ԽՈՀԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ազգային Սահմանադրութեան 150-րդ տարեդարձն էր այս տարի։ 1863-ի մարտի 17-ին, օսմանեան իշխանութիւններըկը հաստատէին անոր – թէկուզ մաքրաջրուած – յօդուածները եւ ան կը դրուէր գործադրութեան։

Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրումը, հակառակ իր կիրառման ծիրի սահմանափակութեան, մեծ շրջադարձ էր հայուն համար։ Հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, բացարձակապէ՛ս առաջին անգամ ըլլալով, անհատ հայը կ՚ունենար քուէի իրաւունք, կ՚ունենար իր ներկայացուցիչները ընտրելու իրաւունք, կ՚ունենար իր տեղական հարցերը ի՛ր կողմէ ընտրուած մարմիններու կողմէ տնօրինելու իրաւունք։ Եւ, մանաւանդ, կ՚ունենար իր ընտրեալներէն հաշի՛ւ պահանջելու իրաւունք։ Ան նաեւ կը բանաձեւէր ժողովրդավարական կառոյցի տարբերակ մը, որ շատ յարիր է մեր հաւաքական հոգեբանութեան, այն աստիճան յարիր, որ ան կը գոյատեւէ ցայսօր Սփիւռքի նման խայտաբղէտ միջավայրի մը մէջ, առանց որեւէ պետական կամ այլ լծակներու օգնութեան։

ԱՆՈՒՂՂԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ազգային Սահմանադրութեամբ ուրուագծուած եւ հաստատուած ժողովրդավարութեան տարբերակը գուցէ «յետամնաց» թուին այսօր, – անուղղակի ներկայացուցչականութիւնը շատ ալ ի պատուի չէ այս օրերուն, – սակայն ըստ երեւոյթին մեր պայմաններուն ու հոգեբանութեան յարիր է, այլապէս մէկուկէս դար չէր յարատեւեր ի հեճուկս ամէն տեսակի խոչընդոտներու։ Ազգային շէնքի օղակներու բարձրացումը ներկայացուցչական – երեսփոխանական – ձեւով, երբ իւրաքանչիւր օղակ կ՚ընտրէ իր տարածքի կառավարութիւնը՝ վարչութիւնը, թաղականութիւնը կամ մասամբ նորին, եւ ներկայացուցիչներ կ՚ընտրէ միայն յաջորդ օղակին համար, ուր անոնցմով գոյացած ժողովը իր հերթին կ՚ընտրէ իր կառավարութիւնը՝ իր տարածքին համար, եւ ներկայացուցիչներ յաջորդ օղակին համար, այնքանով յաջող է եւ յարիր մեր բնաւորութեան ու հոգեբանութեան, որ որդեգրուած է նաեւ մեր կազմակերպութիւններէն շատերուն կողմէ, յատկապէս այն կազմակերպութիւններուն, որոնք փաստած են իրենց կենսունակութիւնը տասնամեակներու ընթացքին եւ, մանաւանդ, յաջողած են հասարակական կազմակերպութիւններու ամենակարեւոր քննութեան՝ յաջող սերնդափոխութեան քննութեան մէջ։

Ազգային սահմանադրութեամբ ուրուագծուած կառոյցը իրականութեան մէջ պետական կառոյց է կրօնա-համայնքային ծպտումով։ Օսմանեան իշխանութիւնները առաջին իսկ օրէն նշմարած էին այդ իրողութիւնը եւ պահանջած որոշ բաժիններու կրճատումը՝ «պետութեան մէջ պետութիւն չըլլար» պատճառաբանութեամբ։ Սակայն հիմնական գիծերը մնացին անաղարտ։ Անոնցմէ ամենակարեւորն է իշխանութեան վարէն վեր բարձրացող բնոյթը, որ կարմիր թելի նման կ՚անցնի Սահմանադրութեան երկայնքին ու լայնքին։

ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԸ՝ ԲԱՌԷՆ ԱՌԱՋ

Ուշադրութեամբ կարդալով Ազգային Սահմանադրութեան յօդուածները, փորձելով հասկնալ իւրաքանչիւր մանրուք թուացող մանրամասնութեան գոյութեան պատճառը, մարդ կրնայ միայն հիացում զգալ անոր հեղինակներուն նկատմամբ. անոնք կարողացան, առանց ծայրայեղութիւններու մէջ իյնալու, մեծ նրբանկատութեամբ, եկեղեցւոյ նման կեդրոնաձիգ, նախա-միջնադարեան, հայրապետական, իշխանութիւնը վերէն վար գործադրող կառոյցի մը հետ միահիւսել ժողովրդավար, ապակեդրոն, իշխանութիւնը վարէն վեր գործադրող կառոյց մը, որ իր էութեամբ հակապատկերն է առաջինին։ Եւ այս ամէնը, հաշուի առնելով նաեւ երրորդ գործօնի մը՝ Օսմանեան իշխանութիւններու ծանր ազդեցութիւնը։

Չմոռնանք, որ նախքան Սահմանադրութեան որդեգրումը, Պոլսոյ Պատրիարքը տէրն ու տիրականն էր ամեն ինչի, ըլլալով Օսմանեան պետութեան կողմէ ճանչցուած հայութեան միակ ներկայացուցիչը։ Սահմանադրութիւնը մի քանի յօդուածներով շատ յստակօրէն կը սահմանէ Պատրիարքի իշխանութեան չափը եւ կշիռը, փաստօրէն զայն բացարձակ միապետէն վերածելով սահմանադրական միապետի մը։ Կարդանք մի քանի յօդուածներ (այս գրութեան մէջ օգտագործուած բոլոր մէջբերումները առնուած են Ազգային Սահմանադրութեան առաջին՝ 1865-ին տպուած տարբերակէն).

Յօդուած 8 – Պատրիարքին պարտաւորութիւնքն են Սահմանադրութեան սկզբանց համեմատ վարուիլ, եւ անոր ամեն կէտերուն ճշդիւ գործադրութեանը ուշի ուշով հսկէ։

Պատրիարքը իրեն եկած գործերը ո՛ր Ժողովոյ կը վերաբերի նէ այն ժողովոյն կը յանձնէ՝ քննութեան եւ որոշման համար։ Ժողովոց մէջ որոշուած գործոց վրայ Պատրիարքին Թագրիրները եւ կամ ուրիշ Պաշտօնական գրութիւնները վաւերական եւ գործադրելի չե՛ն կրնար ըլլալ եթէ որոշող Ժողովոյն կողմէն ալ կնքեալ եւ ստորագրեալ չ՚ըլլայ։ Իսկ երբ ստիպողական գործ մը պատահի, որոյ տնօրինութեանը համար կարելի չ՚ըլլայ մինչեւ Ժողովոյն գումարման օրը սպասել կամ արտաքոյ կարգի Ժողով գումարել, Պատրիարքը կրնայ պէտք եղածը ինքնին տնօրինել, իր վրայ առնելով պատասխանատուութիւնը, բայց պարտաւորեալ է եղելութիւնը արձանագրել տալ կանոնաւոր կերպիւ, եւ ո՛ր Ժողովոյն կը վերաբերի նէ՝ անոր յաջորդ նիստին ներկայացունել վաւերացման համար։

Յօդուած 9 – Պատրիարքը իր բացակայութեանը ատեն Ազգային Ժողովներու մէջ տրուած որոշումները պարունակող թուղթը դեռ չ՚ստորագրած, կարող է անոնց վրայ իր դիտողութիւններն յայտնելով, խնդիրը կրկին քննութեան յանձնել։ Իսկ այս վերաքննութենէն ետքը՝ պարտաւորեալ է նոյն թուղթերը ստորագրել, եթէ տրուած որոշումը Սահմանադրութեան տրամադրութեանցը անհամաձայն չ՚գտնէ։

Յօդուած 10 – Պատրիարքը կրնայ՝ Սահմանադրութեան սկզբանցը համեմատ չը վարուող Եկեղեցական մը, վարժապետ մը, Եկեղեցւոյ, Վանքի, Դպրոցի կամ Հիւանդանոցի գործակալ մը, պաշտօնէն հանելու առաջարկութիւն ընել ձեռնհաս Ժողովոյն կամ Խորհրդոյն։

Ուշադրութիւն դարձնենք վերջին յօդուածի բանաձեւումին։ Պատրիարքը, – յաչս պետութեան հայ միլլէթի գլխաւորը, – քաղաքավարօրէն կը զրկուի նոյնիսկ իրեն ենթակայ պաշտօնէութեան նկատմամբ միանձնեայ որոշումներ կայացնելու իրաւունքէն, առանց յօդուածին բացասական լիցք տալու։ Չէ ըսուած. «Պատրիարքը չի՛ կրնար առանց ձեռնհաս Ժողովի կամ Խորհրդի հաւանութեան պաշտօնէն հանել …», այլ դրականօրէն կ՚ըսուի. «Պատրիարքը կրնայ …»։ Բազմաթիւ են օրինակները նման նրբանկատ բանաձեւումներու։

Սակայն Ազգային Սահմանադրութեան գլխաւոր արժանիքը չի կայանար միայն Պատրիարքին ու Պատրիարքարանի՝ այսինքն կեդրոնական իշխանութեան բանաձեւումներուն մէջ, հակառակ որ անոնք կը խլեն Սահմանադրութեան ծաւալի մեծ մասը։ Սահմանադրութեան գլխաւոր արժանիքը, ըստ ինծի, կը կայանայ տեղական մարմիններու՝ պետականութեան առաջին օղակի, եւ անոր ու աւելի բարձր օղակներու յարաբերութիւններու յստակ սահմանումին մէջ։

Առանց բառը գործածած ըլլալու, Ազգային Սահմանադրութեան հեղինակները նախագծեցին կառոյց մը, որ ապակեդրոն է իր էութեամբ, հակառակ այն իրողութեան, ինչպէս վերը նշեցինք, որ եկեղեցին իր էութեամբ հայրապետական է, հետեւաբար կեդրոնաձիգ։ Օրինակի համար. պարզ ու անպաճոյճ մէկ յօդուածով, անոնք կրցան սանձել կրօնական վերնախաւին ախորժակները՝ իրենց քմահաճոյքին համաձայն քահանաներ օծելու եւ պարտադրելու եկեղեցիներուն վրայ, որ բաւական տարածուած երեւոյթ էր (մինչեւ իսկ Րաֆֆին կ՚ակնարկէ անոր իր վէպերուն մէջ). «Մինչեւ որ Եկեղեցւոյ մը Քահանաներն ու Թաղական խորհուրդը նոր քահանայ ձեռնադրել տալու կարեւորութիւնը չտեսնեն, եւ ստորագրեալ տեղեկագրով Կրօնական Ժողովոյ խնդիր չընեն, ձեռնադրութեան հրաման չ՚տրուիր» (յօդուած 32)։ Կարելի է զուգահեռ մը գծել վերջերս Ֆրանսայի մէջ կատարուած անհաճոյ երեւոյթներուն հետ, երբ «ի վերուստ» առաքուած քահանայի մը քաջագործութիւնները պատճառ հանդիսացան թեմակալ Առաջնորդին եւ Կաթողիկոսին միջեւ անտեղիօրէն հրապարակայնացուած բախման… Սակայն վերադառնանք մեր նիւթին։

ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ

Ազգային Սահմանադրութեան շեշտուած ապակեդրոնացումը յստակ է, երբ կը քննենք «բուն» խնդիրը՝ դրամական երեսը, որովհետեւ ապակեդրոնացման նախապայմանը ստորին օղակներուն կողմէ իրենց նիւթական ելեւմուտքի ինքնուրոյն տնօրինման իրաւունքն է։ «Ստակը տուողը նուագը կը պատուիրէ», կ՚ըսէ առածը։ Պետական կառոյցներու համար, այդ կը նշանակէ ինքնուրոյն հարկահանման եւ գումարներու ծախսումը տնօրինելու իրաւունք։ Իսկ ի՞նչ կ՚ըսէ Ազգային Սահմանադրութիւնը այդ մասին.

Յօդուած 90 – Ամէն ազգային անհատ՝ որ չափահաս է եւ վաստակ ու շահու տէր, պարտական է տրօք մասնակից ըլլալ Ազգային ծախուց։

Այս տուրքը տարեկան է եւ բաշխման հիմն կը բռնուի իւրաքանչիւր անհատի կարողութիւնը։

Յօդուած 91 – Ազգային տուրքը երկու տեսակ է. մէկը ընդհանուր՝ որ ընդհանուր ծախուց յատկացեալ է, եւ կը հաւաքուի Պատրիարքարանի կողմէն, Ազգային կեդրոնական սնտուկին համար, եւ միւսը մասնաւոր՝ որ իւրաքանչիւր Թաղի մասնաւոր ծախուց յատկացեալ է, եւ կը հաւաքուի Թաղական Խորհրդոց կողմէն, Թաղական սնտուկներուն համար։

Յօդուած 92 – Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ընդհանուր տուրքի բաշխման եւ հաւաքման եղանակը՝ Քաղաքական Ժողովին մէջ կ՚որոշուի, եւ Ընդհանուր Ժողովով կը հաստատուի։ Իսկ մասնաւոր տուրքը՝ ամէն թաղ իր խորհրդոյ մէջ կ՚որոշէ եւ կը հաստատէ։

Սոյնպէս կը տնօրինուին նաեւ գաւառներուն մէջ Գաւառական ընդհանուր տուրքն ու Թաղական մասնաւոր տուրքը։

Շատ յստակ է հեղինակներուն ապակեդրոնացման նկատմամբ թեքումը. «…մասնաւոր տուրքը՝ ամէն թաղ իր խորհրդոյ մէջ կ՚որոշէ եւ կը հաստատէ»։ Տեղական ինքնակառավարման նախապայմանն է ուրոյն գանձի գոյացման եւ տնօրինման իրաւունքը, նոյնիսկ տուրքի չափը որոշելը։ Եւ այդ իրաւունքը Ազգային Սահմանադրութիւնը կու տայ իր ամենաստորին օղակին՝ թաղականութիւններուն, որ պետականութեան իմաստով համազօր է բնակավայրային իշխանութեան (գիւղապետութիւն, թաղապետութիւն, քաղաքապետութիւն, …)։

ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ապակեդրոնացումը մեծ առաւելութիւններ կու տայ զայն կիրարող կառոյցներուն։ Մեր պատմութեան վերջին մէկուկէս դարը բազմաթիւ օրինակներ կը պարունակէ այդ մասին։ Ամենագլխաւորը՝ ապակեդրոնացումը կ՚ապահովէ կառոյցին կենսունակութիւնը, անոր գոյատեւումն ու վերընձիւղումը ամենադժուարին պայմաններուն մէջ. կը բաւէ, որ բնակչութեան որոշ խտութիւն ապահովուի տարածքի մը վրայ, որոշ թիւով մարդիկ գան քով-քովի, որպէսզի ամենաստորին մակարդակի կառոյցը վերընձիւղուի, անկախ վերին օղակներու գոյութենէն, եւ իրենց վերընձիւղումով սատարեն ամբողջ շէնքի վերականգնման։ 1990-92 թուականներուն Հայաստանի պետական կեդրոնաձիգ կառոյցի ստորին օղակները ամբողջութեամբ անդամալուծուեցան, երբ կեդրոնը դադրեցաւ գործելէ։ Մինչդեռ 1918-ին, Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, Տէր-Զօրէն մազապուրծ վերապրողները չսպասեցին տակաւին անգոյ կեդրոնի մը հրահանգներուն, որպէսզի սկսէին վերակազմակերպել հայութեան կեանքը հոգ չէ թէ հիւղաւաններու մէջ։

Մինչ կեդրոնաձիգ կառոյցները ամբողջ իշխանութիւնը՝ իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները կու տան ամենավերին օղակին, բացի անոնցմէ, որոնք «մեծահոգաբար» տրուած են ստորին օղակներուն եւ ոեւէ ատեն կրնան ետ առնուիլ, ապակեդրոն կառոյցները, – ինչպիսին են Ազգային Սահմանադրութեան սկզբունքներուն հետեւող կառոյցները, – ամբողջ իշխանութիւնը՝ իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները կու տան ամենաստորին օղակին, բացի անոնցմէ, որոնց մասին համախոհութիւն գոյացած է աւելի վեր բարձրացնելու։ Եւ որովհետեւ պատահականութիւնը, դէպքերու ընթացքը կամ ընտրութեան քմահաճոյքը միշտ ալ կրնայ անախորժ անակնկալներ մատուցել, կեդրոնաձիգ կառոյցներուն վրայ միշտ առկայ է բարձրագոյն օղակին անգործունակութեամբ ամբողջ կառոյցի անդամալուծման վտանգը, մինչդեռ ապակեդրոն կառոյցները կը շարունակեն գործել նոյնիսկ երբ վերին օղակները չըլլան։ Կեդրոնաձիգ կառոյցի պարագային, եթէ վերադաս օղակ մը կազմալուծուի ինչ եւ ինչ պատճառներով, ստորադաս օղակը չի կրնար միջամտել եւ ի՛նք ստանձնել անոր լիազօրութիւնները, մինչ ապակեդրոն դրութեան պարագային, երբ վերադաս օղակը վերանայ, անոր լիազօրութիւններն ու իրաւասութիւնները, որոնք վարէն բարձրացած էին վեր, ինքնաբերաբար կը վերադառնան ստորադաս օղակին, մինչեւ վերադասի իրավիճակի յստակեցումը։

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

Ապակեդրոն, վարէն վեր բանաձեւուած կառոյց մը, որ ամբողջ իշխանութիւնը չի տար վերադաս օղակներուն, այլ միայն յստակօրէն բանաձեւուած եւ սահմանափակ թիւով լիազօրութիւններ ու իրաւասութիւններ, շատ աւելի դիւրութեամբ կրնայ դէպի վեր աճիլ, քան կեդրոնաձիգ, ամբողջ իշխանութիւնը ամենաբարձր օղակին վրայ խտացուցած կառոյց մը։ Ի վերջոյ, ամբողջ իշխանութիւնն իր վրայ կեդրոնացուցած կառոյց մը որեւէ շահագրգռուածութիւն չունի աւելի վեր կապերու մէջ մտնելու, պարզապէս որովհետեւ վերադաս օղակի մը յաւելումը անպայմանօրէն պիտի նշանակէ իր իրաւասութիւններէն եւ լիազօրութիւններէն որոշակի զիջումներ. ՀՀ կեդրոնաձիգ պետականութիւնը այսօր անդամ է մի քանի վեր-պետական կազմակերպութիւններու, ինչպէս ՄԱԿ-ը կամ, մօտ ապագային ստորագրուելիք Մաքսային միութեան դաշինքը, ինչ որ շատ յստակ սահմանափակումներ կը դնէ իր լիազօրութիւններուն եւ իրաւասութիւններուն վրայ։ Թէ այդ իշխանութիւնները ունէի՞ն անհրաժեշտ լիազօրութիւնները այդ զիջումները կատարելու, հարցական է։ Ժողովուրդին եթէ հարցնես, ժխտական պատասխան կը ստանաս, որովհետեւ ոչ մէկ ընտրութեան ատեն, ոչ նախագահի, ոչ խորհրդարանի, ոչ ալ թաղապետարանի, այդ խնդիրները յանձնուած են ժողովուրդի դատին։

Մեր բազմաթիւ խնդիրներուն կողքին, այսօր ունինք ազգային լուրջ խնդիր մը. մենք պէտք է բանաձեւենք հայութեան յառաջիկայ տասնամեակներու տեսլականը։ Ի՞նչ վիճակի մէջ կ՚ուզենք տեսնել ամբողջական հայութիւնը, – իր հայրենի զոյգ պետականութիւններով, մեծ ու փոքր, յայտնի թէ գաղտնի Սփիւռքներով, – ըսենք, 50 տարի ետք, 2063 թուականին, երբ պիտի նշենք Ազգային Սահմանադրութեան 200-ամեակը։ Ես համոզուած եմ, որ շատ մեծ շուքով պիտի նշենք անոր տարեդարձը, որովհետեւ հասկցած պիտի ըլլանք, որ անոր սկզբունքներէն դուրս հայութեան համար փրկութիւն չկայ։

Ազգային Սահմանադրութեան սկզբունքներն են, որ պիտի ամբողջացնեն Սփիւռքի կազմակերպումը, ուր տակաւին նախկին խորհրդային երկիրներու տարածքին սփռուած միլիոնաւոր հայութիւնը կը տառապի իր ազգային կառոյցներու բացակայութենէն։

Ազգային Սահմանադրութեան սկզբունքներով է, որ պիտի գրուի Հայաստանի նոր սահմանադրութիւնը, որ պիտի փոխարինէ այսօրուայ պարտադրեալ սահմանադրութիւնը, որուն միայն լեզուն է հայկական, ան ալ վիճելի։
Ազգային Սահմանադրութեան սկզբունքներով է, որ հայը պիտի կարենայ առաջացնել իսկապէս համահայկական կառոյցներ, ուր պիտի մէկտեղուին մեր ազգային բոլոր բաղկացուցիչները՝ պետականութիւնները, եկեղեցիները, այլ եւ այլ միաւորները։

Եւ այն ատեն է, որ Ազգային Սահմանադրութեան հեղինակներու տեսլականը ամբողջացած պիտի ըլլայ։

ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.