Լրատուութիւնը Նաեւ Իբրեւ Զէնք

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մինչեւ մօտաւորապէս հարիւրամեակ մը առաջ, մամուլ հասկացութիւնը կ’առնչուէր տպագիր թերթին. թէեւ մունետիկներն ալ «հաղորդակցութեան» միջոց էին, լուրեր, յայտարարութիւններ տարածելու իմաստով։ Այսուհանդերձ՝ մամուլը տպագիրն էր։

Մարքոնիի գիւտը նոր իրականութիւն մը ստեղծեց մամուլի աշխարհէն ներս։ Տպագիր մամուլին, թերթին կողքին, մարդիկ սկսան տեղեկացուիլ ձայնասփիւռով նաեւ։ Խնդիրը «բարդացաւ» Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ հեռատեսիլը, հրելով ֊ հրմշտկելով, սկսաւ լայն տեղ գրաւել տեղեկատուական բնագաւառէն ներս։ Ուրեմն տպագիր թերթ, ձայնասփիւռ եւ հիմա ալ՝ հեռատեսիլ։

Կը կարծուէր որ, վերջ, վերջակէս, սա է իրականութիւնը։ Սակայն էլեկտրոնիկ, համակարգչային գիտութիւնը յեղաշրջեց այս կացութիւնը եւս, անցեալ դարու 90ական տարիներուն՝ համացանցի ստեղծումով։
Այս անգամ մէջտեղ եկան տեղեկատուական բազմաշերտ դաշտեր։ Տպագիր մամուլը չբաւարարուեցաւ տպարանով. ունեցաւ իր կայքէջը։ Նոյնը ըրին նաեւ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայանները։ Հիմա թէ՛ կարելի է տպուած թերթ մը ձեռքիդ մէջ բռնել ու կարդալ, եւ թէ՛ համակարգիչի մկնիկի մէկ հպումով նոյն թերթը պաստառի վրայ կարդալ (այո, ճիշդ էք՝ նոյն «համը չունի»…)։ Կարելի է նաեւ պաստառին վրայ թէ՛ կարդալ եւ թէ՛ դիտել հեռատեսիլի կայանի մը լուրը։

Սակայն ի վերջոյ, այս բոլորը ունէին տէր ֊ տիրական մը, պատասխանատու մը։ Իւրաքանչիւր թերթ, կայքէջ, ձայնասփիւռի կամ հեռատեսիլի կայան ունի խմբագիր մը, տնօրէն մը, որ կը ղեկավարէ իրեն յանձնուած լրատուամիջոցը։ Այս վերջիններուն տէրերը, անհատներ կամ կազմակերպութիւններ, կը նշանակեն իրենց յարմար տեսած անձը՝ ըստ անոր կարողութիւններուն։ Մէկ խօսքով, «քառադաշտ» դարձած մամուլը (տպագիր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ կայքէջ) ունի աշխատանքային կառոյց մը, բաղկացած գլխաւորաբար լրագրողներէն եւ խմբագիր ֊ տնօրէնէն (վարչական աշխատողներու կողքին)։

Լրատուական աշխատանքի բեռը, պատասխանատուութիւնը դրուած է լրագրող ֊ խմբագիր համակարգի ուսերուն։ Ոչ միայն ծանր է այս բեռը, այլ նաեւ՝ բարդ։ Դէպքի մը մասին երկու տարբեր լրատուամիջոցներ երկու տարբեր ձեւով հաղորդում կը կատարեն։ Նայած թէ լրատու աղբիւրը ի՞նչ տեսանկիւնէ կը դիտէ տուեալ պատահարը, նայած, թէ տուեալ լրատուամիջոցը որո՞ւ, կամ որո՞նց շահերը կը պաշտպանէ։ Այսինքն կը խօսինք ոչ միայն եղելութեան մը մասին չոր լրատուութեան, այլ՝ մեկնաբանակա՛ն լրատուութեան մասին։ Կատարեալ խառնաշփոթ, ուր յայտնի չէ, թէ ո՞ւր կը սկսի լրատուութիւնը, ո՞ւր կը սկսի մեկնաբանութիւնը։

Տանք քանի մը թարմ օրինակներ։ Նախագահ Ճորճ Պուշի (հայր) հրահանգով, ամերիկեան ուժերը գրաւեցին Փանաման եւ ձերբակալեցին նախագահ Նորիեկան։ Այդ օրերուն, ամերիկեան մամուլին մէջ լայնօրէն հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ Նորիեկայի նախագական պալատի նկուղներուն մէջ տոպրակներով քոքային յայտնաբերուած է. այսինքն՝ «Տեսա՞ք, ձեզի չըսի՞նք որ այս մարդը ինչ տեսակ չարիք է»։ Վեց ամիս անցաւ, մինչեւ որ բրիտանական պահպանողական «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթի մեկնաբանական յօդուածի մը խորերը թաղուած տող մը կարդացինք, ուր կ’ըսուէր, թէ այդ տոպրակները կը պարունակէին…կորեկի ալիւր։

2003ի Իրաք ներխուժումի նախօրեակին, ամերիկեան մամուլը, գլխաւորաբար «Նիւ Եորք թայմզ»ը, պատերազմի թմբուկները ամիսներով զարկաւ. այդ ալ ի՜նչ կշռոյթով եւ ուժգնութեամբ…։ Գլխաւոր թմբկահարն էր նոյն թերթի լրագրող Ճիւտիթ Միլըրը։ Ուաշինկթընի «անանուն աղբիւրներ»ու վրայ յենելով, ան կը պնդէր, թէ Իրաքը զանգուածային ոչնչացման զէնքեր ունի, որոնք պէտք է «չէզոքացնել» ամէն գնով։ Իշխանութիւններն ալ, իրենց կարգին, իրենց ռազմաշունչ յայտարարութիւնները կը հիմնէին… Ճիւտիթ Միլըրի «տեղեկատուութեան» վրայ։ Հետեւանքը գիտենք. Իրաքը գրաւուեցաւ, պետական կառոյցները քանդուեցան. նաեւ՝ միլիոնաւոր զոհեր, վիրաւորներ, գաղթականներ եւ ահաւասիկ այսօր, Մ. Արեւելքի Արգաւանդ մահիկի տարածաշրջանը ինկած է աղէտի ոլորապտոյտի մը մէջ, որուն ելքը յայտնի չէ։

Լրագրողական անպատասխանատուութեա՞ն, թէ սատանայական ինչ ֊ ինչ հաշիւներով էր միայն, որ հեռատեսիլի ռուսական RT (Russia Today) կայանի խօսնակը Քեսապի տեղահանումի լուրը հաղորդեց… 10 օր վերջ։

Նորագոյն օրինակը քանի մը շաբաթ առաջ Սուրիոյ Խան Շէյխուն աւանին մէջ տեղի ունեցած դէպքն էր. թունաւոր կազ գործածուեցաւ ու քաղաքային անմեղ զոհեր ինկան։ Արեւմտեան մամուլը, լաւապէս ղեկավարուած երգչախումբի նման, անմիջապէս ամբաստանեց սուրիական իշխանութիւնները՝ առանց սակայն տուեալներ ներկայացնելու։ Ինչ որ մեզ կը բերէ ուրիշ յղացքի մը։ Այդ ալ Եղելութիւնն է (գլխագիր), Իրականութիւնը։

Բայց այս Իրականութիւն հասկացութիւնը եւս խեղաթիւրելու փորձն ալ կը կատարուի այսօր, երբ նախագահ Թրամփի վարչակազմը սկսաւ խօսելու… «այլընտրանքային իրողութիւն» ըսուած եւ ցարդ աշխարհին անծանօթ բանի մը մասին (alternative facts)։ Կատարեալ խառնաշփոթ։

Կը կարծուէր, թէ վերոնշեալ աշխատանքային բուրգն է լրատու դաշտին տէրն ու տիրականը։ Այդպէս կը կարծուէր մինչեւ մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ, երբ Մարք Զիւքըրպըրկ անունով մէկը ըսաւ՝ «Հէ՛յ, ժողովո՛ւրդ, ես ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ այնպիսի գործիք մը պիտի տամ, այդ ալ՝ ձրի, որ ձեզմէ ամէն մէկը պիտի կարենայ ինք իր լրատուամիջոցը ունենալ. իւրաքանչիւրդ թէ՛ լրագրող էք, թէ՛ մեկնաբան եւ թէ՛ խմբագիր»։ Եւ ստեղծուեցաւ դիմատետրը։

Տիեզերական ճշմարտութիւն է, որ տեղեկութիւն կամ լուր ըսուած բանը զէնք է։ Այդ տեղեկութիւնը կրնայ նաեւ անճիշդ ըլլալ. կրնայ միայն մասա՛մբ ճիշդ ըլլալ։ Հետեւաբար, այս «զէնք»ի գործածութեան հմտութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ է, որովհետեւ զէնքը գործածելէ առաջ, անհրաժեշտ է նախ «մարզուիլ» այդ ուղղութեամբ։ Իսկ եթէ «մարզում» չկայ, արդիւնքը կրնայ աղէտի համազօր ըլլալ։
Հասանք բուն խնդրին։

Ամէն մարդ, կողմ, կազմակերպութիւն կամ պետութիւն, վերոնշեալ զէնքը կը գործածէ այնպէս, ինչպէս կը պահանջեն իր շահերը։ Աշխարհի օրէնքն է սա։ Չենք կրնար փոխել։ Արդա՞ր, թէ անարդար օրէնք է, ուրիշ խնդիր է ատիկա։ Իրականութիւնը այս է։ Եւ մենք, իբրեւ հայկական պետութիւն եւ ժողովուրդ, հաշուի պիտի առնենք միայն ու միայն իրականութիւնները։

Այս համաշխարհային խառնաշփոթին մէջ, հայկական լրատուական դաշտին պարտականութիւնն է,

Առաջին հերթին պաշտպանել մեր ժողովուրդը օտար լրատուամիջոցներու հզօր քարոզչութենէն, CNN ըլլայ ատիկա, թէ RT (օրինակի համար), «Ազատութիւն» ըլլայ, թէ «Սփութնիք»։ Կարելի չէ այս (իբրեւ թէ) լրատու աղբիւրներու հաղորդումները հալած իւղի նման կուլ տալ, կամ տարածել հայկական միջավայրէն ներս, Սփիւռք ըլլայ ատիկա, թէ Հայաստան։

Երկրորդ, տուեալ դէպքի մը, կամ երեւոյթի մը մասին լրատուութիւնը կամ մեկնաբանութիւնը պէտք է յենի բացառապէս ու միայն այն տրամաբանութեան վրայ, թէ հայութեան ու Հայաստանի համար որքանո՞վ օգտակար է այդ մէկը։

Երրորդ, ներհայկական իրադարձութիւններու մասին եւս, նոյն ներքին տրամաբանութիւնը պիտի ըլլայ մեր կողմնացոյցը։ Այսինքն, համահայկական շահերու, գլխաւորաբար մեր պետակա՛ն շահերու տեսանկիւնէն դիտել, հաղորդել կամ վերլուծել տուեալ դէպքը, կամ զարգացումը։

Չորրորդ. Հայաստանն ու հայութիւնը այսօր ունին պատմական իրաւունքներու վերատիրացման խնդիր։ Ասի սոսկական «խնդիր» չէ. ասի այլեւս կռիւ է, պատերազմ է։ Գոյութեան կռիւ մըն է, ուր պարտաւոր ենք համաշխարհային լրատուադաշտէն ներս գոյութիւն ունեցող բոլոր տեսակի զէնքերը գործածելու, ըստ յարմարութեան։ «Չ’ըլլար ճանըմ, ամօթ է, համաշխարհային այսինչ կամ այնինչ կազմակերպութիւնը ի՞նչ կ’ըսէ մեր մասին. հապա՞ եթէ մեզի խոստացուած մետալը չտան»… Ներեցէք, բայց այս մօտեցումին տեղը միայն աղբանոցն է։

Եւ վերջապէս, հինգերորդ, դիմատետր գործածող իւրաքանչիւր հայորդի պարտականութիւն պէտք է նկատէ տարածել միայն այն լուրերը, որոնք նպաստաւոր են հայութեան համար։ Պարզապէս «հետաքրքրական է» ըսելով, կարելի չէ հայութեան համար աննպաստ հաղորդումներ տարածելը։ Անձնապէս, այս յօդուածագիրը խնդիր չունի, թէ դիմատետրի իւրաքանչիւր օգտատէր ի՞նչ կ’ընէ այսինչ կամ այնինչ ճաշարանին մէջ, ո՞ւր կ’այցելէ իր ընկերներուն հետ, իր ընտանեկան պարագաներուն հետ։ Խօսքը այդ մասին չէ։ Միւս կողմէ, հայկական մամուլին (տպագիր, եթերային կամ էլեկտրոնիկ) պարտականութիւնն է հանրութեան համար կողմնացոյց հանդիսանալ այս բնագաւառէն ներս։

Բարդ օրերու մէջ կ’ապրինք, բայց ոչ՝ անելի, այնքան ատեն, որ Հայաստանի ու հայութեան շահերուն կողմնացոյցը մեր ձեռքերուն մէջ կը պահենք։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.