Իսրայէլ Պատրաստ Է Հայաստանին Ալ Զէնք Վաճառելու

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հինգշաբթի, 27 Յուլիսին, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյց ունենալով՝ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, մեկնաբանելով Իսրայէլի տարածաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցահի Հանեկպիի Երեւան այցը՝ յայտնեց, որ Իսրայէլ Ատրպէյճանին զէնք չի վաճառեր Հայաստանի նկատմամբ թշնամութեան պատճառով:

Այս հարցին վերաբերեալ Թել Աւիւի դիրքորոշումը մէկ անգամ չէ, որ հրապարակայնօրէն բարձրաձայնուած է: Անոնք պատրաստ են զէնք վաճառել բոլոր ցանկացողներուն, նաեւ՝ Հայաստանին:

Քոչարեան աւելցուց, որ ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի եւ Իսրայէլի ժողովուրդներուն միջեւ մեծ թիւով ընդհանրութիւններ կան, սակայն կան նաեւ խնդրայարոյց հարցեր:

«Կարեւորը նրանցից չհեռանալն է, այլ բանակցութիւնների ճանապարհով լուծելը», ամփոփեց փոխնախարարը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.