Լոյս Տեսաւ Սողոմոն Թէհլիրեանի «Վերյիշումները» Անգլերէն Լեզուով
Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկը լոյս ընծայած է Սողոմոն Թէհլիրեանի «Վերյիշումները» գործի անգլերէն թարգմանութիւնը, որուն մէջ վրիժառուին կողմէ մանրամասնութեամբ կը նկարագրուի Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ Թալաաթ Փաշայի ահաբեկումը, Պերլինի մէջ։
Այս հետաքրքրական հրատարակութիւնը իրագործուած է, շնորհիւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի ղեկավար Արա Սարաֆեանի աշխատանքին։ Թարգմանութիւնն ու յաւելեալ բացատրութիւններ կատարած Է Հայաստանաբնակ Պետօ Տէմիրճեան։
Յատկապէս օտար կարդացողին աւելի հարազատօրէն ներկայացնելու համար, ամենայն բծախնդրութեամբ հրատարակուած է «Remembrances: The Assassination of Talaat Pasha» գիրքը։
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ցուցմունքին վրայ, Սողոմոն Թէհլիրեան պատրաստած է այս գործը։ Պելկրատի մէջ, քառասունականներուն Թէհլիրեան իր յուշերը պատմած է իր մօտիկ բարեկամ Վահան Մինախորեանին, որ մանրամասնօրէն թուղթին յանձնած է այս հետաքրքրական տեղեկութիւնները։
318 էջերէ բաղկացած, այս լաթակազմ գիրքը հրապարակի վրայ է Օգոստոս 31-էն ի վեր։
Գին՝ 30 տոլար։ Ստանալու համար, կապ հաստատել․- books@gomidas.org.