողովրդը՝ Հայկական պետականութեան հիմնադրման 4510-ամեակին առթիւ:
Այս մէկը հրաշալի առիթ է ոչ միայն բարձրացնելու հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին, այլ նաեւ յարգանքի տուրք կ’ըլլայ Ն.Ք. 2492 թուականէն մինչեւ այսօր Հայաստանի ազատութեան ու անկախութեան համար զոհուած մարտիկներու, Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին:
«…Կը կարծեմ, թէ խելացի մարդոցմէ ոչ ոք կը հակադրուի…»
(Մովսես Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Ա, Զ):
Յարգանքով՝
Սեդրակ Կրկեաշարեան
Հայկական հանրագիտարանի աւագ գիտական խմբագիր (1972 – 1992)