ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՏԱՐՕՆ ԵՒ ՏԱԹԵՒԻԿ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԻ ԳՐՔՈՅԿԸ
- (0)
Հրամանաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ հրատարակութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքին, լոյս տեսաւ ՏԱՐՕՆ ԵՒ ՏԱԹԵՒԻԿ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» մանկապատանեկան պատմուածքի գրքոյկը: Սոյն գրքոյկին պատմութեան յղացումը կը պատկանի Վահագն Գարագաշեանին, ներշնչուած՝ Յովհաննէս Թումանեանի համանուն բանաստեղծութենէն, իսկ նկարազարդումը՝ Սիլվա Խաչերեանին:
Բոլոր սերունդներուն, բայց մանաւանդ մեր աշակերտներուն համար դաստիարակչական բովանդակութեամբ այս հատորը, իր ներդիրին ունի նաեւ նոյն բովանդակութեամբ ու նկարազարդումներով պատրաստուած մանկական շարժապատկեր մը, որ պատրաստուած է Հայաստան, մեկենասութեամբ՝ «Մանուկ Չուխաճեան» ընտանեկան հիմնադրամին: Շարժապատկերին մէջ Տաթեւիկին ձայնը կը մարմնաւորէ Արազ Չարեանը, իսկ Տարօնին ձայնը՝ Ռուբէն Գարայեանը:
Մանկապատանեկան շունչով ու մանկավարժական սկզբունքներով պատրաստուած այս գրքոյկը թող ըլլայ օժանդակ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութեան:
Մանկապատանեկան այս գրքոյկէն եւ խտասալիկէն օրինակ մը ունենալու համար, կրնաք կապուիլ Ազգային Առաջնորդարան (514)856-1200 թիւին եւ կամ ապսպրելու համար գրել prelacy@armenianprelacy.ca հասցէին։ Հատավաճառ $20: