Կը Գիտակցի՞նք, Որ «Գործնապաշտութեան» Պատճառով Հայերէնը Հիմնական խնդիր Ըլլալէ Դադրած Է

«Ժողովուրդի հանճարին առաջին գործիքը

իր լեզուն է: Ի՞նչ բանի կը ծառայէ համրի մը

շատ գաղափարներ ունենալ»:

Սթանտալ, ֆրանսացի գրող, ԺԹ. դար

 

Ո՞ւր է հայերէնի պաշտպանութիւնը, հայերէնը` որպէս ազգային հիմնական արժէք եւ ըմբռնում, կը պաշտպանուի՞ մեր ժողովուրդին եւ անոր ղեկավարութիւններուն կողմէ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որպէս գրական լեզու, հաւաքականութիւններու կողմէ խօսուած եւ գրուած հարազատ եւ անաղճատ լեզու, որ չըլլայ ոջիլի շուկայի լեզու (ֆլի մարքեթի, մարշէ օ փիւսի լեզու):

Լեզու մը, որ չի խօսուիր, կը մեռնի, նոյնիսկ եթէ այդ լեզուով գրող գիտուններ ըլլան: Լատիներէն խօսող եւ գրող բացառիկ անձեր կան, քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մտաւորականներէն մին գրաբարով դասախօսեց (անունը չեմ յիշեր): Բայց ո՛չ լատիներէնը եւ ո՛չ ալ գրաբարը կենդանի լեզու եղան, կենդանի լեզու չեն:

Այսօր սփիւռք(ներ)ի ո՞ր տոկոսը հայերէն կը կարդայ, նոյնիսկ` օրաթերթային, ո՞ր տոկոսը հայերէն կը գրէ, նոյնիսկ` օրաթերթային: Որդեգրուած է նահանջի, դիւրութեան եւ թեթեւսոլիկ կապկումի ճանապարհը` խօսիլ եւ գրել տեղական լեզուներով, կամ` այսպէս կոչուած, համաշխարհային լեզուով, որ ամերիկերէնն է:

Յառաջդիմութեան եւ գործնականութեան օրինաչափ դարձած է օտարալեզու թերթը եւ հաղորդամիջոցը: Պահ մը կանգ չենք առներ եւ չենք ըսեր, որ այդպէս ընելով` կը դիւրացնենք հայերէնի կորուստը եւ մայրուղի կը բանանք ազգի օտարման առջեւ: Մոռցուած արտայայտութիւն կայ, որ կ՛ըսէր` «Ճերմակ ջարդ»: Վարակող ախտ է մեծերու եւ պզտիկներու, գիտակներու եւ անգէտներու «նախնական ամերիկերէն»-ի գործածութիւնը համացանցի հարթակներու վրայ` որպէս «ապացոյց» զարգացման եւ արդիականութեան, անձնատուութիւնը ծածկող շպար:

Այս ընթացքը հայ ազգային նպատակներու հետապնդման քաղաքականութեան եւ ինքնութեան պահպանման ձախողանքն է, նոյնիսկ երբ ան կը դիտուի որպէս տեղական, տեղայնական, համայնքային կամ ժամանակաւոր մանրուք, բայց իրողութիւն է` հիմնականին բաղդատած, հիմնականէն շեղած:

Հայաստանի մէջ մօտաւոր անցեալի ռուսախօսութիւն-ռուսագրութիւնը չէ անհետացած, անոր վրայ գումարուած են ուրիշ լեզուներ ալ, մասնաւորաբար` ամերիկերէնը: Մի՛շտ` ի հեճուկս հայերէնի: Աւելի իմաստուն ազգային-քաղաքական-մշակութային ուղիի հետեւած պիտի չըլլայի՞նք մեր դպրոցներուն մէջ որակով սորվեցնելով օտար լեզուները, առանց անոնցմով փոխարինելու հայերէնը: Այս քաղքենի յաջողութեան կիրքով տարուած հակազգային տուրք է, թերեւս ալ` անկարողութեան եւ անկազմակերպութեան, հարազատի հեռանկարի պակաս:

 

Հիմա արդէն կը խօսուի դպրոցներու մէջ ազրպէյճաներէն ուսուցանելու մասին, հաւանօրէն նոյն հունով` նաեւ թրքերէն: Օր մըն ալ ռուսական, ամերիկեան եւ ֆրանսական համալսարաններու կողքին կ՛ունենանք թրքական համալսարան: Նահանջի եւ հոգեկան խուճապի թափը կասեցնել դժուար է: Յետո՞յ…

Միջոցին, չես գիտեր` ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, հայերէնի բառապաշարը խաթարուած է հազարաւոր օտար բառերով: 2500 օտար բառեր առանձնացուցած եմ գրուած եւ խօսուած արեւելահայերէնէն: Օտար լեզու մը խօսելու եւ այդ լեզուով գրելու համար այդքան բառ շատ է նոյնիսկ:

Հայերէնը` որպէս քաղաքական եւ ինքնութեան հիմնական ազդակ, դադրած է ճշմարիտ առաջադրանք ըլլալէ: Հետզհետէ սեղմուող եւ փոքրամասնութիւն կազմող բջիջներ կը տագնապին, հնարաւորի սահմաններուն մէջ կը գործեն այդ ուղղութեամբ:

Հայ ազգային-քաղաքական ղեկավարութիւնները լեզուի գաղափարական քաղաքականութիւն չունին, որ հրաժարում է ազգի գոյութենական պայքարէն: Մտաւորականութիւնը, առանց մարդորսական եւ կողմնապաշտական ճապկումներու, չի լուսաբաներ հանրութիւնը, չի դատապարտեր նահանջը առաջնորդողները:

Արեւելահայերէնի պարագային, այս լքման նպաստեց աբեղեանական կոչուուղ եւ արդի համարուող ուղղագրութիւնը, որ փոխեց բառերու տեսքը եւ իմաստաբանութիւնը: Հայերէն սորվողին ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ՕՐԵՆՔ (ՕՐԷՆՔ) բառէն կը ծնի ՕՐԻՆԱԿԱՆԸ, ինչպէս զատել զաւակի ՍԷՐ-ը կաթի ՍԵՐէն: Ինչպէ՞ս աշխարհագրութիւն ըմբռնել` գրելով ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿ, աւաղելով բառին ստուգաբանական իմաստը, որ կայ ԲԱՐՁՐԱՒԱՆԴԱԿ-ին մէջ: Հայերէնը հարուստ արմատներով եւ արտայայտչական կարողութիւններով լեզու է, էր, ո՛չ համրի շարժումներով եւ ո՛չ ալ հեռագրական (Մորսի) լեզու:

Մենք ինքնախաբէութեամբ կրնանք մենք մեզ համոզել, որ անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, թրքերէն կամ այլ լեզուով մը գրելով` հայ գրականութիւն կ՛ունենանք: Ժողովուրդի մը գրականութիւնը կը շնչէ իր բառերու իւրայատուկ ժառանգութեան իմաստներով: Օտարագիր գրողի էջերուն վրայ կարդալ grue կամ crane չի փոխարիներ հայերէն եւ հայրենի կռունկը: Օտար լեզուներով կրնանք մեր պատմութիւնը ներկայացնել, դատ պաշտպանել, քարոզչութիւն ընել, բայց ոգեկանութիւն չենք արտայայտեր:

Օրինակ, Ուիլիամ Սարոյեան հայածնունդ գրող է, իր գործը կը խօսի հայու մասին, բայց հայ գրականութիւն չէ, կը պատկանի Ամերիկայի: Այդպէս է պարագան բոլոր օտարագիր հայածնունդներուն: Անոնք, անկասկա՛ծ, սիրելի անուններ են, հայը եւ անոր պատմութիւնը կը ծանօթացնեն: Այդքա՛ն: Այս արժէքի ստորագնահատման հարց չէ, այլ` հարազատութեան:

Եթէ հայերէնագրութեան, հայախօսութեան, հայերէնի բառապաշարի խաթարման այս լքման ընթացքը շարունակենք, ժամանակ մը ետք պիտի գտնուինք խառնածին արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի առջեւ, որոնք աստիճանաբար պիտի անհետանան, եւ զոյգ աշխարհաբարներն ալ, իրենց ստեղծած մշակոյթով եւ գրականութեամբ, պիտի դառնան մեռեալ լեզուներ, զորս պիտի ուսումնասիրեն մասնագէտներ, ինչպէս այդ կ՛ընեն լատիներէնի կամ գրաբարի համար:

 

Կանխելու համար այս աղէտը, իր նոյնքան աղէտալի հետեւանքներով, մեր պետութեան, կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու օրակարգին պէտք է գտնուի լեզուի ընդհանրապէս պաշտպանութեան եւ անոր անխաթար պահպանման օրակարգը` որպէս մնայուն եւ հեռանկարային առարկայ:

Այս համազգային հիմնահարց է, վեր` սովորական քաղաքական մրցակցութիւններէ եւ դիրքորոշումներէ:

Կը զարմանամ, որ հայրենի պետութիւնը, անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին, հայկական սփիւռքի մասնակցութեամբ, քաղաքական եւ ջոջական ճապկումներէ հեռու,  չփորձեց Լեզուի Պաշտպանութեան համազգային խորհուրդ մը ստեղծել (անունը կարեւոր չէ), որպէսզի ծրագիր մշակուի եւ գործադրուի հայերէնը պահելու համար որպէս կենդանի եւ ստեղծագործական լեզու, զայն զտելու, տարածելու եւ դարձնելու բոլոր հայերու համար գործածուող հաղորդակցական լեզու, նոյն հունով` զայն պահելու համար իր գրական լեզուի բառապաշարի ժառանգուած հարստութեամբ: ԺԶ.-ԺԷ. դարու ֆրանսացի բանաստեղծ Ֆրանսուա տը Մալհերպ իր մահուան անկողնին մէջ անգամ չէ հանդուրժած լեզուի զեղծման եւ ըսած է. «Մինչեւ մահ պիտի պաշտպանեմ բիւրեղեայ ֆրանսերէնը»: Իրմէ առաջ ուրիշներ ալ յայտարարագիր հրապարակած են «ֆրանսերէնի պաշտպանութեան եւ պանծացման համար»: Օտար լեզուներու հիացողները, անոնք ըլլան մտաւորականներ թէ շարքային հայեր, կ՛ունենա՞ն ֆրանսացի բանաստեղծին ինքնութեան գիտակցութեան առաքինութիւնը:

Ի՞նչ կ՛ընենք մենք:

Հայերէնը կը խճողենք օտար տառադարձուած բառերով, երբ անոնց համապատասխան հայերէնները ունինք: Կը բաւէ հայերէն հարազատ բառերը կրկնել, հրատարակել` ի հարկին փակագիծի մէջ գրելով օտար բառը, եւ վարժութիւն կը ստեղծուի: Այս կ՛ըլլայ ազգային-հանրային ինքնապաշտպանութեան դաստիարակութիւն, որ նաեւ առողջ ազգային քաղաքականութիւն է:

Պէտք չէ յուսահատիլ եւ պահանջել, որ Լեզուի Պաշտպանութեան Համազգային մարմին մը ստեղծուի` ի յառաջագունէ ընդունելով, որ անոր որոշումները պարտադիր պիտի ըլլան եւ գործադրուին Հայաստան եւ սփիւռքներ, որուն համար պէտք չէ խնայել մարդկային եւ նիւթական ներդրումները:

Ա՛յս ալ ինքնապաշտպանութեան քաղաքական պայքար է, նախամեծար` ամբոխ զուարճացնող տօնախմբութիւններէ:

Յիշե՛լ, կրկնել,տարածել եւ համոզումի վերածել Մուշեղ Իշխանի ՀԱՅՈՒ ՏԱՆ իմաստութիւնը…

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

30 յունիս 2022, Վիլլէր-սիւր-մէր

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.