Կիրօ Մանոյեան. «Մեր Վիճակը Բարդ Է. Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակեն Ճնշումները Հայաստանի Վրայ` Իրանի Հարցով»

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ 7 նոյեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, անդրադառնալով Իրանի դէմ ճշդուած վերջին պատժամիջոցներուն, ըսաւ. «Իրանի իրավիճակը շատ մտահոգիչ է: Կը կարծեմ, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի վրայ ճնշումները պիտի շարունակուին, որպէսզի Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասնին: Միացեալ Նահանգներ այդպէս որոշած են, իսկ թէ ատիկա որքանո՞վ արդար է, այլ հարց է: Օրինակ, Եւրոպական Միութիւնը չի կիսեր ամերիկեան այս մօտեցումը, ինչ որ կը նշանակէ, որ Միացեալ Նահանգներ առանձինն տուած են այդ որոշումը` ինչ-ինչ հաշիւներէ մեկնած»:

Անոր համաձայն, արդէն իսկ տեսանք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդականին շրջան այցելութեան նպատակներէն մէկն ալ շրջանի երկիրները զգուշացնելն էր, եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի:

Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանը չի կրնար միեւնոյն ատեն գոհացնել Միացեալ Նահանգները եւ շարունակել յարաբերութիւնները Իրանի հետ. «Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը կարեւոր դեր ունի եւ իշխանութեան պէտք է բացատրէ, որ Հայաստան այլընտրանքներ չունի շրջանին մէջ: Մենք Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները պիտի շարունակենք: Պարզ է, որ Հայաստան միշտ աշխատած է արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ չդիմել այնպիսի քայլի, որ որեւէ մէկուն դէմ ուղղուած ըլլայ: Այդ մօտեցումը պէտք է գոհացնէ Միացեալ Նահանգները: Իսկապէս բարդ է մեր վիճակը, ուստի պէտք է սերտացնել տնտեսական յարաբերութիւնները Իրանի հետ, իսկ Միացեալ Նահանգներու հետ բացատրական աշխատանք պէտք է տանիլ: Նախագահ Թրամփ պէտք է հասկնայ, որ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները ամերիկեան շահերուն դէմ ուղղուած չեն», ըսաւ Մանոյեան:

Խօսելով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան մասին, թէ Հայաստան-Իրան սահմանը կրնայ գործնականապէս փակուիլ` Մանոյեան ըսաւ, որ այնքան ալ չէ հասկցած Փաշինեանի ըսածը: «Չեմ կարծեր, թէ Իրանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու առկայութեան պարագային նման բան կարելի է»:

«Կը կիսեմ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մօտեցումը, որ Հայաստան պէտք է շարունակէ պաշտօնավարել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ, բայց վստահ չեմ, որ ՀԱՊԿ-ի միւս անդամները համակարծիք են` յատկապէս այն վերաբերումին պատճառով, զոր մենք ցուցաբերեցինք ՀԱՊԿ-ի հանդէպ: Եուրի Խաչատուրովը կալանաւորել, մեղադրանք առաջադրել` առանց համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքներու: Ատիկա ընկալուեցաւ իբրեւ ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ վիրաւորանք», ըսաւ Մանոյեան` անդրադառնալով այն փաստին, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի լիազօրութիւնները դադրեցուած են, իսկ յաջորդ հաւանական թեկնածուն Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչն է: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ այն լուրերը, թէ Ազրպէյճան կը յաւակնի ՀԱՊԿ-ի անդամ դառնալ` յիշեցնելով, որ նման բան կարելի չէ, որովհետեւ Հայաստան առարկելու իրաւունք ունի: «Ազրպէյճան միշտ ալ կրնայ նման փորձեր կատարել` պարզապէս Հայաստանը անհանգստացնելու նպատակով: Ռուսիան ալ, եթէ ոչ ՀԱՊԿ-ի այլ անդամներ եւս, շահագրգռուած պիտի ըլլայ փորձել ցոյց տալ Ազրպէյճանին, որ ան կրնայ դառնալ ՀԱՊԿ-ի անդամ»:

Այս կեցուածքին նպատակը, ըստ Կ. Մանոյեանի, Ազրպէյճանին` ռուսական որոշ շահերուն ի նպաստ քուէարկելն է. «Համոզուած եմ` քանի դեռ Հայաստան ՀԱՊԿ-ի անդամ է, Ազրպէյճան չի կրնար անդամակցիլ կառոյցին: Ան ուղղակի սպառնալիք է մեզի համար, ինչպէ՞ս կրնայ դառնալ անվտանգութեան առնչուող ՀԱՊԿ-ի պէս կառոյցի անդամ»:

«Երկիր»-ի լրագրողը Մանոյեանին հարցուց, թէ արդեօք Իրանի քաղաքականութիւնը փոխուա՞ծ է Հայաստանի նկատմամբ` նկատի առնելով 30 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ երեք երկիրներու` Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումն ու միացեալ յայտարարութիւնը: Մանոյեան պատասխանեց, որ երեք պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան մէջ խօսք չկայ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին մասին. «Առաջին անգամը չէ, որ Իրան կողմ քուէարկած է Ղարաբաղի մօտեցումներուն կամ Արցախի շահերուն դէմ բանաձեւին, բայց ատիկա իրականութեան մէջ չէ դրսեւորուած Իրանի քաղաքականութեան մէջ: Այս պահուն այլ մտահոգութիւն կայ` ոչ թէ Իրանը` իբրեւ պետութիւն, իր կեցուածքը փոխած է, այլ Իրանի մէջ գոյութիւն ունին խմորումներ, որոնք առնուազն պէտք է մտահոգեն մեզ: Իրանի մէջ այսօր միայն փանթուրանականները չեն, որ սկսած են խօսիլ Ղարաբաղի տագնապին, իրաւունքներուն դէմ` փորձելով պաշտպանել Ազրպէյճանը: Ասիկա կը դրսեւորուի զանազան ձեւերով, եւ որքան ալ իշխանութիւններուն մէկ թեւը փորձէ առաջքը առնել նման նախաձեռնութիւններու, այդ խմորումները փաստօրէն գոյութիւն ունին Իրանի մէջ»:

Մանոյեանի համաձայն, այդ խմորումներուն առկայութեան պատճառներէն մէկն ալ կրնայ ըլլալ այն, որ այդ խմորումներուն միջոցով ոմանք կը փափաքին Իրանի կառավարման համակարգին մէջ սիրաշահիլ Ազրպէյճանը, սակայն սա չի կրնար իրականանալ: Ըստ Մանոյեանի, Իրանի համար այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ Ազրպէյճան Միացեալ Նահանգներուն հետ ալ շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի, Ազրպէյճանը սիրաշահիլը տրամաբանական չէ: «Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը Իրանի շահերուն դէմ է, անոր համար ալ Իրանի կողմէ նման որեւէ քայլ չի կրնար այնքան շահագրգռել Ազրպէյճանը եւ մղել զինք, որ փոխէ քաղաքական իր ուղղութիւնը: Ազրպէյճան կրնայ ցոյց տալ, որ գոհ է Իրանի նման քայլերէն, բայց Իրանի դէմ իր քաղաքականութիւնը չի փոխուիր: Մեզի համար մտահոգիչը Իրանի մէջ գոյութիւն ունեցող այդ խմորումներն են»:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ Իրանի հետ Հայաստանի վարած քաղաքականութեան` յայտնելով, որ չի կարծեր, թէ Հայաստանի կողմէ որեւէ անյստակութիւն գոյութիւն ունի:

Անոր համաձայն, հաւանաբար Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները Իրանի իշխանութիւններուն համար այնքան ալ հասկնալի չէին, եւ այդ իմաստով աշխատանքներ ունինք կատարելիք: «Մեր պարագային որոշ յստակացումներու հարց կայ: Պէտք է պարզել, ոչ այնքան մեր ժողովուրդին, որքան մեր գործընկերներուն եւ դրացիներուն, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը ի՛նչ շարունակութիւն կրնայ ունենալ: Անհրաժեշտ է այդ վստահութիւնը ներշնչել մեր դրացիներուն` շեշտելով որ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները չեն նպատակադրեր մեր դրացիներուն եւ գործընկերներուն հետ յարաբերութիւնները վատթարացնել: Իսկ Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները, առհասարակ, սերտացումէն բացի, այլ ուղղութիւն չեն կրնար ունենալ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.