Կիպրոսի Պաֆոս քաղաքի «Թալաթ Փաշա» փողոցը անուանափոխուած է
Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի Պաֆոս քաղաքի «Թալաթ Փաշա» անունը կրող փողոցը վերանուանուած է եւ վերածուած Տիկէոսինիս փողոց (Արդարութիւն)։ Հայ Դատի Յանձնախումբը, իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Պաֆոսի Քաղաքապետին եւ աւագանիին։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Մեր Յանձնախումբը, առաջին անգամ ըլլալով, քննած էր փողոցի անուանափոխութեան հարցը, իր 14 Յուլիս, 2020-ի նիստի ընթացքին, ուր նուաստացուցիչ համարած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած դահիճին անունը պատիւի արժանացած է։ Աւելին, Կիպրոսի Խորհրդարանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացող օրինագիծ մը վաւերացուցած էր։ Այդ որոշումը, իրաւական հարթակ փոխադրած էր թուրք ցեղասպանին մեծարման հանգամանքը։
Այսօր, ուրախ ենք յայտարարելու, թէ մեր բոլորին բաղձանքը իրականացած է։ Մեր շնորհակալութիւնները Պաֆոսի Քաղաքապետ Պրն. Ֆետոն Ֆետոնոսին, որ առանց որեւէ տատամսումի եւ երկմտանքի հաստատեց արդարութիւնը»։