Իրաքեան Քիւրտիստանի Զախօ քաղաքին մԷջ հոգեհանգստեան պաշտօն քառօրեայ պատերազմի հերոս նահատակներուն համար

Կիրակի Ապրիլ 2-ին, Իրաքեան Քիւրտիստանի Զախօ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Ս. պատարագ եւ հոգեհանսգստեան պաշտօն քառօրեայ պատերազմի հերոս նահատակներուն համար:Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Զախոյի հոգեւոր հովիւ Տ. Մամբրէ քհնյ. Հմայեակեան, որ եկեղեցւոյ մուտքին տեղադրած են նահատակներու անուններու ցանկը, որ ժողովուրդը անուններով ճանչնայ իր նահատակ հերոսները:

Տէր հայրը քարոզին մէջ նշած է, որ հայ ժողովուրդը միշտ ալ յաղթած է,  երբ միասնական եղած է, նաեւ խօսած է այն տեսակէտին մասին, որ երկրի  սոցեալ-տնտեսական վիճակին պատճառով մէկ օր ալ չենք դիմանար պատերազմին սուտ է, հայու սիրտը առիւծի սիրտ է, որ կը յիշէ թուրքերու արարքները իր նախնիներուն նկատմամբ, եւ այդ սիրտը ոչ թէ փախչիլ կը նախընտրէ, այլ ինքզինքը նռնակով կը պայթեցնէ  զինք շրջապատող թուրքերուն հետ միասին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.