Կասեցնել մենաշնորհային համակարգի մշտնջենաւորումը

Կարօ Արմենեան

Այսօր արդէն յստակ է ամէն բան։ Իշխանափոխութիւնն ու մենաշնորհային համակարգը գտած են իրենց համակեցութեան եզրերը և ժողովուրդի շահագործումը կը շարունակուի անփոփոխ։ 

Կարդա՛լ Ընկ. Սուրէն Պարսեանի յօդուածը Հայաստանի Հանրապետութեան մենաշնորհային տնտեսութեան ներքին կացութեան մասին ներկայ իշխանութիւններու տնտեսական քաղաքականութեան լոյսին տակ։

Դեռ այն օրերուն, երբ Վարչապետ Փաշինեան և իր համախոհները կ՚ըստանձնէին իշխանութիւնը յեղափոխութեան փութկոտ լոզունգներ շռայլելով ամէնուր, մենք կը պնդէինք, որ իշխանափոխութիւնը շատ հեռու էր յեղափոխութիւն ըլլալէ և որ յեղափոխութիւնը դեռ պէտք էր բերել համակարգային արմատական փոփոխութիւններ մտցնելով տնտեսութեան կեանքէն ներս։ Դեռ այն օրերուն, երբ Պր. Փաշինեան և իր ընկերները կը պնդէին, որ յեղափոխութիւնը գտած էր վերջ, մենք կը յիշեցնէինք, որ յեղափոխութիւնը դեռ չէր իսկ սկսած։

Այսօր արդէն յստակ է ամէն բան։ Իշխանափոխութիւնն ու մենաշնորհային համակարգը գտած են իրենց համակեցութեան եզրերը և ժողովուրդի շահագործումը կը շարունակուի անփոփոխ։ Հռետորաբանութիւնը մէկդի՝ նախորդ իշխանութեան և նորին միջև տարբերութեան իրական եզրերը տնտեսական իրաւակարգի առումով դեռևս ոչինչ կը խոստանան։ Դաշնակցութեան շարունակական ճիգերը նախորդ իշխանութեան ներսէն դրական տեղաշարժ մէջտեղ բերելու արդիւնք չտուին։ Դաշնակցութեան շարունակական ճիգերը ներկայ իշխանութեան ներսէն դրական տեղաշարժ մէջտեղ բերելու բացէ ի բաց խափանուեցան։ Այսօր արդէն ժամանակն է, որ մեր երկրի հանրութիւնը — և մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ — իշխանական այս բազմասերունդ հաստատութեան (establishment ) դիմաց դնէ իր արդար իրաւունքներէն բխող այլընտրանքը, որ Դաշնակցութեան այլընտրանքն է։ Ժամանակն է, որ մեր ժողովուրդը վերջապէս ազատուի սուտ լոզունգներու տիրապետութեէն և սկսի տեսնել իր իրական ապագան։ Ժամանակն է, որ միանգամընդմիշտ վերջ դրուի հին խորհրդային իրաւակարգի բազմադիմի ժառանգականութեան և անկախութեան իրաւակարգը լիովին ստանձնէ իր պատասխապատւութիւնները առանց վարանումի և առանց վերապահութեան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.