«Կը գտնուինք մարտահրաւէրներով լեցուն մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռական հանգրուանին». Արամ Ա. Վեհափառ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին. 5-8 Դեկտեմբեր 2017 Անթիլիաս, Լիբանան

Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան օրէնսդիր մարմին: Ձեր ներկայութիւնը մայրավանքին մէջ կենդանի վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ հարազատ դիմագիծին, որպէս ժողովուրդի՛ եկեղեցին: Եկեղեցի մը, որուն կեանքին ու առաքելութեան գործնապէս մասնակից է մեր ժողովուրդը: Եկեղեցի մը, որուն առաքելութիւնը ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ չէ, այլ ուղղուած է մեր ժողովուրդին: Ահա թէ ինչո՛ւ, խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին, անոր դերը մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ Մենք կը բնորոշենք որպէս գերազանցօրէն հաւատքի առաքելութիւն ու ազգային ծառայութիւն: Ա՛յս պրիսմակէն հարկ է դիտել ու արժեւորել ինչ որ կը կատարուի մեր Ս. Աթոռին կողմէ:

Արդարեւ, պատմութիւնը կը վկայէ, թէ` եկեղեցին պատմութեան ահաւոր փոթորիկներուն դիմաց մնաց կանգուն, որովհետեւ հաւատարիմ մնաց երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները աշխարհ տանելու ու ժողովուրդին ծառայելու քրիստոսատուր պատգամին: Նո՛յն յանձնառութեամբ իր առաքելութիւնը կատարեց հայ եկեղեցին` Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա ու Սփիւռք, յատկապէս մեր պատմութեան ճակատագրական ժամանակներուն ու մեր կեանքին ամէնէն դառն պայմաններուն մէջ: Հոգեւորը ու ազգայինը սերտօրէն շաղախելով իր կեանքին ու վկայութեան հետ, մեր եկեղեցին եղաւ, Աւետարանին բացատրութեամբ` հովիւ քաջ` տէր կանգնելով Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր ժողովուրդի զաւակներուն: Եղաւ հոգեւոր մշակ` իր ժողովուրդի կեանքին մէջ աստուածաշնչական ուսուցումները ու արժէքները կենսագործող: Եղաւ Բարի Սամարացի` իր ժողովուրդին կարիքները հոգացող ու ցաւերը դարմանող: Եղաւ պահանջատէր` իր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները պահանջող:

Այսօր մեր կեանքի պայմանները հիմնովին փոխուած են: Սփիւռքը ծաւալած է ու կերպարանափոխուած: Գաղութներու տեղաշարժը յառաջացուցած է քանակի ու որակի վերիվայրումներ ու ներքին դրուածքներու փոփոխութիւններ: Համաշխարհայնացումը իր հզօր մշակոյթով սկսած է իր տիրապետութիւնը հաստատել հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Անտարբերութեան, յոգնածութեան ու անորոշութեան նշանները սկսած են բազմանալ մեր գաղութներուն մէջ: Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին ուղղած Մեր պատգամին մէջ ըսինք` «Հայաստանը կը պարպուի եւ Սփիւռքը կը մաշի…»: Իրականութիւնը ծածկելը կամ անտեսելը, կը նշանակէ` տագնապները աւելի խորացնել: Մաշումի ու գունաթափումի վտանգին ենթակայ սփիւռքէն ներս, իմաստութիւնը ու քաջութիւնը պէտք է ունենանք մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու` մեր հաւաքական կեանքը վերանորոգելու ու վերակազմակերպելու նպատակասլաց յանձնառութեամբ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն եւ համապատասխան մօտեցումներ ճշդել այնպիսի մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու նկատմամբ, որոնք կրնան մեր ինքնութեան արմատները կրծել ու մեր արժէքները խաթարել: Միաժամանակ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես ու հեռատես, հինը նորով ընդելուզելու ու հարստացնելու, աւանդականը` արդիականով, անցեալը` ներկայով եւ տեղականը` համահայկականով, որպէսզի մեր նոր սերունդները կապենք մեր կեանքին ու կարենանք քայլ պահել ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հետ:

Այս տեսլականով մեր Ս. Աթոռը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ կատարել: Իր բազմատարած ու ծաւալուն գործունէութեամբ եւ իր ամբողջանուէր ծառայութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը փաստօրէն առանցքային ներկայութիւն է մեր ժողովուրդի սրտին ու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ գործօն դերակատար միջեկեղեցական ու միջկրօնական աշխարհէն ներս:

Անցնող չորս տարիներու մեր Ս. Աթոռին կատարած աշխատանքին ամփոփ տեղեկագիրը կը գտնուի ձեր դիմաց: Ձեր պարտաւորութիւնն է յառաջատեսիլ մօտեցումով քննել ու արժեւորել զայն: Արդարեւ, Մեր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ եւ մօտէն ճանչնալով սփիւռքի ու մասնաւորաբար մեր թեմերուն իւրայատուկ պայմանները, անոնց դիմագրաւած մտահոգութիւնները եւ սպասումները` մեր եկեղեցիէն, Մեր հայեցողութեամբ հետեւեալ մարզերը հարկ է, որ դառնան կիզակէտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յառաջիկայ շրջանի առաքելութեան ու ծառայութեան.և

1) Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման հրամայականը մեր Ս. Աթոռին համար մնայուն մտահոգութիւն է: Այս ուղղութեամբ բնականաբար աշխատանք կը կատարուի թէ՛ կաթողիկոսարանին կողմէ, եւ թէ թեմերէն ներս: Սակայն, մեր աշխատանքը պէտք է կրկնապատկուի: Ականատես ու ականջալուր կ՛ըլլանք մէկ կողմէ` տարբեր պիտակներու ետին ապաքրիստոնէական ու ապազգային հոսանքներու թափանցման հայ կեանքին մէջ, եւ միւս կողմէ` մեր զաւակներուն մօտ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու նկատմամբ տակաւ աճող ծարաւին:

Այս հակադիր երեւոյթներուն դիմաց չենք կրնար ծիսակատարութեան նեղ սահմաններուն մէջ ու սովորական դարձած Ս. Գրոց սերտողութիւններով միայն մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր կոչումը իրագործել: Հայ եկեղեցւոյ ու Աստուածաշունչին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ անդին, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով հարկ է մեր ժողովուրդի կեանքը շաղախել ու վերանորոգել` հոգեմտաւոր լուրջ պատրաստութիւն ունեցող մարդուժի կողքին, ճիշդ կերպով օգտագործելով ներկայ աշխարհի տեղեկատուական ու արհեստագիտական միջոցները: Այլ խօսքով, մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ էապէս ուսուցողական ու դաստիարակչական` նպատակ ունենալով հայ մարդու քրիստոնէական կազմաւորումը: Հո՛ս է եկեղեցւոյ առաքելութեան ճշմարիտ իմաստը: Մեր թեմերը, իրենց ներքին դրուածքին ու շրջապատին համաձայն, կոչուած են բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութիւն ընծայել հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու ներթափանցման` յատկապէս մեր ընտանիքներէն, մեր դպրոցներէն ու կառոյցներէն ներս:

2) Կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, նա՛եւ ծառայութիւնը կը կազմէ եկեղեցւոյ առաքելութեան հէնքն ու նպատակը: Պատմութեան ընթացքին ընկերութեան կեանքին մէջ եկեղեցին դարձաւ լուսանցքային ներկայութիւն, երբ վերածուեցաւ ինքնակեդրոն հաստատութեան: Միւս կողմէ` եկեղեցին դարձաւ ազդու հեղինակութիւն, երբ իր կոչումին հաւատարմութեամբ ինքզինք իրագործեց որպէս ծառայութիւն: Դիտեցէք ձեր շուրջը: Կաթոլիկ եկեղեցին, որուն եկեղեցաբանական ինքնահասկացողութիւնը շեշտակիօրէն հաստատութենական է, այսօր հսկայ ճիգ կը թափէ` եկեղեցին ծառայութեան ճամբով ժողովուրդի՛ն տանելու:

Ընկերային ծառայութիւնը պէտք չէ սահմանափակել մարդասիրական աշխատանքներու ծիրին մէջ: Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհը հետզհետէ խորացող ու բազմացող ընկերա-բարոյական տագնապներով ու բարքերով, մեր եկեղեցին կը մղէ ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդելու իր հաւատացեալները: Վերջին տարիներուն, ո՛չ միայն յաճախակի առիթներով անդրադարձանք մեր եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւնը վերաշեշտելու հրամայականին, այլ նաեւ անգլերէն լեզուով հեղինակած Մեր «Դէպի եկեղեցի` պատերէն անդին» եւ «Եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին» գիրքերուն ճամբով դա՛րձեալ յիշեցուցինք ընկերային ու հովուական ծառայութեան առանցքային կարեւորութիւնը:

Արդ, եկեղեցին գոց տուփի պէտք չէ վերածենք` զայն գրասենեակային, վարչական ու ժողովական աշխատանքներու մէջ պարփակելով: Միջոցը չշփոթենք նպատակին հետ: Եկեղեցին պէտք է բացուի ու երթայ ժողովուրդին: Բազմազան կարիքներով ու մտահոգութիւններով լեցուն մեր ժողովուրդի ներկայ կեանքին դիմաց մեր եկեղեցին պէտք է ո՛չ հրահանգողի դիրքին, եւ ոչ ալ դիտողի վիճակին մէջ ըլլայ, այլ` ծառայո՛ղի դերին մէջ: Չքաւորին ու կարիքաւորին ծառայելով է, որ եկեղեցին ճշմարտօրէն ինքզինք կ՛ըլլայ ու իր հեղինակութիւնը կը կերտէ` Քրիստոսի օրինակին ու պատգամին հետեւելով:

Այսպէ՛ս եղած է մեր եկեղեցին պատմութեան ընթացքին, հակառակ այն իրողութեան որ պայմաններու պարտադրանքով, յաճախ իր ընկերային ծառայութիւնը ստուերի տակ մնացած է` ազգային դերակատարութեան շեշտաւորումով: Մեր թեմերը ընկերային ծառայութեան մարզին մէջ աշխատանքներ կը կատարեն, անկասկած. սակայն, պէտք է կատարուի աւելի՛ն ու առաւել կազմակերպ եւ մասնագիտական կերպով, ինչպէս նաեւ համահունչ` ներկայ ժամանակներու պայմաններէն ու տագնապներէն յառաջացող կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն:

3) Երիտասարդութեան մասին եւս յաճախ անդրադարձած ենք ու ընդգծած անոր կենսական դերը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հարկ է երիտասարդութիւնը դիտողի ու հետեւողի կրաւորական վիճակէն դուրս բերել. ան ընելիք ու ըսելիք ունի: Ա՛յս վստահութիւնը հարկ է փոխանցել մեր երիտասարդութեան: Երիտասարդութիւնը, իր կարգին, ա՛յս հայեցակէտով պէտք է իր տեղը ճշդէ ու դերը ստանձնէ մեր կեանքին մէջ:

Դա՛րձեալ դիտեցէք ձեր շուրջը: Մեր երիտասարդութեան ու մեր կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս մեր համայնքային կեանքին միջեւ սկսած է խրամատներ գոյանալ: Մեր երիտասարդութիւնը սկսած է դառնալ անտարբեր մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ: Լոզունգներ արձակելով ու քննադատական կամ յուսահատական արտայայտութիւններ ունենալով ներկայ մտահոգիչ կացութիւնը չենք կրնար բարելաւել, այլ աւելի կը հեռացնենք մեր երիտասարդները մեր շրջապատէն: Պէտք է խօսինք մեր երիտասարդներուն հետ, լսենք անոնց մտահոգութիւնները ու սպասումները, եւ մեր կեանքին դռները լայն բանանք անոնց առջեւ` ոչ «մենք»-ի եւ «դուք»-ի մօտեցումով, այլ հաւաքական «մենք»-ի մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն տալով անոնց: Արդարեւ, երիտասարդ մարդուժն է, որ մեր կեանքին կենսունակութիւն, վերանորոգում ու յառաջդիմութիւն պիտի ապահովէ: Առանց երիտասարդութեան գործօն ներկայութեան մեր կեանքը պիտի խամրի ու լճանայ եւ երիտասարդութիւնը` օտար դպրոցներու, խառն ամուսնութիւններու ու օտար շրջանակներու ազդեցութեան տակ, պիտի հեռանայ մեր կեանքէն: Արդ, անհրաժեշտ է դիմել, եւ կարելի՛ փութով, ազդու միջոցներու` մեր համայնքներուն մէջ գործող կառոյցներուն հետ գործակցաբար:

4) Մեր Ս. Աթոռի առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը եղած է մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը: Մեր հայրապետները միայն Ապրիլ 24-է Ապրիլ 24 իրենց պատգամներով չեն յիշեցուցած մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու հետապնդման հրամայականը, այլ իրենց յանձնառու աշխատանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձուցած են յառաջապահ ու քաջ զինուորը մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին:

Համազգային մաշտապով նշեցինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Մեր պատգամներուն մէջ յաճախակի կերպով շեշտեցինք, որ ժամանակը հասած է, որ հանգրուանային կերպով ընթանանք ճանաչումէն դէպի իրաւական մարզ, բնականաբար առանց անտեսելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը: Այս շրջագիծին մէջ պատմական նշանակութիւն ունէր Սիսի դարաւոր կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով մեր բացած դատը Թուրքիոյ դէմ: Արդարեւ, Սիսի կաթողիկոսարանին դատը իրաւական իմաստով առաջին ու վճռական քայլ մըն էր, որ իր դրական արձագանգը գտաւ հայ թէ օտար շրջանակներուն մէջ: Շուրջ չորս տարիներու հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքէ յետոյ, այսօր մեր դատը իրաւա-քաղաքական պատճառներով դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ թրքական եւ եւրոպական դատարաններուն մէջ: Հակառակ այս կացութեան, մեր Ս. Աթոռը պէտք է շարունակէ իրաւական գործընթացը` միաժամանակ մեր պահանջատիրական աշխատանքներուն բերելով իր կարեւոր ներդրումը:

5) Վերջապէս, սփիւռքի կազմակերպչական հզօրացումը կը նկատենք կենսական: Հայօրէն մաշող Սփիւռքը հրամայական կարիքը ունի նոր արեան ու նոր շունչի: Այս հրատապ հարցը լայնօրէն քննարկեցինք յուլիսին մեր կազմակերպած` «Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» համագումարին: Անհրաժեշտ է որ յիշեալ հիմնախնդիրին հետ աղերս ունեցող մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն հաւաքական քննարկումը շարունակուի` սփիւռքի կեանքին նոր հունաւորում տալու, զայն նոր հորիզոններու բանալու ու հայապահպանման աւելի ազդու միջոցներով զայն վերազինելու հեռանկարով:

Այս ծիրին մէջ, մեր թեմերու վերակազմակերպումը ու վերանորոգումը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է: Այս մասին հակիրճ կերպով անդրադարձած էինք վերջին Ազգ. Ընդհ. Ժողովի Մեր պատգամին մէջ: Այս ուղղութեամբ, որպէս առաջին հանգրուան, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերուն թելադրեցինք, որ լծուին աշխատանքի, միաժամանակ ուղեգիծ մը պատրաստեցինք դիւրացնելու համար թեմերուն աշխատանքը: Հետեւաբար, կը թելադրենք, որ մեր բոլոր թեմերը գործնապաշտ ոգիով եւ շո՛ւտով սկսին այս յոյժ կարեւոր գործընթացին: Փաստօրէն չենք կրցած քայլ պահել մեր կեանքին մէջ եւ մեր շուրջը տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն հետ: Նո՛յնը կրկնելը` պիտի յառաջացնէ լճացում ու որակի անկում: Արդ, հեռու պէտք է մնալ պարագայական ու մակերեսային մօտեցումներէ: Մեր թեմերը վերակազմակերպումի ու վերանորոգումի առաջնորդող գործընթացը պէտք է ըլլայ ծրագրուած ու համապարփակ եւ ներառէ մեր կեանքի հոգեւոր, վարչական, կազմակերպչական, մարդուժի ու յարաբերական բոլոր տարածքները:

Ահաւասիկ ընդհանուր գծերով այն գլխաւոր բնագաւառները, որոնք մեր հայեցողութեամբ հարկ է, որ առաջնային տեղ գրաւեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յառաջիկայ շրջանի առաքելութեան մէջ: Մեր սպասումն է, որ թէ՛ տեղեկագիրներու քննարկման, եւ թէ յատուկ նիւթերու յատկացուած նիստերուն ընթացքին մատնանշուած մարզերը լուրջ քննարկումի ենթարկուին Ազգ. Ընդհ. Ժողովին կողմէ:

Յառաջիկայ տարի 100-ամեակն է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան: Վստահաբար համահայկական մաշտապով պիտի արժեւորուի այս վճռադրոշմ դէպքը մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան: Այս առիթով պատրաստած ենք Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակ: Յառաջիկայ մարտին (21-23) համահայկական համագումար մը պիտի կազմակերպենք մայրավանքին մէջ, ինչպէս նաեւ այլ ձեռնարկներու շարքին Մայր տաճարին կից պիտի բարձրացնենք յատուկ յուշակոթող մը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը շեփորահարը եղաւ Հայաստանի անկախութեան ու ամբողջական Հայաստանի ամբողջական հայութեամբ տեսլականին: Մեր թելադրանքն է, որ մեր թեմերուն մէջ միասնական ոգիով եւ ժողովուրդի լայն մասնակցութեամբ նշուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը:

Որպէս վերջաբան Մեր պատգամին եւ ընդհանուր ուղենիշ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, կարեւորութեամբ կ՛ուզենք վերյիշեցնել, թէ` կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող որե՛ւէ աշխատանք եւ իրագործուող որե՛ւէ ծրագիր մէկ հասցէ ունի.- մեր ժողովուրդը եւ մէկ նպատակ. ժողովուրդին ծառայութիւնը: Հետեւաբար, Մեր պատգամը ձեզի՛ է ուղղուած` մեր թեմերու պատասխանատուներուն. դո՛ւք պիտի ըսէք թէ ի՛նչ են մեր ժողովուրդին կարիքներն ու թեմերուն առաջնահերթութիւնները, եւ թէ կաթողիկոսարանը ի՛նչ կերպով կրնայ օգտակար ըլլալ ձեզի: Արդ, անհրաժեշտ է, որ սերտ, հետեւողական ու արդիւնաւէտ գործակցութեան մեքանիզմներ հաստատուին թեմերուն ու կաթողիկոսարանին միջեւ: Անհրաժեշտ է նաեւ, որ թեմերու համարատուութիւնը մեր Ս. Աթոռին, անոնց գործօն մասնակցութիւնը Ս. Աթոռին առաքելութեան ու նիւթական աջակցութիւնը անոր աշխատանքներուն աւելի՛ շեշտուի:

Կը գտնուինք անորոշութիւններով ու մարտահրաւէրներով լեցուն մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռական հանգրուանին: Մեր կեանքը շարունակել այնպէս ինչպէս որ է` առանց վերանորոգուելու ու վերանորոգելու մեր հաւաքական կեանքը, պիտի մնանք փակ օղակներու մէջ ու պիտի նահանջենք, ամէ՛ն իմաստով: Կը մերժենք յոռետես թէ բացասական, կրաւորական թէ անտարբեր որեւէ մօտեցում ու համակերպում: Մենք կոչուած ենք միա՛սնաբար նոր մղում տալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան` առաջնահերթ կարեւորութիւն տալով մեր եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան ու ներքին միութեան ամրապնդման, եղբայրական սերտ գործակցութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հետ: Մենք կոչուած ենք նաեւ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ու Արցախի անկախութեան ամրապնդման նպաստող բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն:

Ահա այս մտածումներով ու վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով, դարձեալ կ՛ողջունենք ձեզ մեր ժողովուրդի այս հոգեւոր տան սրբազան յարկին ներքեւ: Թող Աստուած օրհնէ, պահէ ու պահպանէ մեր ժողովուրդը, մեր եկեղեցին ու հայրենիքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.