Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»ը լոյս տեսած է անգլերէն թարգմանութեամբ

Պոսթընի մէջ առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսած է Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» բանաստեղծութեան հատորը՝ անգլերէն լեզուով։ Թարգմանիչներն են Թարգմանիչ-հրապարակագիր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան եւ «Արմինիըն Ուիքլիի» նախկին խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան։ Գիրքը տպագրուած է «Հայրենիք» հրատարակչատան կողմէ:

1945-ին հրատարակուած «Թուղթ առ Երեւան»ը գրուած է ի պատասխան համայնավար գրող Գէորգ Աբովի մէկ հակադաշնակցական ոտանաւորին («Մենք Չենք Մոռացել»)։

Հատորին անգլերէն խմբագիրն է Վահէ Հապէշեանը, իսկ հայերէնի խմբագիրը՝ Եփրեմ Թոքճեանը: 119 էջերէ բաղկացած հատորին մէջ լոյս տեսած է խմբագիր Վահէ Հապէշեանի յառաջաբանը, որ մանրամասնօրէն կ՚արժեւորէ Ծառուկեանի ստեղծագործութեան գրական ու պատմական արժէքները։

Անդրանիկ Ծառուկեան ծնած է 1913-ին Կիւրին։ Եղեռնի եւ աքսորի տարիներուն մանկութիւնը անցուցած է որբանոցներու մէջ։ 1920-ականներու սկիզբը մայրը կը գտնէ զինք եւ նախնական ուսումը կը ստանայ Հալէպի Հայկազեան Վարժարանին մէջ։ Ապա կ’անցնի Պէյրութ եւ կ’աւարտէ տեղւոյն Համազգայինի Ճեմարանը։ Գլխաւոր գործերն են՝ «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ», «Երազային Հալէպը», «Թուղթ Առ Երեւան»։ Երկար տարիներ խմբագրած է Նայիրի գրական հանդէսը։ Մահացած է 1989-ին, Փարիզ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.