Հայեցի կրթութիւն – Գ. Դասագիրք
Այս մոգական բառը այստեղ պիտի դրուի իր ամենէն լայն իմաստով եւ ունենայ բազմաթիւ պատկերացումներ՝ մեր գիտցած գրքի մը հասկացութենէն անդին։
Առաջին հերթին պէտք է անդրադառնանք, որ առանց կրթական ծրագրի չիք դասագիրք։ Անիկա տեսական, օդէն կախուած բան մը չէ, այլ յստակօրէն մտածուած, բանաձեւուած ծրագրի մը գործադրութեան միջոցն է, միջոցներէն մէկը, գլխաւո՛րը՝ եթէ կ՚ուզէք։ Նաեւ պարզապէս գիրք մը չէ, գրքերու շարք մըն ալ չէ, այլ ուսումնական ամբողջ համակարգ մը, որ կ՚ընդգրկէ ի միջի այլոց՝
– Գիրք, աւելի ճիշտ՝ գրքերու շարք, աշակերտի գրաճանաչութեան առաջին փորձերէն մինչեւ նախակրթութեան աւարտը՝ մինչեւ գոլեժի կամ համալասարանի մուտքը.
– Համակարգչային յայտագիր մը, գրքի բովանդակութիւնը ամրապնդող, հարստացնող, ընդլայնող ու խորացնող՝ դէպի հետաքրքրութեան աւելի լայն ու խորունկ ոլորտներ.
– Վարժութիւններու տետրեր կամ համակարգչային յարմարանքներ՝ որոնցմով աշակերտը սորվածները պիտի կիրարկէ.
– Ընթերցանութեան այլ աղբիւրներ՝ տպագրուած թէ առցանց.
– Խաղեր, մրցոյթներ եւ այլ միջոցներ՝ բոլոր տարիքներուն համար՝ նոյնպէս ամրապնդելու համար սորվածները.
– Ուսուցիչին համար դասաւանդման թէ քննութեան ուղեցոյցներ։ Ասիկա կենսական է, որովհետեւ ուսուցիչները կրնան փոխուիլ, սակայն դասաւանդման եղանակներն ու քննութիւնները պատրաստելու ձեւերը պէտք է պահեն որոշ կայունութիւն մը ու բարեփոխուին ըստ կարիքի եւ ոչ ըստ անձերու նախասիրութիւններուն կամ կարողութիւններուն։
Նկատի առնելով, որ Սփիւռքի մէջ օտար լեզուներու բաղդատմամբ հայերէնով դասաւանդուող նիւթերու յատկացուած ժամերը նուազ են, այդ նիւթերը ամբողջովին համադրուած պիտի ըլլան դասագրքին կամ դասագրքերուն մէջ, այնպէս, որ պատմութեան, մշակոյթի թէ կրօնի դասերը պիտի ծառայեն նաեւ լեզուին տիրապետելու համար, իսկ փոխադարձաբար լեզուի դասերը՝ այդ նիւթերուն։ Սա կը նշանակէ նաեւ, թէ լեզուական նոյն մակարդակով ու բծախնդրութեամբ պատրաստուած պիտի ըլլան բոլորը։
Դասագիրքը ու յարակից միջոցները լեզուի պարագային պիտի ձգտին ոչ միայն ճիշտ գործածել սորվեցնել, այլ հայերէնի համը պիտի տան, հայերէնը սիրցնեն, գեղեցի՛կ հայերէն սորվեցնեն՝ բանաւոր թէ գրաւոր։
Տակաւին, լեզուի հմտութիւնը զուգահեռ պիտի ընթանայ օտար լեզուներու հմտութեան հետ, բառապաշարը՝ համազօր, մանաւանդ այն բառապաշարը, որ աշակերտները պիտի գործածեն իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, խաղի թէ առտնին յարաբերութիւններու ընթացքին։
Բոլոր այս յարմարութիւնները ներկայացնելէ զատ, դասագրքերը պիտի ըլլան ակնահաճոյ, ճաշակով էջադրուած, իրենց տեսքովն իսկ աշակերտը առինքնող։ Բայց տեսքը անմիջականօրէն բովանդակութեան առնչուած պիտի ըլլայ, եւ ոչ պարզապէս անկապակցօրէն գունաւորուած ու խայտաբղէտ։
Այս ըսուածներէն կրնանք հետեւցնել, թէ դասագիրք պատրաստելը շատ մասնագիտական գործ է, ոեւէ մէկուն գործը չէ, ու չի բաւեր ունենալ միայն լեզուի հմտութիւն, չի բաւեր լաւ ճանչնալ մեր գրականութիւնն ու հրապարակագրութիւնը։ Դասագրքի հեղինակը նաեւ ու թերեւս ամենէն առաջ պէտք է ճանչնայ աշակերտին ներաշխարհը, հետաքրքրութիւններու ծիրը, շրջապատէն ու արդի յարմարանքներէն կրած ազդեցութիւնները, ունեցած դժուարութիւններն ու զրկանքները (օրինակ ոչ-հայախօս ծնողք, օտար ծնողք) եւ այլն, ինչպէս նաեւ իր գործածած այլ լեզուներով պատրաստուած դասագրքերը։ Այդ պատճառաւ ալ մենք կը տեսնենք, որ այդ վերջինները հաւաքական աշխատանքի արդիւնք են, քանի որ դժուար թէ մէկ անձ կարենայ այդ բոլոր պահանջները միայնակ գոհացնել։
Ի հարկէ այդ պահանջներն ալ կրնան շատ տարբեր ըլլալ իրարմէ երկիրէ-երկիր ու դպրոցէ-դպրոց նոյնիսկ։ Հաղորդակցութեանց ներկայ դիւրութիւններով, սակայն, դժուար պէտք չէ ըլլայ տարբեր հեղինակներու համագործակցութիւնը ապահովել, նոյնիսկ եթէ անոնք ֆիզիքապէս իրարմէ շատ հեռու կ՚ապրին։
Ուրեմն, դասագիրքը հիմնուած պիտի ըլլայ կրթական ծրագրին վրայ ու պիտի մեկնի աշակերտին կարիքներէն։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
(Շար.3)