Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի Առաջին Թիւը

«Դրօշակ»-ը սկսաւ իր նոր տարեշրջանը: Համացանցի վրայ արդէն կարելի է կարդալ պաշտօնաթերթի այս տարուան առաջին թիւը:

Տագնապալի իրականութեան իւրատեսակ երեւակումը ներկայացուած է ամսագիրի «Առաջնորդող»-ին մէջ: Այս թիւով, սակայն, «Դրօշակ»-ը ոչ միայն այլեւս անհանդուրժելի իրողութիւնները կը լուսաբանէ, այլ նաեւ հրամայական կը նկատէ զարգացող աղէտին դիմակայելը, որուն գծով ալ` իբրեւ քարոզչամիջոց, կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական եւ հասարակական ուժերուն:

«Հասարակութիւն» խորագիրին տակ Մանուէլ Մկրտչեան զանգուածային մտայնութիւններու, «պատրանքներու» քննութեամբ կը փորձէ բացատրել այն հոգեբանական վիճակը, որուն մէջ յայտնուած է հայ մարդը եւ կտրուած` իրականութենէն, ան չի զգար կամ չի փափաքիր զգալ խորտակման իր անկասելի ընթացքը: «Ցաւօք, մինչեւ այս պահը, կարծես, հանրութիւնը պատրանքներու բարձերուն վրայ նստած` կը սպասէ, թէ ե՛րբ վերջնականապէս պիտի յօշոտուին մեր հայրենիքն ու պետութիւնը», կ՛եզրակացնէ յօդուածագիրը:

Չափազանց հետաքրքրական ու արդիական թեմայի ուսումնասիրութիւն հրապարակած է պատմաբան Կարէն Խանլարեանը` «ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Հայաստանի դեմարկացիայի առաջին փորձերը» խորագիրով: Առաջնորդուելով սոսկ ազգային շահերով` հայ ժողովուրդի օրուան առաջնորդ ուժը կը փորձէ տարիներու ընթացքին մշակել եւ դրացիներուն հետ յստակացնել ու ամրագրել հայութեան բնակութեան բնական սահմանները, ինչ որ հետաքրքրական փորձառութիւն, գիտելիք ու, վերջին հաշուով, դաս է նաեւ մեր օրերու համար: Պատմական իրողութիւններու վրայ հիմնուած յօդուածը առաւել փաստարկուած է` շնորհիւ յօդուածին մէջ տեղ գտած քարտէսներուն եւ ժողովրդագրական իրավիճակը արտացոլացնող աղիւսակներուն:

Արդիական ուղերձներու առումով, հետաքրքրական է նաեւ Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի դասախօս, դոկտոր փրոֆ. Վանիկ Վիրաբեանի յօդուածը, որ վերնագրուած է` «Հայ-վրացական պաշտպանական միութեան հարցը 1920 թ.»: Յօդուածին մէջ բաւական մանրամասնութեամբ կը ներկայացուին այն ճիգերը, որոնք ի գործ կը դնէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իշխանութիւնը գալիք արհաւիրքները առաւել յաջողութեամբ դիմագրաւելու եւ հայ-վրացական պաշտպանական դաշինք ձեւաւորելու համար: Ցաւօք, դրացի պետութիւնը կ՛առաջնորդուէր այլ արտաքին ազդակներով եւ շահերով, որոնք ալ, ի վերջոյ, անիրագործելի կը դարձնէին նման միութեան կայացման հեռանկարը:

Երեւանի պետական համալսարանի իրանագիտութեան ամպիոնի դասախօսներ Լիանա Պետրոսեանն ու Նարէ Գէորգեանը աշխարհաքաղաքական խորապատկերի վրայ կը լուսաբանեն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջիչ իրադարձութիւնները, անոնց մէջ դերակատար ուժերը եւ մտորումներ կը բաժնեկցին տարածաշրջանին մէջ հաւանական զարգացումներուն շուրջ:

«Դրօշակ»-ի 2025-ի առաջին թիւը ընթերցելու համար կրնաք այցելել https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/01/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-1-2025-%D5%A9.pdf