Կարդինալ Եւ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք` Գրիգոր-Պետրոս Ժե. Աղաճանեանի Երանացման Դատին Առթիւ

«Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, թէ որքան
երախտապարտ են անոր` հայ քրիստոնեայ
ժողովուրդը, կաթողիկէ առաքելութիւնները,
Սուրբ Աթոռը եւ ամբողջ եկեղեցին»
Պօղոս Զ. Քահանայապետ
26/05/1971
Հայ կաթողիկէ եկեղեցին ակնկալու յոյսով կը նայի դէպի Հռոմի Ս. Աթոռը, ուր «Աստուծոյ ծառայ» կարդինալ եւ Տանն Կիլիկիոյ Հայ կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման դատը պիտի հռչակուի յառաջիկայ 28 հոկտեմբեր 2022-ին: Հռոմի Լատիրան մայր տաճարի ժողովասրահին մէջ, սրբազան քահանայապետին փոխառաջնորդ Հռոմի թեմին կարդինալ Անճելօ Տի Տոնադիսն պիտի հռչակէ սիրեցեալ կարդինալին երանացման դատին բացումը` ներկայութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի:
Կարդինալ Աղաճանեան բառին ամենաճշմարիտ իմաստով Աստուծոյ ծառան էր: Օծուած` ծառայելու կաթողիկէ ս. եկեղեցիին եւ իր սիրեցեալ ազգին: Աղաճանեան եղաւ եզակի անձնաւորութիւն մը, որ իր ուրոյն դերը ունեցաւ հայ ազգի պատմութեան մէջ` ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Կաթողիկէ ս. եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն ու ի պարծանս հայ ազգին:
Համառօտ տողերով գրել Աղաճանեանի նման մեծանուն անձնաւորութեան մը մասին` հեշտ աշխատանք չէ: Աղաճանեան` որպէս կաթողիկոս-պատրիարք Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, անոր անխոնջ հոգատարն էր: Ան թեմեր եւ գաղութներ հիմնեց, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ կառուցեց եւ թափ տուաւ հայկական հրատարակչական գործերու: Տարբեր երկիրներու հայկական գաղութները այցելելով` անոնց հովուական կարիքներուն հասաւ: Եղաւ` շինարար, կրթական մշակ, մարդկանց իրաւանց պաշտպան, լայնատարած հողամասերու հովիւ: Ան աստուածաբան, լեզուաբան (կը տիրապետէր ութ լեզուներու) եւ իրաւաբան էր: Սակայն ասոնցմէ վեր եւ առաջ միշտ Աստուծոյ ծառան էր:
Կարդինալի Կեանքէն Համառօտ Տեղեկութիւններ
Ան ծնած է 18 սեպտեմբեր 1895 թուականին, Ջաւախքի հայկական շրջանի Ախալցխա քաղաքին մէջ, Յարութիւն Աղաճանեանի եւ Իսկուհի Սարուխանեանի ընտանիքէն ներս` աւազանի անունով կոչուելով Ղազարոս:
Ան իր փոքր հասակէն սիրած է եկեղեցին: 1906 թուականին, երբ շուրջ 12 տարեկան էր, կ՛ուղարկուի Հռոմ` Հայ կաթողիկէ ճեմարան, ստանալու եկեղեցականի կազմաւորման ուսումը:
23 դեկտեմբեր 1917-ին քահանայ կը ձեռնադրուի եւ կը վերակոչուի Ֆրանչիսկոս:
21 յուլիս 1935-ին, իր կարողութեանց ու յաջողութիւններուն շնորհիւ, կը բարձրանայ եպիսկոպոսական աստիճանին:
1937-ին Պէյրութի մէջ կայացած հայ կաթողիկէ ընտրական սինոտի հայրերը Աղաճանեանը կ՛ընտրեն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք: 42 տարեկանին ան պատրիարքական գահ կը բարձրանայ` վերանուանուելով Գրիգոր, Հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի անունով:
1946-ին Աղաճանեան իր օրինակելի հոգեւորականի վարքագծով կը ստանայ կարդինալի իր կարմիր գլխարկը:
Կարդինալին ստանձնած Պաշտօններ
1932-ին կը նշանակուի Հայ կաթողիկէ ճեմարանի տեսուչի օգնական, ապա` տեսուչ:
Պիոս ԺԲ. քահանայապետը զինք կը նշանակէ Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրքը կազմելու կոչուած յանձնաժողովի նախագահ` դառնալով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երկուհազարամեայ պատմութեան այս պաշտօնին կոչուած առաջին հայը:
1935-ին Պիոս ԺԲ. պապը զինք` որպէս առաքելական այցելու, կ՛ուղարկէ Լիբանանի Զմմառու վանք, ուր ան յաջողութեամբ կը կատարէ իր առաքելութիւնը:
Հռոմ վերադառնալէ ետք ան կը նշանակուի Հաւատքի տարածման համալսարանի փրոֆեսէօր, ինչպէս նաեւ` Արեւելեան սինոդի եւ Արեւելեան եկեղեցւոյ իրաւական յանձնաժողովի խորհրդական անդամ:
Աղաճանեանի Իրագործումները
Ան Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմի բացումը կը կատարէ Աշրաֆիէ թաղամասին մէջ` եկեղեցի կառուցելու հիմնաքարը դնելով:
Աղաճանեան առանցքային դեր ունեցած է 1939 թուականին Քեսապի ու հարեւան գիւղերու թրքական իշխանութիւններուն կողմէ բռնագրաւումէն ետք անոնց սուրիական իշխանութեան վերադարձումին մէջ:
Իր պատրիարքութեան ընթացքին եկեղեցական շատ կարեւոր ծրագիրներ կ՛իրականացնէ` կառուցելով եկեղեցիներ, ներառեալ` Պէյրութի Ս. Եղիա- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցին եւ Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցին:
1963-ին Վատիկան Բ. ժողովի ընթացքին, որուն համակարգողն էր ան, Աղաճանեան կ՛առաջարկէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը սոյն ժողովին: Այս իմաստով երկու անջատ պատմական հանդիպումներ կը կազմակերպէ Պօղոս Զ. քահանայապետին եւ Խորէն Ա. եւ ապա Վազգէն Ա. կաթողիկոսներուն միջեւ:
Շատ մը աղբիւրներու համաձայն, 1958 եւ 1963 թուականներու պապական ընտրութիւններու ընթացքին, երկու անգամներուն ալ Աղաճանեանի թեկնածութիւնը դրուած էր, եւ հաւանաբար ընտրուած էր առանց ընդունելու սոյն պաշտօնը:
Աղաճանեան արժանի է երախտագիտութեան բարձրագոյն գնահատանքի, որովհետեւ ան` որպէս Աստուծոյ ծառան, իր կեանքը անսակարկ եւ անմնացորդ տուաւ իր Աստուծոյն, իր եկեղեցւոյն եւ ժողովուրդին:
Եղաւ սիրոյ եւ արդարութեան առաքեալ: Դարձաւ միութեան եւ համերաշխութեան դեսպան: « Բարի պատերազմը պատերազմեցաւ, ընթացքը կատարեց, հաւատքը պահեց: Ասկէ յետոյ կը մնայ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊՍԱԿԸ» (Բ. Տիմ. 4:7):
Իր կեանքին ամբողջ ընթացքին, Աղաճանեան եղած է իր գեղեցիկ խօսքով, քահանայական արժանավայել կեանքով եւ հոգեւորականի յատուկ շնորհքով օժտուած եկեղեցական մը: Ան բաժնուեցաւ այս աշխարէն 16 մայիս 1971-ին` ըլլալու համար իր սիրելի Տիրոջ հետ:
Կ՛եզրափակեմ իր յուղարկաւորութեան ժամանակ Պօղոս Զ. քահանայապետին արտասանած վկայութեան խօսքերով.
«Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ այն, ինչ որ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը, կաթողիկէ առաքելութիւնները, Սուրբ Աթոռը եւ ողջ եկեղեցին կարդինալ Աղաճանեանին կը պարտին»:
Այո՛, մենք իսկապէս շատ բան կը պարտինք անոր:
Միասնաբար աղօթենք, որ Աղաճանեանի երանացման դատը յառաջ երթայ, եւ մենք` որպէս հայեր, կարենանք տեսնել զինք Ընդհանրական եկեղեցւոյ զոհասեղաններուն վրայ:
Հ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ