Լոյս տե­սաւ ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի «Ես այդ շունն եմ» գիր­քի յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը,

Յու­նի­սի ըն­թաց­քին, Ա­թէն­քի մէջ լոյս տե­սաւ ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի «Ես այդ շունն եմ» գիր­քի յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ընկ. ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեա­նի աշ­խա­տան­քով։ Գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ե­ղաւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին կող­մէ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

Մեր մե­ծա­նուն մտա­ւո­րա­կա­նին «Ես այդ շունն եմ» գիր­քը ա­ռա­ջին ան­գամ լոյս տե­սաւ 1963-ին՝ Փա­րի­զի մէջ, «պաղ պա­տե­րազմ»ի օ­րե­րուն, եւ մեծ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտաւ ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հի տա­րած­քին։

Հե­ղի­նա­կը իր աշ­խա­տու­թիւ­նը գրած է մէկ շուն­չով, ո­րուն գլխա­ւոր հե­րոսն է Ալ­պեան լեռ­նե­րուն մօտ ապ­րող շու­նը։

Ս­նա­պեան, իր կուռ ու կեն­դա­նի գրու­թեամբ, բա­նաս­տեղ­ծա­կան իւ­րա­յա­տուկ ո­ճով եւ լե­զո­ւի ճար­տար գոր­ծա­ծու­թեամբ, կը խօ­սի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած գաղ­թա­կան հա­յու մա­սին, հայ­րե­նի­քէն զրկո­ւած հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար։ Ան կը դրո­ւա­տէ հայ ժո­ղո­վուր­դի դիւ­ցազ­նա­կան սխրանք­նե­րը, իր փա­ռա­պանծ պատ­մու­թիւնն ու հրա­շա­գործ նո­ւա­ճում­նե­րը։

Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն գրո­ւած գիր­քը, կը պա­խա­րա­կէ խորհր­դա­յին տի­րա­պե­տու­թեան չա­րիք­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, եւ իր հե­րո­սի՝ շան մի­ջո­ցով, կը պոռկ­թայ այ­լա­սե­րու­մի եւ ա­պա­հա­յաց­ման ա­մէն տե­սա­կի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն դէմ։

Գիր­քի թարգ­մա­նու­թիւ­նը բծախնդ­րօ­րէն կա­տա­րո­ւե­ցաւ ընկ. ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեա­նին կող­մէ։ Ան կա­րո­ղա­ցաւ հա­րա­զատ կեր­պով թուղ­թին յանձ­նել Ս­նա­պեա­նի բարդ ու եր­կար միտ­քե­րը, ա­ռանց ա­նոնց խոր ի­մաս­տէն դոյզն իսկ շե­ղե­լու։

Հա­կա­ռակ խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րու վե­րաց­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման, գիր­քը այ­սօր եւս կը կար­դա­ցո­ւի մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ։

Նո­րօ­րեայ պայ­ման­նե­րու լոյ­սին տակ զայն վեր­ծա­նե­լով եւ մա­նա­ւանդ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թի ազ­գա­կոր­ծան ե­րե­ւոյ­թին ու հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի ան­նա­խա­տե­սե­լի ուռ­ճաց­ման կոր­ծա­նիչ ա­լի­քին ա­հա­զան­գը հնչեցնե­լով, գիր­քը կու գայ յի­շեց­նե­լու ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կո­րուս­տի վտանգ­նե­րը եւ ա­նոր դի­մաց՝ հո­սանք ի վեր նա­ւար­կե­լու պայ­քա­րի ազ­դան­շա­նը կու տայ։

Այ­սօր, այժ­մէա­կա­նօ­րէն թե­լադ­րա­կան է ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեան ուղ­ղո­ւած հե­տե­ւեալ խօս­քը՝ գիր­քի ա­ւար­տին.- «­Վա­ղո­ւան ե­րի­տա­սար­դը թող ար­տա­սա­նէ իմ հաս­ցէիս այս բա­ռե­րը, գտնէ ու պո­ռայ ա­ւե­լի ա­նո­ղոք­նե­րը, երբ մու­րա­ցիկ թու­լու­թիւն­ներ ե­րեւ­նան խառ­նո­ւած­քիս մէջ եւ աս­կէ ու ան­կէ նե­տո­ւած փշրանք­նե­րը կա­շա­րեն բնազդս»։

Գիր­քը ուղ­ղո­ւած է ո՛չ միայն ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին, այլ նաեւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կ­՚ապ­րին մեր ժո­ղո­վուր­դի տագ­նապ­նե­րով։

Այն զօ­րա­ւոր պատ­գա­մի մը հնչե­ղու­թիւն ու­նի, ազ­գի ինք­նու­թիւ­նը ա­մուր պա­հե­լու թե­լադ­րա­կա­նու­թեամբ՝ սփիւռ­քի այ­լա­սե­րող պայ­ման­նե­րուն մէջ։

Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի «Ես այդ շունն եմ» գիր­քի յու­նա­րէն հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել «Ա­զատ Օր»ի եւ «Ար­մե­նի­քա»ի գրա­սե­նեակ­նե­րէն։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.