Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հաղորդագրութիւն

Համազգայինի բոլոր շրջաններուն եւ մեկուսի կազմերուն,

Սիրելի ընկերներ,

Միասնաբար կը դիմագրաւենք համաշխարհային աննախընթաց կացութիւն
մը։ Քորոնա ժահրի համաճարակը բոլորս կը դնէ առողջապահական հսկայ
մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման, որուն հետեւանքով դեռ անորոշ ժամանակի մը
համար ստիպուած ենք ունենալ նոր ապրելակերպ։

Շաբաթներէ ի վեր, տարբեր երկիրներու մէջ, արդէն իսկ կանգ առած է
բնականոն կեանքը, եւ հետեւողաբար՝ մշակութային կեանքը։ Թատրոններ,
համերգասրահներ, ու ցուցասրահներ դատարկ են, ներկայացումները կասեցուած,
իսկ խմբային գործունէութեան իւրաքանչիւր հանդիպում կամ հաւաք արգիլուած է։

Համազգայինը իր կարգին, իր բոլոր կառոյցներով դադրեցուցած է իր ընթացիկ
աշխատանքները եւ անցած արտակարգ աշխատանքային դրութեան. իսկ այս
հանգրուանին պարտադրած առաջնահերթութիւններէն մեկնած, իր կարելիութեան
սահմաններուն մէջ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը առցանց, կը գործեն նաեւ
Համազգայինի Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի գրասենեակները
համապատասխան պատշաճեցումներով։ Համազգայինի ճեմարաններուն մէջ
դասաւանութիւնները կը շարունակուին հեռավար ուսուցման ճամբով,
օգտագործելով առցանց ուսուցման գրեթէ բոլոր միջոցները։ Գեղարուեստի խումբերէն
իւրաքանչիւրը իր պայմաններուն համաձայն փորձեր եւ դասապահեր կը մատուցէ
առցանց։ Սակայն դժբախտաբար այս իրավիճակին ի տես, անկարելի պիտի ըլլայ
իրականացնել շարք մը ձեռնարկներ եւ նախաձեռնութիւններ։

Այս առիթով ձեզի կը տեղեկացնենք, որ այս տարուան Համազգայինի
ուսանողական երկու հաւաքները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արթլինքզը եւ Եւրոպայի
Եութլինքզը ջնջուած են. իսկ Ուսանողական տարեկան հաւաքի՝ Ֆորումի մասին
վերջնական որոշումը պիտի կայանայ մէկ ամիսէն։

Բայց եւ այնպէս ասիկա չի նշանակեր որ այս հանգրուանին մեր
գործունէութիւնը ամլացած է, կամ մենք ձեռնածալ կը մնանք։ Ո՛չ. Համազգայինի
բոլոր կազմերը պէտք է հետամուտ ըլլան մշտական կապը պահելու իրենց
անդամներուն հետ, եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ընձեռած կարելիութիւններէն
օգտուելով, շարունակել առցանց նախաձեռնութիւնները եւ կարելիութեան
սահմաններէն ներս այդ մարզէն ներս նոր քայլեր առնել։

Կեդրոնական վարչութիւնը իր կարգին ձեզի պարբերաբար տեղեակ կը պահէ
այս առնչութեամբ իր յառաջիկայի նորութիւններուն մասին, եւ մինչ այդ՝ կը
վերյիշեցնէ օգտագործել արդէն բոլորին հասանելի համացանցային իր հարթակները.
մայր կայքէջը՝ www.hamazkayin.com, Մշակութային Հ-բեմ հարթակը` www.hpem.com, Լալան ու Արան մանկապատենական խաղերու յաւելուածներն (iOS &
Android) ու Համազգայինի հրատարակչատան ելեկտրոնային գրադարանը e-Libararyի յաւելուածը (iOS & Android), օգտուելու հոն զետեղուած նիւթերէն եւ հաճելին
օգտակատարին միաձուլելով զանոնք բաժնեկցելու բոլորին հետ: Նաեւ հետեւիլ
Համազգային Կեդրոնական Վարչութեան ընկերային ցանցերուն տեղեկանալու մեր
նախաձեռնութիւններուն մասին:

Սիրելի ընկերներ, պէտք է գիտակցինք, որ մեկուսացման այս հանգրուանին
մենք առանձին չենք, այլ բոլոր ժամանակներէ աւելի համախումբ ենք, եւ կը մնանք
գործօն ու ուժեղ, յաղթահարել կարենալու այլ մարտահրաւէրներ։

Մնացէ՛ք ապահով եւ որեւէ դժուարութեան պարագային մի վարանիք դիմելու
մեզի։

Ընկերական ջերմ բարեւներով՝

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.