Իսկ մե՞ր առասպելները…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ամեն ազգ, պահելու համար իր ներքին միասնականութիւնը եւ ապահովելու համար իր երթը դէպի ապագան, պէտք ունի պահպանելու առասպելներ, այսինքն՝ «արժէքներ կամ սրբագործուած իտէալներ«, որոնք «հաւաքական մեծ չափորոշիչներու» դերը կը խաղան եւ կը ծառայեն անդրանցիկութեան (transcendance) տենչին, որ տարբեր ձեւերով առկայ է բոլոր մարդոց մէջ»։

Այս է միտքը, որ առաջադրուած է քեպէգցի ականաւոր մտաւորական Gérard Bouchard-ի կողմէ իր նոր հրատարակուած Les nations savent-elles encore rêver? («Ազգերը գիտե՞ն տակաւին երազել») փորձագրութեան մէջ, որուն կ՚անդրադառնայ Le Devoir-ի աշխատակիցը՝ Louis Cornelier, 9-10 նոյեմբերի իր սիւնակին մէջ՝ «Bouchard et les mythes» («Պուշառ եւ առասպելները») վերնագրին տակ։

Պուշառի մտահոգութիւնը այն է, դիտել կու տայ յօդուածագիրը, որ աշխարհայնացման այս ժամանակներուն կը ջնջուի հաւաքական վերականգման իտէալը ու կը փոխարինուի անհատական յաջողութեան երազանքով, իսկ փոքրամասնութեան պայքարի իտէալը հնաոճ կը նկատուի. խօսքը կը վերաբերի Քեպէգի անկախութեան ձգտումին, որ նահանջի մէջ է։

Անկասկած մտածել տուող յօդուած մըն է՝ մտածել տուող գրքի մը մասին։ Բայց եկէք Պուշառին ու Գորնըլիէին ձգենք Քեպէգի (այլապէս հետաքրքրական) իրավիճակին վերաբերեալ մտորումները եւ դառնանք դէպի մե՛ր պարտէզը ու հարց տանք մենք մեզի ալ, թէ նոյն այդ ախտաճանաչումը՝ անհատական նպատակներու գերազանցման եւ հաւաքական նպատակներու նսեմացման եւ նոյն դարմանը՝ ազգակերտիչ առասպելներու վերականգման մեզի ալ չե՞ն վերաբերիր։

Արդարեւ, մե՛նք եւս ազգային միասնականութիւնը վերականգնելու եւ մեր գալիք երթը ապահովելու հրամայականին առջեւն ենք։

Հաւաքաբար որքա՞ն գիտակից ենք այս իրողութեան. հայրենիքը իր հարցերով, իսկ Սփիւռքը իր՝ ի՞նչ կ՚ընենք այդ միասնականութիւնը ամրակայելու, չըսելու համար՝ վերստեղծելու եւ մեր գոյութեան կռուանները ամրապնդելու տեսակէտէն։

Ինչպէս վերոյիշեալ յօդուածին մէջ կը նշուի, ֆրանսերէն լեզուն եւ կաթողիկէ դաւանանքը գլխաւոր կռուանները եղած են փոքրամասնական քեպէգցիներու վերապրումին՝ անգլիախօս ու աւետարանչական ջախջախիչ մեծամասնութեան մը մէջ։ Գուցէ վերանայման կը կարօտին,– վստահաբա՛ր վերանայման կը կարօտին,– այդ կռուանները ու արդի ժամանակներու արժէքներով համալրուելու կարիքը ունին, սակայն լեզուն միշտ առանցքը կը հանդիսանայ որեւէ ազգային գիտակցութեան։

Նոյնը չէ՞ մե՛ր ալ պարագային, ինչքան ալ մենք մեզ փորձենք համոզել, թէ այլապէս ալ կրնանք մեր ինքնութիւնը պահպանել, լեզո՛ւն է («լեզուն ա ու հաւատը», կ՚ըսէր Աբովեան) հիմնաքարը մեր գոյութեան՝ երէկ, այսօր ու վաղը։

Կ՚ընե՞նք մեր կարելին ամրակայելու համար մեր գոյութեան գլխաւոր կռուանը։ Կ՚ըսուի՝ հարցը դնելը արդէն իսկ հարցումին պատասախանել է։ Դպրոցներ կը փակուին փոխանակ տասնեակներով նորերը բացուելու… Խօսքս Սփիւռքի կը վերաբերի, բայց Հայասատանն ալ այդ մարտահրաւէրին առջեւն է։

Բայց վերադառնանք… առասպելներուն, մեր հի՜ն առասպելներուն, որոնցմէ անկասկած կրնանք ներշնչուիլ՝ մեր ժամանակներու նո՛ր առասպելները ստեղծելու համար։ Այդ առասպելները առնչուած են մեր պատմութեան, մեր մշակոյթին, մեր գոյատեւելու կամքին։

Հայկ Նահապետը մեր ազատատենչութեան խորհրդանիշն է, մեր ինքնուրոյն գոյութեան հիմնադիրը։

Արտաշէս Ա. մեր միացեալ անկախ պետականութեան հիմնադիրն է, հայերէնը հռչակելով պետական լեզու՝ Ք.ա. երկրո՛րդ դարուն։

Արշակ Բ. սեփական հողին վրայ ապրելու ուժին խորհուրդը պատգամեց։

Սասունցի Դաւիթը այդ հողին տէ՛ր կանգնելու քաջութիւնը ունենալ հրամայեց։

Գրիգոր Լուսաւորիչ սորվեցուց քայլ պահել աշխարհի յառաջդիմական իտէալներուն հետ՝ հաւատարիմ մնալով սեփական ինքնութեան։

Մեսրոպ Մաշտոց մեզի ժառանգ ձգեց այդ ինքնութիւնը պահելու գլխաւոր զէնքը՝ մեր այբուբենը։

Նարեկացի ճամբան ցոյց տուաւ մեր հոգիին հետ հաղորդակցութեան։

Խրիմեան Հայրիկ երկաթէ շերեփի կարեւորութիւնը շեշտեց՝ մեր գոյութիւնը պաշտպանելու համար։

Կոմիտաս եղաւ մեր մշակոյթի անլռելի՜ զանգակատունը։

Շաւարշ Քրիսեան ինքնագերազանցո՛ւմ պահանջեց մեզմէ։

Քրիստափորի, Զաւարեանի ու Ռոստոմի հիմնած կուսակցութիւնը իր հիմանդրման պահէն կոչ ըրաւ միասնականութեան։

Ահա կերտիչները մեր առասպելներուն, առասպելներէն ոմանց պարզապէս։ Շարքը կարելի է երկարել յիշելով այն բազմաթիւ լուսապսակ դէմքերը որոնք հիւսեցին առասպելները մեր ինքնութեան՝ գրականութեան, գեղարուեստի, գիտութեան ու մարմնամարզի եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Բայց առասպելներ չեն անոնք միայն, այլ մեր պատմութիւնն են, մեր էութի՛ւնն իսկ։

Չմոռնանք զանոնք, մտքէ չհանենք երբեք, որպէսզի առաջնորդուինք անոնցմով ու կերտենք նո՛ր առասպելները հազարամեակներէ եկող ու դէպի հազարամեակներ ընթացող անկասելի մեր երթին։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.