«Խաղաղութեան» Ծրագիրի Իրականացման Փուլերը

Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային տարածքներուն ուղղութեամբ Պաքուի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները շարունակական օղակներն են Պաքուի յարձակողապաշտութեամբ յատկանշուող ընդհանուր քաղաքականութեան:

Պէտք է մտաբերել պարզապէս Բերձորի միջանցքի փակման գործընթացը ապահովելու համար ազրպէյճանական զինեալ ուժերու յարձակումները Բերձորի շրջակայ տարածքներուն եւ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ: Հարուածել` ստանալու համար պահանջուած կէտերը:

Այս վարքագիծը թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի որդեգրածն է եւ ըստ էութեան հիմնուած` Շուշիի հռչակագիրի հիմնադրոյթներուն վրայ:

Պաքուն անցած է ռազմական ճնշումներով 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ընտրովի կէտերու իրականացման մարտավարութեան:

6-րդ կէտը ուժով լուծելէ ետք, հիմա Պաքուն փաստօրէն անցած է 9-րդ կէտի իրականացման` Հայաստանի հարաւային տարածքները ռմբակոծելով:

9-րդ կէտին համաձայն, տարածաշրջանին մէջ կը բացուին բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերը, Հայաստանը կ՛ապահովէ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել երթեւեկութիւն կազմակերպելու նպատակով:

Պաշտօնական Երեւանն ու Պաքուն յայտարարութեան այդ կէտը տարբեր կերպ կը մեկնաբանեն: Մինչ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը կ՛առաջադրեն, հայկական կողմը կը յայտարարէ, որ միջանցքային տրամաբանութիւնը անընդունելի է, Հայաստանը իր տարածքով անցնող որեւէ միջանցք չի պատրաստուիր տրամադրել: Հայկական կողմը կը շեշտէ, որ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ որեւէ բառ չկայ միջանցքի մասին: Իսկ Ազրպէյճանի ամէնէն բարձր` նախագահի մակարդակով բազմիցս կը սպառնային անհրաժեշտութեան պարագային ուժով լուծել միջանցքի հարցը:

Նման սպառնալից յայտարարութիւններով կը յատկանշուէին նաեւ Անգարայի պաշտօնական յայտարարութիւնները: Հայաստանի հարաւային տարածքներուն դէմ սանձազերծուած յարձակումներուն առիթով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հայկական կողմին կոչ կ՛ուղղէր վերջ տալու սադրանքներուն եւ կեդրոնանալու Ազրպէյճանի հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու օրակարգին վրայ: Պարզ է ուղերձը: Կատարել 9-րդ կէտը եւ ճանապարհ տրամադրել` Թուրքիան ու Նախիջեւանը Սիւնիքի վրայով Ազրպէյճանին կամրջելու համար:

Անմիջական կտրուածքով իրավիճակը այնպէս է, որ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կը պահանջէ միջանցք: Ռուսական կողմը այս պայմաններուն մէջ չ՛արձագանգեր. միայն Իրանն է, որ հետեւողականօրէն կը շեշտէ, որ Հայաստանի հետ սահմանի կարգավիճակի փոփոխութիւն անընդունելի է:

Եթէ իրանեան յստակ դիրքորոշումն ու հայկական կողմի մօտեցումը կը համատեղուին, ապա այլ ուղղութեամբ կ՛ենթադրուի որ Իրանի սահմանային կարգավիճակի փոփոխութեան պահանջը կը բխի Արեւմուտքի շահերէն, եթէ խնդիրը դիտարկենք Իրանի շրջափակման աշխարհաքաղաքականութեան պարունակին մէջ: Եւ Արեւմուտքը Կոպըլի ծրագիրով, քի ուեսթեան առաջարկով եւ 44-օրեայ պատերազմին որեւէ միջամտութիւն չկատարելով ըստ էութեան կողմ է թուրանական կամուրջի կառուցման:

Ուքրանիոյ պատերազմի վերջին արարները եւ ուքրանական որոշ յառաջխաղացքը նպաստաւոր ենթահող էին թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի վերջին յարձակումը սանձազերծելու համար:

Բերձորի միջանցքի փակումն ու այլընտրանքային ուղիի բացումը ժամկէտէն առաջ իրականացնելը Պաքուն քաջալերած է անցնիլ նոյն ոճով երկրորդ ծրագիրի գործնականացման:

Ներկայ ընթացքը կը յուշէ, որ հոս կանգ պիտի չառնեն Պաքուի ռազմաքաղաքական այս վարքագիծի դրսեւորումները: Պաքուն կը պահանջէ խաղաղութեան համաձայնութեան ստորագրութիւն` իր պահանջներով: Օրակարգ պիտի գան սահմանազատումն ու սահմանագծումը, տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը եւ յանձնառութիւնը` հետագային եւս տարածքային որեւէ պահանջ չունենալու: Այս կէտերու իրականացման անցումի ճնշամիջոցը ռազմական գործողութիւններն են, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Բերձորի միջանցքի փակումին կամ հիմա տեղի կ՛ունենայ թուրանական կամուրջի կառուցման պահանջներով:

«Ազդակ»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.