Համազգայինի 90-ամեակի Երեւանի տօնակատարութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը

Անցեալի անվերապահօրէն համընդհանուր ճանաչումը կ’ամրապնդէ հայութեան ներքին հաշտութիւնն ու համերաշխութիւնը

Համազգայինի հիմնադրութեան 90ամեակը կը նշենք: Յոբելիանական հանդիսութիւնները ընդհանրապէս անցեալին հետ յարգանքով վարուելու եւ հպարտանալու առիթներ են` ինքնագովութեան պահեր. բայց այսօր կրկնելու գնովկ’ուզենք խօսիլ հարցի մը մասին, որ առաւելաբար քաղաքական բնոյթ ունենալու երեւոյթը ունի, սակայն հիմնական ձեւով կը ղեկավարէ հաւաքականութեան մը մշակութային զարգացման ուղին՝ստանալով գոյութենական իմաստ:Վերջիվերջոյ՝ երբ այսօր մարդուն շնչած օդն ու խմած ջուրը քաղաքական մարզի առարկաներ են, դժուար է գտնել որեւէ նիւթ, որ հեռու ըլլայ քաղաքականութենէն. մանաւանդ՝ կրթութեան եւ մշակոյթի նման կենսական ոլորտները: Խօսքը կը վերաբերի հայութեան մասնիկներու հասարակաց անցեալին՝ պատմութեան:

Հայութեան բոլոր հատուածներուն համար Հայոց պատմութեան հիմնական վերնագիրները միեւնոյնն են մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի կէսերը, բայց իրարմէ լուրջ չափերով կը տարբերին նոյն աշխարհամարտի աւարտէն սկսեալ: Այդ տարբերութիւնները հոգիներուն մէջ խարսխուած են եւ կը յամենան ցայսօր իրենց թողած հետքերով: Այդ տարբերութիւններու հարթումը անհրաժեշտ է կարենալու համար ստեղծել համահայկական նոր տիպարը՝ իրեն համապատասխանող արդի մշակոյթով:

Համազգայինի հիմնադիրներէն շատերը, ինչպէս Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանն ու Համօ Օհանջանեանը հայ քաղաքական տարագիրներ էին: Ֆիզիքապէս կտրուած ըլլալով իրենց հողէն, անոնք հայրենիքը շարունակեցին ապրիլ արտասահմանի՛ մէջ, այդտեղ ցկեանս գործելով հայրենիքին համար: Անոնք փորձեցին Հայաստան կերտել նաեւ արտասահմանի՛ մէջ: Յաջողեցա՞ն անոնք իրենց այդ ծրագրին մէջ: Դժուար է, անշուշտ, դրական պատասխան տալը. նոյնքան սխալ է սակայն ժխտական եզրակացութեան յանգիլը. անբնական պիտի ըլլար կատարեալ յաջողութիւնը: Փաստը այն է, որ շնորհիւ Համազգայինի եւ անոր նման մէկէ աւելի այլ կառոյցներու եւ միութիւններու այսօր, տեղահանութիւններէն չորս թէ հինգ սերունդ ետք, հայկական Սփիւռքի մէկ կարեւոր մասը կը շարունակէ մնալ հայկականօրէն գործօն:

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք Հայաստանի յարաբերութիւնները Սփիւռքին հետ արգելակուեցան: Խորհրդային կեդրոնը բնականաբար հայապահպանման գործով չէր կրնար շահագրգռուած ըլլալ: Իսկ Հայաստանի անկախացումով այդ յարաբերութիւնները դարձան բոլորովին ազատ:Սակայն յարաբերութիւնները հեզասահ չընթացան զանազան պատճառներով, որոնցմէ մէկուն միայն կ’ուզենք անդրադառնալ այստեղ: Այն է, թէ արտասահմանեան իւրաքանչիւր համայնք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու անբաւարարութեան հետեւանքով,առաւել կամ նուազ չափով, օտարացաւ ատկէ: Նաեւ՝ իւրաքանչիւր համայնք ապրելով տարբեր միջավայրերու մէջ ենթարկուեցաւ մշակութային եւ ընդհանրապէս քաղաքակրթական տարբեր ազդեցութիւններու: Հետեւաբար մշակութային կազմաւորման իմաստով չկայ մէկ ու միակ սփիւռքեան հայկական նկարագիր, ինչպէս երբեմն չափազանցեալ պարզամտութեամբ կը կարծուի: Կան սփիւռքեան բազմաթիւ ու իրարմէ տարբեր արժեհամակարգեր՝ համեմուած որոշ հայկական յատկանիշներով: Զանոնք կարելի եղածին չափ իրարու սերտօրէն կապուած պահելը պէտք է ըլլայ բոլորիս մտահոգութիւնը:

Կայ նաեւ երկրորդ հանգամանք մը, որ իրարմէ կը բաժնէ համահայկական հասարակութեան տարբեր բաղադրիչները եւ որուն մասին այլեւս չի խօսուիր, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ հարցի յստակացման եւ հետեւաբար ընդհանուր համախոհութեան մը հաստատման: Այդ խնդիրը յառաջացած է 1915էն ասդին հայոց ընկերային եւ քաղաքական կեանքին, ազատագրական պայքարին, ներքին պառակտումներուն, ընդհանրապէս ներքին լարուածութեան եւ հաշտութեան իրերայաջորդ հանգրուաններու պատմութենէն:Հարցը կը կայանայ անոր մէջ, որ հայկական հասարակութեան լայն շերտեր այդ շրջանին համար լսած են որոշ բաներ, իսկ այդ նոյն ժամանակաշրջանին համար ուրիշներ լսած են առաջիններուն բոլորովին հակոտնեայ խօսքեր: Մէկուն բացասականը՝ միւսին համար դրական է եւ փոխադարձաբար: Հայկական ներքին անդորրութիւնը որոշ չափով կայացած է այլեւս, բայց մենք յաճախ ականատես ենք երեւոյթներու, որոնք բաժանման որոշ գիծերու միջեւ յամեցող խորունկ վիհերու ցուցանիշ են:

Այսպէս, գաղտնիք չէ, որ ատենին հայութեան կեանքէն ներս քաղաքական ամենէն տիրական ներկայութիւն եղողը Դաշնակցութիւնը եղած է: Բնականաբար իրե՛ն պիտի վերագրուին այդ ժամանակաշրջանի ձախողութիւններն ու յաջողութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով անխնայ պայքար սկսաւ այդ կազմակերպութեան դէմ, որ, բազմաթիւ ելեւէջներով, տեւեց փաստօրէն մինչեւ խորհրդային վարչակարգի փլուզումը: Տասնամեակներու ընթացքին պատմութեան խեղաթիւրումը, նոյնիսկ՝ կեղծումը հետքեր ձգած են յատկապէս հայրենաբնակ զանգուածներուն վրայ:

Մէկ խօսքով՝համահայկական հասարակութեան մէկ կարեւոր մասը չէ կրցած որեւէ մէկ ձեւով ճիշդ կերպով իւրացնել իր մօտաւոր անցեալը, իսկ անոր գիտակներն ալ անոր մասին յաճախ ունին տարբեր պատկերացումներ: Այս պարագան յստակ երեւան եկաւ, իր բոլոր ժխտական երեսներով, հայկական պետական վերածնունդի 100ամեակին առիթով, յատկապէս՝ երբ Երեւանի քաղաքապետութիւնը որոշեց հայկական նորագոյն պետականութեան հիմնական կերտիչներէն՝ Արամ Մանուկեանը պատուող յուշարձան մը բարձրացնել Հանրապետութեան հրապարակին մօտ:

Այս առիթով ծայր առած վիճաբանութիւնը ցոյց կու տայ, որ ակնբախօրէն սխալ բան մը կայ հայկական հասարակութենէն ներս:Որեւէ հասարակութենէ ներս հիմնական հարցի մը շուրջ կարծիքի լուրջ տարբերութիւնը առկայ վտանգի ցուցիչ է: Հայաստանի Հանրապետութեան իրական պատմութեան քաջածանօթ պէտք է ըլլայ հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամ: Համբերութեամբ, հարկ եղած ժամանակը տրամադրելով, կրթական մարզէն ներս, ժողովրդային դաստիարակութեան միջոցով բոլորին հասանելի պէտք է դարձնել տասնամեակներ շարունակ խափանուած ճշմարտութիւնները: Վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին ասիկա հարկ եղած բծախնդրութեամբ կատարած չըլլալը բոլորիս թերացումն է:

Դժբախտաբար միայն Արամ Մանուկեանի անունը չէ, որ երկար ատեն մնացած է մոռացութեան շուքին մէջ: Նոյնն է պարագան տասնեակաւոր, չըսելու համար հարիւրաւոր մարդոց. բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց աշխատանքով ու կեանքի գնով ամրապնդեցին հայկական ազգային վերածնունդը երկու վերջին դարերու ընթացքին:Ո՞ւր են Մկրտիչ Փորթուգալեանի, Համբարձում Պոյաճեանի, Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի, Ռոստոմ Զօրեանի, Արմէն Գարոյի, Դրոյի, Սիմոն Վրացեանի, Ռուբէն Տէր Մինասեանի եւ դեռ շատ շատերու անունները. անոնք գոյութիւն չունին մարդոց գիտակցութեան մէջ: Երիտասարդութիւնը խանդավառող, զայն ներշնչող տիպարներ պէ՛տք են այսօր. այդպիսի անուններ կա՛ն, բայց անոնք ամուր պահուած են պատմութեան գանձարանին մէջ, չես գիտեր ո՞ր օրուան համար:

Ինչպէ՞ս չյիշել թուրք պաշտօնատարի մը վիրաւորող արտայայտութիւնը, որ լսելէ ետք Արամ Մանուկեանի մէկ ճառը ըսած էր՝ ”հայութիւնը արժանի չէ այսպիսի մարդու”: Արամ Մանուկեանի անունը միայն վերջե՛րս բաւական լայն ձեւով ներկայացուեցաւ հանրութեան՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի, Անդրանիկի ու բաւական երկար ուշացումով՝ Գարեգին Նժդեհի անուններէն ետք: Այդպէս եղաւ, որովհետեւ, աւելի քան թափանցիկ է, այս վերջինները կա՛մ հրաժարած էին իրենց կուսակցութենէն, կամ ալ պատժուելով՝ հեռացուած անկէ: Ճշմարտութենէն բան չի պակսիր, անշուշտ, որովհետեւ անոնց ամենէն սեղմ կենսագրութեան ընթերցումնիսկ կ’ապացուցէ, թէ անոնք իրենց ամբողջ ազգային գործունէութիւնը ծաւալած են, երբ կ’անդամակցէին Դաշնակցութեան. ատկէ հեռանալէ ետք ապրած են ատենին վաստակած իրենց համբաւով: Ուրախալի է, յամենայնդէպս, որ այս ձեւով գոնէ երեք անուններ կը շարունակեն իրենց ազգային առաքելութիւնը՝ նաեւ յետ մահու: Լուսահոգի Վահան Յովհաննիսեանը եթէ ողջ ըլլար, ներկայացուած հարցին անպայման լուծում կը գտնէր, առ նուազն զինք յատկանշող սրամտութեամբառաջարկելով՝ ”դիմենք Դաշնակցութեան, որպէսզի իր անցեալի բոլոր հերոսներն ու արժանաւոր անդամները կուսակցութենէն հեռացնէ, քանի անոնք չեն կրնար այլեւս ինքնակամ հրաժարիլ”. եւ շարունակելով՝ ”եթէ կարելի է յետ մահու մարդոց շքանշան տալ, կարելի է նաեւ զանոնք պատժել”:

Այո՛, ժպտալը ճիշդ է, մասնաւորաբար երբ ան կը փոխարինէ տխրութիւնը:

Կարելի չէ ուրիշներէ պահանջել առերեսուիլ իրենց պատմութեան հետ եւ անտարբեր մնալ իր հաւաքականութեան նոյնանման խնդիրներուն դիմաց: Ներկայ ժամանակաշրջանին, լուսարձակները պէտք է ուղղել մութին մէջ պահուող հայերու ճառագայթելու պէս ցոլացնող դէմքերուն վրայ՝ հայկական մէկ ու միացեալ մշակոյթ ստեղծելու առաջադրանքով:Հաւաքականութիւնը պինդ է, երբ կը ստեղծէ իր ապագան առանց ետ նայելու, սակայն անպայմանօրէն ամուր թելերով կապուած ըլլալով իր անցեալին. ճշմարի՛տ անցեալին:Այդ անցեալի անվերապահօրէն համընդհանուր ճանաչումը կ’ամրապնդէ հայութեան ներքին հաշտութիւնն ու համերաշխութիւնը, որ այնքան անհրաժեշտ է դիմագրաւելու համար հայութեան սպառնացող ներկայի բոլոր վտանգները:

Մկրտիչ Մկրտիչեան
Երեւան, 09 Սեպտեմբեր 2018

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.