Կայացաւ «Հայ Հասարակական–Քաղաքական Միտքը 19-րդ Դարու Վերջին Եւ 20-րդ Դարու Առաջին Կէսին, Պատմութիւն Եւ Արդիականութիւն» Խորագիրը Կրող Գիտաժողովը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ, մարտ 2-ին կայացաւ «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կէսին. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրը կրող գիտաժողովը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեանը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, ՀՊՄՀ նախագահ Սրբուհի Գէորգեանը, նոյն համալսարանի պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդկար Յովհաննիսեանը եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը:

«Այն ժողովուրդի ժառանգները, որոնք պատերազմի, սովի, անձեւ քաոսի պայմաններու մէջ 1918 թուականին անկախ հանրապետութիւն կերտեցին, նոյն ոգիով ալ 1988 թուականին ազգային շարժում սկսան: Այս ամէնը փաստեց, որ նպատակը կ՛ուրուագծէ պատմական հոլովոյթի ընթացքը: Գրեթէ մէկ միլիոն մարդ «Ազատութեան» հրապարակը կը հաւաքուէր «Միացո՛ւմ» կոչի ներքեւ` հաւատարիմ ազատ ու անկախ ապրելու իր մեծ նպատակին, ինչպէս եւ` Միացեալ Հայաստանի համար պայքարի պատրաստակամութեան: Այսօրուան գիտաժողովի ուղերձը անգամ մը եւս կը հաւաստիացնէ, որ հայոց պետականութիւնը անխաթար պահելու, օրուան իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը ծրագրելու գործընթացին ելակէտը պէտք է ըլլայ ժողովուրդին իտէալը», նշեց Ռուզան Առաքելեան:

Զեկուցումներով հանդէս եկան` դոկտոր Ռուբինա Փիրումեանը (Միացեալ Նահանգներ), կրթական վաստակաւոր գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանը (Լիբանան), փրոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեանը, դոցենտ Էդկար Յովհաննիսեանը, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեանը, Կարէն Խանլարեանը, փրոֆեսէօր Սամուէլ Պօղոսեանը, փրոֆեսէօր Աւետիս Յարութիւնեանը, դոցենտ Հայկ Գրիգորեանը, Վարդան Դեւրիկեանը, փրոֆեսէօր Աշոտ Գալստեանը, փրոֆեսէօր Վազգէն Համբարձումեանը, Մարիամ Յովսէփեանը, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեանը, փրոֆեսէօր Ռիմա Միրումեանը, Մարգարիտ Խաչատրեանը, Արմէն Կարապետեանը:

Նշենք, որ գիտաժողովի մասնակիցներուն զեկուցումները պիտի զետեղուին յառաջիկային տպագրուելիք գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածուին մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.