ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԸՆԿԱԼՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆՈՅՆԸ ՉԵՆ

Հարաւային Կովկասեան հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ճանապարհներու վերաբացման բարդ թղթածարարը ներկայիս իր վրայ կեդրոնացած է առնչակից կողմերուն ամբողջական ուշադրութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիներու վերաբացման խնդիրը մտած է քաղաքական սակարկութիւններու հանգրուանը։

Մինչ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ կը յայտարարէր,որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի կապող ուղին պիտի գործէ «պարզեցուած ռեժիմ»-ով, անորոշութիւնը առաւել շեշտուեցաւ` Հայաստանի հարաւէն անցնելիք ուղիներուն կարգավիճակին եւ անոնց հսկողութեան վերաբերեալ խնդիրներու նկատմամբ կողմերուն մօտեցումներուն միջեւ գտնուող հակասութիւններուն պատճառով։

Նախ Երեւան եւ Մոսկուա տարբեր մեկնաբանութիւններ եւ տեղեկութիւններ հրապարակեցին Մոսկուայի մէջ կայացած՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխ վարչապետերուն ունեցած աշխատանքային վերջին հանդիպման արդիւնքներուն մասին։Մոսկուա յայտարարեց, որ Գրիգորեան, Մուսթաֆաեւ եւ Օվերչուք յաջողած են մօտեցումները մերձեցնել, ինչ կը վերաբերի ցամաքային եւ երկաթուղային ճանապարհներու սահմանային, մաքսային եւ հսկողութեան տարբեր հարցերու շուրջ։ Սակայն պաշտօնական Երեւանի հրապարակած յայտարարութիւնը խօսեցաւ միայն մօտեցումներու յստակացման մասին եւ ոչինչ հաստատեց մօտեցումներու մերձեցման մասին։ Այլ խօսքով, Մոսկուա եւ Երեւան տարբեր կերպով մեկնաբանեցին փոխ վարչապետերու հանդիպումին արդիւնքները։

Փոխադրութեան ուղիներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու վերաբացման բանակցութիւններուն շուրջ անորոշութիւնը առաւել շեշտուեցաւ, երբ Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը անդրադարձաւ պարզեցուած դրութեամբ մը գործելու ընտրանքին մասին, ինչ կը վերաբերի Նախիջեւանը Ատրպէյճանի հարաւային շրջաններուն կապող երկաթուղիին եւ մայրուղիին բանեցման։ Առանց յստակացնելու,թէ ինչ կը նշանակէ «պարզեցուած դրութիւն» եզրը, Լաւրով նաեւ յայտարարեց, որ մինչ երկաթուղիի վերաբացման շուրջ համաձայնութիւնը գոյացած է, մայրուղիի շուրջ համաձայնութեան բանակցութիւնները կը գտնուին իրենց վերջին հանգրուանին մէջ։ Ան սակայն շեշտեց, որ հայկական տարածքներու նկատմամբ Երեւանի ինքնիշխանութեան վերաբերեալ տարբեր բնութագրումներ չեն կրնար ըլլալ։ Լաւրով թէեւ չյստակացուց, թէ ինչի կ՛ակնարկէ, սակայն ակնյայտ էր, որ մատնանշումը կը վերաբերէր հայկական հողերէ անցնելիք մայրուղիին նկատմամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կեցուածքներուն եւ ակնկալութիւններուն, որովհետեւ Պաքու կը շարունակէ խօսիլ միջանցքի մը մասին, իսկ Երեւան կտրականապէս կը մերժէ Լաչինի միջանցքէն զատ այլ միջանցքի մը գոյութեան մասին ատրպէյճանական բոլոր տեղեկութիւնները։Այս ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Քաթար իր այցելութեան ընթացքին պատկերասփիւռային հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ միջանցքը Հայաստանի համար կարմիր գիծ է, նշելով, որ Երեւանի իշխանութիններուն համար շատ յստակ է, թէ խօսքը կը վերաբերի երկաթուղիներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու վերաբացման, ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու ամփոփոխելիութեան փոխադարձ յարգանքի հիմամբ։ Այս կեցուածքը խորքին մէջ կը նշանակէ, որ հայկական կողմը համաձայն է ուղիներու վերաբացման, բայց կտրականապէս կը մերժէ անոնց միջանցքային տրամաբանութեամբ գործելու ատրպէյճանական մօտեցումը։

Հայկական այս կեցուածքին զուգահեռ ատրպէյճանական բաւական ուշագրաւ դիրքորոշում մը հրապարակուեցաւ Ատրպէյճանի ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպովի կողմէ, որ յայտարարեց, թէ Ալիեւի նախաձեռնութեամբ Իրանի հետ կնքուած փոխադարձ հասկացողութեան յուշագրին համաձայն, Իրան- Հայաստան սահմանէն հինգ քիլոմեթր դէպի հարաւ պիտի կառուցուի այսպէս կոչուած Արեւելեան Զանգեզուրը Նախիջեւանի կապող փոխադրութեան նոր ուղի մը։Ըստ Ուսուպովի, այս ուղին չի կրնար ենթակայ ըլլալ հայկական կողմին պայմաններուն։

Ուսուպովի ակնարկած այս ուղին Նախիջեւանը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն պիտի կապէ՝ Իրանի վրայով։ Սակայն այս պարագային իրանցիք, ճիշդ է, որ յուշագիրը կնքած են, սակայն չեն թաքցուցած իրենց մտահոգութիւնները, ինչ կը վերաբերի երկրին հիւսիսային շրջաններէն անցնող եւ Ատրպէյճան մտնող ուղիին բնոյթին եւ մարտավարական որոշ խնդիրներուն, որոնցմէ ամէնէն յատկանշականը այն է, թէ ուղին պիտի անցնի այն շրջաններէն, որոնց բնակչութիւնը հարիւր առ հարիւր ատրպէյճանական ծագումով իրանցիներ են։ Այս իրողութիւնը հաշուի առնելով՝ իրանեան իշխանութիւնները կը թուի, թէ բնաւ խանդավառ չեն երկրին հիւսիսային շրջանը Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապի մը վերածելու ընտրանքով։

Փոխադրութեան ուղիներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու վերաբացման բանակցութիւններուն եւ խորհրդակցութիւններուն տրամաբանութեան եւ ընկալումներուն ամբողջ պատկերը նկատի ունենալով՝ պէտք է նշել ,որ խորապէս իրարմէ կը տարբերին հայկական եւ ատրպէյճանական ակնկալութիւնները եւ ծրագրերը։ Ասիկա բնականաբար բաւական պիտի բարդացնէ բանակցութիւններուն հոլովոյթը, որ սակայն մետասաներորդ պահուն կրնայ լուծումներու յստակ պատկերացումներու ռուսական պատգամներով բեռնաւորուիլ։

Ա.Ա.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.