Ինչպէ՞ս զօրացնել մեր մարմինին դիմադրողականութիւնը

Օրերս աշխարհը կը տառապի պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն: Այս համաճարակին դէմ դնելու համար խիստ կարեւոր է զօրացնել մեր մարմինին դիմադրողականութիւնը։

Կան բազմաթիւ ազդակներ, այլ խօսքով՝ հիւանդութիւններ, որոնք կը նուազեցնեն մարմինին դիմադրողականութիւնը: Կենսանիւթերու նուազումին հետ կապ ունեցող ազդակներուն հիմնականը սխալ սննդառութիւնն է։

Խօսքս կը վերաբերի ոչ միայն շատ նիհար կամ սովէ տառապող շրջաններու մէջ ապրող անձերուն, այլեւ գէրերուն, որոնք բաւարար չափով կ’ուտեն, սակայն անոնց ուտելիքը աղքատ կ’ըլլայ սնուցիչ կենսանիւթերով: Այսպէս կ’ըլլան ընդհանրապէս արագ պատրաստուող ուտելիքները՝ fast foods, զովացուցիչները, անուշեղէնը, տապկոցները եւ այլն։

Կարգ մը հիւանդութիւններ կապ ունին սնունդին հետ, ինչպէս օրինակ՝ Bulimia-ն, anorexia-ն կամ սպիտի՝ protein-ի, պակասը, մանաւանդ փոքրերու եւ ծերերու մօտ։

Կարգ մը կենսանիւթեր եւ հանքանիւթեր շատ կարեւոր են զօրացնելու մարմինին դիմադրողականութիւնը: Անոնցմէ են A, B-6 եւ C կենսանիւթերը, Omega-3-ը, զինքը, երկաթը եւ այլն։

Այս կենսանիւթերով հարուստ են՝ նարինջը, լիմոնը, կրիֆոնը եւ պղպեղը, որոնք կը պարունակեն նաեւ հակաօքսիտանդներ: Ընկոյզը եւ նուշը հարուստ են սպիտներով, սոխը եւ սխտորը կը զօրացնեն մեր մարմինին դիմադրողականութիւնը ժահրերու եւ մանրէներու դէմ։

Օրական առնուազն 2 անգամ պտուղ պէտք է ուտենք: Նախընտրելի է ուտել թարմ պտուղներ, իսկ անոնք, որոնք չեն սիրեր պտուղի տեսակներ, կրնան փոխարինել զանոնք թարմ օշարակներով, պայմանաւ որ թարմ պտուղի հիւթ ըլլան անոնք, ոչ թէ քիմիական նիւթերու խառնուրդ: Կարելի է ուտել նաեւ բանջարեղէն եւ կաթնեղէն։ Բանջարեղէնը եփելով կը կորսնցնէ իր կարգ մը կենսանիւթերը, սակայն շատ մը կենսանիւթեր չեն ազդուիր եփելէ: Ուստի, մենք օրական պէտք ուտենք թէ՛ թարմ պտուղներ, թէ՛ կանաչեղէն, եւ թէ եփած բանջարեղէն: Այս բոլորին կողքին կարեւոր կը համարուին նաեւ մսամթերքներն ու կաթնեղէնները, որպէսզի ստանանք մեր մարմինին անհրաժեշտ բոլոր սնուցիչները:

Նախընտրելի է այս կենսանիւթերը ստանալ ուտելիքներէն, ոչ թէ փոխարինել զանոնք դեղահատերով, որովհետեւ ուտելիքներէն ներծծումը շատ աւելի դիւրին կ’ընթանայ: Անոնք, որոնք կենսանիւթերու սաստիկ նուազումէ կամ արեան տկարութենէ կը տառապին, անհրաժեշտ է որ հետեւին իրենց բժիշկին թելադրանքներուն եւ գործածեն իրենց բուժման համար տրուած բոլոր դեղահատերը, որովհետեւ նման անձերուն մարմինին դիմադրողականութիւնը շատ աւելի տկար կ’ըլլայ եւ անոնք աւելի ընդունակ կ’ըլլան հիւանդութիւններու։

Կարգ մը ուտելիքներ բացասական ազդեցութիւն կրնան ունենալ մարմինին դիմադրողականութեան վրայ: Մեծաքանակ ճարպերը, շաքարը, անուշեղէնը, զորօրինակ, կը տկարացնեն մարմինին դիմադրողականութիւնը: Կտաւատը, որ շատեր կ’օգտագործեն, օրական 100 միլիկրամէն աւելի նախընտրելի չէ օգտագործել, որովհետեւ կրնայ պատճառել փորհարութիւն եւ աղիքային հարցեր:

Դեղահատի ձեւով կենսանիւթեր ու հանքանիւթեր ալ կարելի է օգտագործել, ինչպէս օրինակ՝ ձկան իւղը, որ շատ կարեւոր կը համարուի մարմինին դիմադրողականութիւնը զօրացնելու համար, բայց եթէ օրական 3 կրամէն աւելի օգտագործուի, հակառակ ազդեցութիւն կրնայ թողուլ, կը տկարացնէ մարմինին դիմադրողականութիւնը եւ նոյնսիկ արիւնահոսութիւն կրնայ յառաջացնել։

Անշուշտ մարմինին դիմադրողականութիւնը մէկ օրուան մէջ կարելի չէ զօրացնել: Անհրաժեշտ է առնուազն մէկէն երկու ամիս, որպէսզի տարբերութիւն զգանք: Շարունակաբար առողջարար սննդականոնի հետեւելով միայն կը զօրանայ մեր մարմինին դիմադրողականութիւնը։

Շաղիկ Գաբրիէլեան
Սննդագէտ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.