Հայաստանի Մէջ Կը Նախատեսուի Կառուցել Նոյեան Տապան

Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի կառուցել «Նոյեան տապան» պատմամշակութային, գիտակրթական համալիր: Այդ նպատակով ստեղծուած է հիմնադրամ, որ կը կրէ «Կառուցենք ազգովի» խորագիրը:

Հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն կը յայտնեն, որ կ՛առաջարկուի մէկտեղել «հայութեան հնարաւորութիւնները համաշխարհային նշանակութեան այս ձեռնարկը իրականութիւն դարձնելու համար»:

Տապանը պիտի կառուցուի Արարատին դիմահայեաց բարձունքին վրայ: Պիտի ունենայ այն տեսքն ու այն չափերը, ինչ  որ նկարագրուած է Աստուածաշունչին մէջ․ երկարութիւնը 300 կանգուն (132 մեթր), լայնութիւնը 50 կանգուն (22 մեթր), բարձրութիւնը 30 կանգուն (13.2 մեթր): Պիտի կառուցուի երկաթ-կրաձոյլէ, երեսը պիտի պատուի փայտով:

«Տապանը պիտի յիշեցնէ, որ մարդկութեան նախահայրենիքը Հայաստանն է: Համաշխարհային ջրհեղեղէն ետք հայոց աշխարհէն սկիզբ առաւ անոր փրկութիւնը: Ուստի պատմամշակութային, գիտակրթական այս համալիրը պիտի ունենայ համամարդկային նշանակութիւն: Անիկա փաստացի պիտի ըլլայ մարդկութեան` իր տեսակին մէջ աշխարհի մէջ եղած միակ սրբավայրը, որ չ՛ենթադրեր կրօնական խտրականութիւն, ուր կ’իշխէ խաղաղութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը: Գտնուելով Հայաստան, իբրեւ համամարդկային արժէք, պիտի պատկանի ամբողջ մարդկութեան, պիտի դառնայ ուխտատեղի բոլոր ազգութիւններու համար»,- ըստ «Փանարմինըն»-ի՝ ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Տապանին մէջ պիտի կառուցուի 200 տաղաւարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ պիտի տեղադրուին առանձին ազգերու, ժողովուրդներու կամ պետութիւններու դրօշներն ու զինանշանները, անոնց ազգային մշակոյթն արժեւորող տարբեր ցուցանմուշներ:

Համալիրը պիտի ունենայ նաեւ գործառնական նշանակութիւն. իր 40 առանձնասենեակը պիտի առաջարկէ ուխտաւորներուն ու զբօսաշրջիկներուն: Անոր մէջ պիտի ըլլան թանգարան, պատկերասրահ, գրադարան: Միաժամանակ պիտի ապահովէ պետական-պաշտօնական գործառոյթ. Պիտի ունենայ համաժողովներու  դահլիճներ, կառավարութեան ընդունելութիւններու, ինչպէս նաեւ պետական նշանակութեան հանդիսութիւններու սրահներ:

Արդէն ձեւաւորուած է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը: Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն նշանակուած է Մարտուն Յարութիւնեան:

Ծրագիրը պիտի ներկայացուի Կառավարութիւն: Համապատասխան հողատարածքը յատկացուելէ ետք պիտի սկսին կառոյցի նախագծման եւ շինարարական աշխատանքները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.