Հայերը Մուսուլի Մէջ

Հայ Կեանքի Սկզբնաւորութիւնը Մուսուլի Մէջ

Այժմու Իրաքի հիւսիսային հինգ նահանգներէն մէկն է Նինուէն: Սահմանակից է հիւսիսէն` Թուրքիոյ, իսկ արեւմուտքէն` Սուրիոյ: Նահանգին կեդրոնն է Մուսուլը, որ ներկայիս Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաքն է: Մուսուլը պատմական հին ասորական Նինուէ քաղաքի դիմացի կողմը` Տիգրիս գետի աջ ափին է, հիմնուած` հին ժամանակներէ մնացած փոքր գաղթավայրերու միացումով:

Միջագետքի հիւսիսային սահմանին վրայ հայ գաղթօճախներ սկսան ստեղծուիլ 10-րդ դարուն, երբ Բիւզանդական կայսրութիւնը յաջողեցաւ խալիֆայութեան ձեռքէն գրաւել Սուրիոյ եւ Միջագետքի հիւսիսային շրջանները: Այս շրջաններու բնակչութիւնը ձգելով իր բնակավայրը` կը հեռանայ նահանջող բանակին ետեւէն: Բիւզանդացիներ իրենց գրաւած վայրերուն մէջ կը բերէին ու կը բնակեցնէին հայեր, յոյներ եւ ասորիներ:

13-aՄուսուլի-Ս

Մուսուլի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հիմնաքարը

Տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ 10-րդ դարու վերջերը Իրաքի հիւսիսային շրջաններու մէջ այնքան հայ բնակչութիւն կեդրոնացած էր, որ անհրաժեշտ նկատուած էր առանձին թեմ ստեղծել: Այս թեմը, որուն հարաւային մասը մինչեւ Մուսուլ հասած էր, ենթարկուած էր Աղթամարի կաթողիկոսութեան:

Այս նոր գաղթօճախներուն կեանքը երկար չեղաւ: 10-րդ դարու կէսերուն, երբ սելճուքները նուաճեցին Իրաքը, անոնց վայրագութիւններէն մեծ թիւով տուժեցին առաջին հերթին հայերը: Հետագային այս գաղթօճախները նոր հարուած կրեցին մոնկոլներու արշաւանքի օրերուն, 1250-ական թուականներուն, երբ անոնք սելճուքներու ձեռքէն գրաւեցին այս եւ այլ շրջաններ Իրաքի մէջ:

Երբ քիչ թէ շատ նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին 11-րդ դարուն, Մուսուլի եւ մօտակայ շրջաններու մէջ հայկական նոր գաղթօճախներ կը ստեղծուին,  ըստ Էջմիածնի մէջ պահուած 1352 թուականին Մուսուլի մէջ հայկական ձեռագիր քարոզագիրքի մը` «գրեալ ի քաղաք Մուսուլի, ի Մանուէլ քահանայէ», որ կ՛ապացուցէ, թէ 14-րդ դարուն Մուսուլի մէջ ոչ միայն հայեր կային, այլ անոնք ունէին քահանայ, հոգեւոր հովիւ, ուրեմն նաեւ` եկեղեցի, ինչպէս` միւս քրիստոնեայ համայնքները: Լենկ Թիմուրի 1397-ի արշաւանքէն ետք բոլոր այս եկեղեցիները անհետացած են:

Մուսուլէն 35 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք, Փոքր Զապ գետին մօտերը, 12-րդ դարուն հիմնուած  Մար Պահնամ պատմական վանքին ներսի կողմի պատերէն մէկուն վրայ կայ հայատառ տապանագիր մը, որուն տառերը իրարու քով բերելով` բառեր չեն կազմուիր: Տեղացի վանականներ աւանդութեամբ գիտեն, թէ բարձրաստիճան հայ կղերական մը վանք տուած այցելութեան ընթացքին վախճանած է եւ` հոն թաղուած:

1638-էն ետք, երբ սկսաւ օսմանեան տիրապետութիւնը, որ տեւեց չորս դար, փոքր թիւով հայեր եկած են Մուսուլ` որպէս պետական պաշտօնեաներ, ոմանք ալ` առեւտուրի նպատակով, մաս մըն ալ` հալածանքներէ ազատելու համար, մասնաւորապէս` Սղերդէն, նաեւ` Թոքաթէն, Տիգրանակերտէն եւ այլ տեղերէ:

Փոքրաթիւ գաղութի երիտասարդներ երբեմն խնամիական կապեր հաստատած են տեղացի քրիստոնեաներու հետ: Նաեւ հոգեւոր հովիւ մը չունենալուն` եկեղեցական ծէսերու համար ստիպուած են այլ քրիստոնեայ կղերներու դիմել: Ասոնց մեծ մասը ձուլուած է տեղացի քրիստոնեաներու մէջ, Մուսուլի քրիստոնեայ առաջնակարգ դիրքի վրայ գտնուողներէն մաս մը ծագումով հայեր եղած են:

Գնահատանքով յիշատակութեան արժանի են Սղերդէն գաղթողները, որոնք պահած են իրենց ինքնութիւնը` հակառակ ոչ հայախօս ըլլալնուն. անոնցմէ կարելի է յիշել` Չաքմաքճեանները, Կարապետեանները, Քուլոյեանները, Քենտերեանները եւ ուրիշներ:

Դարեր առաջ հիւսիսային Իրաքի այս պատմական քաղաքը յաճախ այցելած են օտար զբօսաշրջիկներ եւ ուղեւորներ: Հաւանաբար ասոր առիթ տուող պատճառներէն են պատմական Նինուէն եւ վերջին ժամանակներու Տոմինիքեան հայրերու կեդրոնատեղի վանքին հոն ըլլալը: Ինչպէս նաեւ այն, որ ժամանակ մը Իրաքի պապական նուիրակին կեդրոնը Մուսուլ էր:

Առաջին ուղեւորը` հոլանտացի տոքթ. Լէոնալտ Ռաուլֆը, 1573-76 տարիներու արեւելք ուղեւորութեան մասին գրած ատեն յիշած է, թէ Մուսուլի մօտ Գարագոշ գիւղին մէջ հանդիպած է հայերու: Երկրորդը` ֆրանսացի Թաւեռնիէ, «Իրաք` 17-րդ դարուն» անունով գիրքին մէջ կը յիշէ, թէ 1644-ին հանդիպած է Մուսուլ, ուր կը բնակէին քրիստոնեայ համայնքներ, որոնց մէջ ի միջի այլոց նաեւ` հայեր: Երրորդը` դանիացի Քրիսչիէն Նիփոն, որ Իրաք այցելած է 1760-ական թուականներուն, «Ուղեւորութիւն Իրաք 18-րդ դարուն» իր գիրքին մէջ գրած է, թէ Մուսուլի հիւսիսային կողմը, Պէյսան անունով գիւղ մը հանդիպած է, ուր քանի մը հայ ընտանիքներ կ’ապրէին: Չորորդ մը` Օլիվիէ,  «Ուղեւորութիւն դէպի Իրաք 1794-96»  խորագրեալ գիրքին մէջ կը յիշէ, թէ Մուսուլի փաշան` Մոհամետ Էմին Ճալիլին մեծ ջանք թափած է Սինճարի բնակիչները, որոնց կարգին` հայերը, բերելու եւ բնակեցնելու Մուսուլ, որպէսզի հողագործութեամբ զբաղին եւ իրենց հունձքը ծախեն քաղաքին մէջ: Հինգերորդը` Մոհամետ Ահմետ Հիւսէյնի «Մունշի Պաղտատի» ուղեւորութեան գիրքին մէջ կը յիշէ, որ Պաղտատ գտնուած միջոցին անգլիական հիւպատոս Քլոտիոս Ռիչի եւ Աղա Մինասի հետ այցելած են Մուսուլ, 1820-ին, եւ հոն հանդիպած են հայերու, որոնք, կը վկայէ ան յարգուած տարեր էին:

Եկեղեցւոյ կառուցման ընթացքին

Եկեղեցւոյ կառուցման ընթացքին

Այսպէս, Մուսուլի հայ կեանքի սկզբնաւորութեան մասին փաստացի տեղեկութիւններ կը պակսին, կը մնայ հիմնուիլ Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ կառուցման թուականին վրայ` 1857-ին: Անկէ առաջ, 1830-40-ական թուականներուն, 20 հայ ընտանիքներ սահմանակից Սղերդէն, Տիգրանակերտէն եւ այլ քաղաքներէ եկած եւ հաստատուած են Մուսուլ: Այս շրջանին գաղութին բնիկները փոքրաթիւ ըլլալով` եկեղեցի չունէին, հետեւաբար իրենց հոգեւոր կարիքներուն համար կը դիմէին տեղացի ասորի (յակոբիկեան) կամ քաղդէացի կաթողիկէներուն եւ արձանագրութեան արժանի կեանք չեն ունեցած:

Նոր Գաղութին Պատմականը

Վերոյիշեալ դրութիւնը շարունակուած է մինչեւ Իրաքի թեմին Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան կցուիլը` 1847 թուական: Պոլսոյ պատրիարք Մատթէոս Չուխաճեան Պոլիսէն Մեսրոպ ծ. վարդապետը կը նշանակէ  առաջնորդ Իրաքի հայոց: Մեսրոպ վարդապետի առաջին աշխատանքներէն կը յիշատակուի 1851 թուին կառուցումը իր անմիջական ջանքերով Մուսուլի մէջ առժամեայ փոքր մատուռի մը, որ կը կոչուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ:

 

1852-ին Պաղտատի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին կառուցելէ ետք Մեսրոպ Ծ. վարդապետ իր ջանքերը կը կեդրոնացնէ Մուսուլի փոքրաթիւ գաղթօճախը հիմնական եկեղեցիով մը օժտելու ծրագիրին վրայ: Ան իր ձեռներէցութեամբ եւ Պաղտատի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կառուցման համար հանգանակուած դրամին մնացածով ու Մուսուլի բարեսէր ազգայիններու նիւթական մասնակցութեամբ, 1857-ին կը կառուցէ փոքր եկեղեցի մը, քրիստոնէաբնակ բազմամարդ թաղի մը մէջ, զայն կոչելով Ս. Էջմիածին:

Այս եկեղեցւոյ շնորհիւ է, որ Մուսուլի հայութիւնը մնացած է ամուր կառչած մնացած է իր նախնիներու հնաւանդ սովորութիւններուն: Միեւնոյն ժամանակ իրենց զաւակները եկեղեցիի կողքին սորված են մայրենի լեզուն: Առաջին Համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքներու ընթացքին ալ հոգացած է Մուսուլ հաւաքուած հայ գաղթականութեան հոգեւոր կարիքները:

Mosul_13-B1Մուսուլի առաջին հոգեւոր հովիւը կ՛ըլլայ  Յակոբ քհնյ. Տէր Եղիայեան, ապա, անոր վախճանելէն ետք (1891-ին), եղբայրը` Աւետիս քահանան կը շարունակէ անոր առաքելութիւնը եւ կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1894: Յաջորդը կ՛ըլլայ Դաւիթ քհնյ. Դաւիթեանը, որ պաշտօնավարած է մինչեւ վախճանիլը` 1911-ին:

Մուսուլի մէջ նշանակալի համայնքային կեանք մը գոյութիւն  չէ ունեցած մինչեւ 1900-ական թուականները, երբ կը կազմուի թաղական խորհուրդ մը հետեւեալ ազգայիններէ բաղկացած` Ալեքսան Աղա Գույումճեան, Խոճա Միրզա Կարապետեան, Սարգիս Չաքմաքճեան, Պօղոս Եմէնիճեան եւ Տիգրան Քուլահեան, նախագահութեամբ` Դաւիթ քհնյ. Դաւիթեանի:

1910 թուականին Մուսուլի 20-25 ընտանիքներէ բաղկացած գաղութը նախակրթարան մը ունեցած է, ինչպէս յիշուած է թաղական խորհուրդի 1 ապրիլ 1911 թուակիր նամակի մը մէջ, ուղղուած` Կ. Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ Վահան եպս. Մանկունիի: Սոյն նամակով Մուսուլի թաղականութիւնը օժանդակութիւն խնդրած է դպրոցին համար: Պատրիարքարանը նամակը յղած է Պաղտատի առաջնորդարանին` վիճակի մասին տեղեկութիւններ պահանջելով: Իրաքահայոց առաջնորդարանի արխիւներուն մէջ սոյն դպրոցին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պակսին, չկան տուեալներ այն մասին, թէ դպրոցը որքան գոյատեւած է: Հոս միջանկեալ յիշենք, որ 1904-ին իբրեւ ուսուցիչ Մուսուլ հրաւիրուած է Աբրահամ Մուրադ Թաճիրեան, որ եօթը տարիներ պաշտօնավարելէ ետք քահանայ ձեռնադրուած է, վերանուանուած է Վահան քհնյ. Թաճիրեան ու Պաղտատ փոխադրուած է:

1912-ին կը հրաւիրուի Գրիգոր քհնյ. Տէր Յակոբեանը` իբրեւ Մուսուլի հոգեւոր հովիւ: Անոր` Մուսուլի հոգեւոր հովուութիւնը ստանձնելէ ետք վրայ կը հասնի 1914 թուականը, Համաշխարհային Ա. պատերազմը: Պատերազմի սկսելէն ետք գաղթականական հոսանքներ հասած են Իրաք. այնպէս որ, ամբողջ տարածութիւնը գաղթակայանի տեսքը կը ներկայացնէր: Հոն էին` հայեր, ասորիներ, նեստորականներ, քիւրտեր եւ ուրիշներ, Փոքր Ասիոյ բոլոր կողմերէն տարհանուած, տանջուած, կեանքի բոլոր դառնութիւնները ճաշակած բեկորներ: Տէր Զօրի հայոց սպանդէն ազատողներու հոծ բազմութիւն մը կը հասնի Մուսուլ:

Զաւէն արքեպիսկոպոս իր «Պատրիարքական յուշեր» գիրքին մէջ կը նկարագրէ Մուսուլ հասնող այս գաղթականներուն անտանելի վիճակը` անօթութիւն, բարոյական անկում եւ օրական միջին հաշուով 10 հայ մեռեալ: Այս վիճակէն ազատելու համար «…քանի մը խումբեր արաբներու առաջնորդութեամբ` անբնակ տեղերէ անցած եւ անգլիական տիրապետութեան տակ ապաստանած ու փրկուած են»: «…Երկու տեղացի հայեր` Սերոբ եւ Սաֆօ, որոնք փախուստ կարգադրողներն էին, բռնուեցան եւ իրենց ցեղակիցները կորուստէ փրկելու ամբաստանութեամբ, կախաղանով քաւեցին իրենց մեղքը»:

Իրաքահայ «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի յուլիս 9, 1947 թուակիր համարին մէջ Տարօնացի ստորագրութեամբ «Մուսուլահայութեան համառօտ պատմութիւն» յօդուածի մը մէջ վերոյիշեալներու լրիւ անունները կը յիշատակուին` Սերոբ Մալխասեան, Սաֆօ Խպճոյեան, եւ կ՛ըսուի, թէ Պապի Էմիրեանին աղջիկը` Շիրինը եւս կախաղան հանուած է: Պ. Էմիրեան փախուստ կազմակերպողներուն խմբապետն էր, որ յաջողած է ազատիլ ձերբակալութենէ: Այս հարցի մասին աւելի ընդարձակ տեղեկութիւն կայ տոքթ. Մովսէս Տէր Յակոբեանի «Իրաքահայ կեանքէն» գիրքի առաջին հատորին մէջ:

Մուսուլի պատկան շրջաններէն Սինճար, որ կը գտնուի քաղաքին արեւմտեան կողմը, 100 քիլոմեթր հեռու, եւ որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը եզիտիներ են, Եղեռնի տարին Տէր Զօրի արհաւիրքներէն մազապուրծ ազատած եւ հոն հասած բազմաթիւ հայ գաղթականներ, մեծամասնութիւնը` Մերտինէն, ազատած ու պատսպարուած են տեղացիներու կողմէ:

1919-20 թուականին 3-4 հազարէ բաղկացող գաղութ մը կը դառնայ Մուսուլ, եւ թաղական խորհուրդի մը գոյութիւնը կը շարունակուի: Ըստ Պաղտատի Ազգային քաղաքական ժողովի նիստ թիւ 41, 23 հոկտեմբեր 1922 թուակիր ատենագրութեան, ակնարկելով Մուսուլին,  յիշուած է` «… անմխիթար կացութիւն մը կը տիրէր»: Ժողովը իրավիճակին մօտէն ծանօթանալու համար Պաղտատ կը հրաւիրէ Սարգիս Չաքմաքճեանը` Մուսուլի Տարագրելոց մարմինին ներկայացուցիչը, իր կարծիքը ունենալու վիճակին մասին:

Ս. Չաքմաքճեան վերոյիշեալ նիստին կը զեկուցէ, թէ Թաղական խորհուրդի անդամները ձեռնհաս գործունէութիւն մը չէին կրցած կատարել: Դպրոց բանալու հարցին մէջ նախորդող երկու տարիներուն կատարուած դիմումները արդիւնաւոր չէին եղած, իսկ իր անձնական միջոցներով կատարած դիմումներուն պետութիւնը դրական պատասխան տուած էր, ինչպէս նաեւ` նիւթական օժանդակութիւն ալ ըրած: Դպրոցը կը բացուի թաղականութեան փոխ ատենապետ  Յ. Օհանեանի տան մէջ, զոր ան «ազնուօրէն ձրի տրամադրած էր որպէս դպրոց գործածելու: Դպրոցը կ՛ունենայ 110 երկսեռ աշակերտութիւն»: Հինգ անձերէ բաղկացած հոգաբարձութիւն մը կը նշանակուի դպրոցը կառավարելու: Ժամանակ մը ետք հոգաբարձութեան անդամները կը հրաժարին եւ թաղական խորհուրդը յանձն կ՛առնէ դպրոցը կառավարելը: Հոս կը վերջանայ զեկուցումը:

Քանի մը տարի ետք դպրոցը կը շարունակէ գործել եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող քանի մը սենեակներու մէջ: Այս դրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 1926: 1924-26 տարիներուն, ուսուցչական գետնի վրայ, կարեւոր աշխատանք ունեցած է Արմենակ Փանոսեան, որ ուսում ստացած էր Միացեալ ընկերութեան բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ:

1926-ին, տոքթ. Գալուստ Աստարճեանի նախաձեռնութեամբ եւ ատենապետութեամբ, կը կազմուի  թաղական խորհուրդ մը, որուն առաջին գործերէն մէկը կ՛ըլլայ ընդարձակել դպրոցը` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով: Աշակերտութեան թիւի բարձրացումը նկատի ունենալով` թաղական խորհուրդը Լիբանանէն կը հրաւիրէ Սիրական Օրջանեանը (ապագային` Մեսրոպ քահանայ)` որպէս նախակրթարանի տնօրէն եւ անոր կինը` Լուսաբեր, որպէս մանկապարտէզպանուհի, 1927-ին: Նոյն թուականին կը վարձուի ընդարձակ շէնք մը հայաշատ թաղի մը մէջ, ու դպրոցը հոն կը փոխադրուի նախակրթարանի վեց դասարաններով ու մանկապարտէզով:

Նախանձախնդիր ազգապատկան դպրոցական շէնք ունենալու` Մուսուլի թաղականութիւնը յարմար հողամաս մը կը գնէ քաղաքին կեդրոնը` շքեղ պարտէզի մը դիմաց: Շնորհիւ տոքթ. Գ. Աստարճեանի եւ Սերոբ Քենտէրեանի յարատեւ աշխատանքներուն եւ օժանդակութեան` մուսուլահայութիւնը կը կառուցէ սեփական երկյարկանի դպրոցը, 1934-ին: Այս թուականի դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը դպրոցը հոն կը փոխադրուի եւ կը գործէ մինչեւ համայնքային դպրոցներու պետականացումը, 1974:

Mosul_AFP3354706_Articolo1932-ին Մուսուլի մէջ կազմուած են Հայ կարօտելոց խնամակալութիւնը եւ եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինը, երկու քոյր միութիւններ, որոնք ձեռք ձեռքի տուած` կը հասնին մխիթարելու եւ օժանդակելու չքաւոր եւ կարօտեալ ընտանիքները: 1959-ին Հայ կարօտելոց խնամակալութեան աշխատանքը կը դադրեցուի, սակայն եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինին գործունէութիւնը կը շարունակուի թաղականութեան հսկողութեամբ:

Մուսուլի մէջ 1960-ական թուականներուն հիմնուած է ՀՄԸՄ-ը, որ կ՛ունենայ տասնեակ տարիներու գործունէութիւն` շարունակելով զայն «Նահատակ Սերոբ մարզական ակումբ» անուամբ:

Ս. Էջմիածին եկեղեցին կանգուն մնացած էր մէկ դար, սակայն 1950-ական թուականներուն այլեւս ներկայանալի եկեղեցի մը ըլլալէ դադրած էր, ինչ որ կը մտահոգէր տեղւոյն ժողովուրդը եւ Ազգային իշխանութիւնը ի Մուսուլ եւ ի Պաղտատ: Միացեալ որոշումով յարմար նկատուեցաւ նոյն թաղամասին մէջ աւելի ընդարձակ եկեղեցի մը կառուցել: Նոր եկեղեցին, որ դարձեալ Ս. Էջմիածին կոչուեցաւ, շինուեցաւ 1968-ին, եւ որուն օծումը կատարեց գաղութի օրուան առաջնորդ Ասողիկ եպս. Ղազարեանը, նոյեմբեր 16, 1969-ին:

Մուսուլի թաղականութիւնը, շրջանը հասութաբեր կալուածով օժտելու մտադրութեամբ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան հետ համախորհուրդ, որոշեց նախկին ազգապատկան սրահին տեղ, որ առեւտրական շրջանի մը մէջ էր, շէնք մը կառուցել: Գործը սկսաւ 1990-ին եւ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 1993-ին: Շէնքը կը բաղկանայ երեք յարկերէ. գետնայարկը` վարձու տրուելիք խանութներէ, վերի երկու յարկերը` սրահներ:

10402666_10152238276014217_4385174040076682329_nՄուսուլ քաղաքը աստիճանաբար ընդարձակուելով` հայեր աւելի վայելուչ թաղեր փոխադրուիլ սկսած էին նախորդ դարու վերջին քսանամեակի ժամանակամիջոցին, եւ Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հայաշատ թաղը ամայացած էր հայութենէ: Առաջնորդարանի եւ թաղականութեան ջանքերով ձեռնարկուեցաւ արդի եւ հայաշատ կեդրոնի մը մէջ եկեղեցւոյ մը կառուցման համար հողամաս  մը ապահովելու աշխատանքներուն: 1993-ին եղած դիմումին հիման վրայ պետութիւնը յատկացուց հողամաս մը, որ կը գտնուի Տիգրիսի ձախակողմեան ափին: Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուեցաւ 2001-ին եւ շինարարական աշխատանքները իրենց աւարտին հասնելու վրայ էին 2004-ին, երբ խափանարարներու ձեռամբ եկեղեցին ռմբահարումի թիրախ դարձաւ:

Mosul_attack-32003-ին, երկրին մէջ պետութեան տապալումէն ետք, մօտաւորապէս 1500 մուսուլահայեր քրիստոնեայ միւս համայնքներու հետ նեղութեան ենթակուեցան: Այդ պատճառով մաս մը տեղաշարժ կատարեց դէպի Իրաքի հիւսիսային` մասամբ ապահով քրտական շրջանը, մաս մըն ալ երկիրը լքած` ուղղուեցաւ Սուրիա, արտասահման գաղթելու նպատակով: Ազգային առաջնորդարանի միջնորդութեամբ եւ Իրաքի հիւսիսային քրտական շրջանի պատասխանատուներու օժանդակութեամբ,  Քարամանլիս (1) կոչուած  գիւղաքաղաքին մէջ բնակարաններ  կառուցուեցան եւ յատկացուեցան Մուսուլէն հեռացող հայ ընտանիքներու. նմանապէս, քրտական այլ շրջաններու մէջ ապաստան փնտռող հայ ընտանիքներուն դիւրութիւններ ընծայուեցան: Յիշատակութեան արժանի է նաեւ, քիւրտ պետական նոյն այրերուն կողմէ  տապալած պետութեան օրով անցեալի զուտ հայաբնակ Հավրէզ (2) գիւղի վերակառուցումն ու վերաբնակեցումը:

Այսօրուան տուեալներով, Մուսուլի չափազանց նուազած մեր համայնքին գոյութիւնը վերջնականապէս անհետացման ենթակայ է: Իսլամական պետութեան վերջնագիրէն ետք, որով կը պահանջուէր քրիստոնեաներէն իսլամանալ, կրօնական տուրք վճարել կամ սպաննուիլ,Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը կապ հաստատած է իրաքահայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ, որոնք հաղորդած են, թէ Մուսուլի մէջ մնացած քանի մը հայերը լքած են քաղաքը եւ անցած` դէպի քրտաբնակ շրջաններ, մասնաւորաբար` Էրպիլ:

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Նախկին փոխ ատենապետ
Իրաքահայոց Ազգ. Իշխանութեան

1.- Մուսուլէն 35 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք, Պարտիլա գիւղին մօտ քրիստոնեայ բնակչութեամբ գիւղաքաղաք: Կը յիշատակուի, որ հայ համայնք մը գոյութիւն ունեցած է հոս 14-րդ դարուն` սեփական քահանաներով եւ տիրացուներով: Սակայն ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ հայերը լքած են այս գիւղաքաղաքը, յայտնի չէ, հաւանաբար Իրաք արշաւող եւ նուաճող հոսանքներու ձեռքով:

2.- Հավրէզ քրտերէն կը նշանակէ հայ վրէժ: Վասպուրականցի գաղթականներ 1923-ին նոյն գիւղին մէջ   հաստատուած են եւ որպէս ղեկավար` ունեցած են Վանի Փեսանդաշտի յայտնի ֆետայի Լեւոն Շաղոյեանը:

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.