Ինչո՞ւ հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն դէմ ենք
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Հայրենիք»
Մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ անդրադարձած էինք, թէ հայաստանեան այժմու ընդդիմութիւնը եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն նկատմամբ արմատական ընդդիմադիրի դիրք որդեգրած են ոչ միայն ազգային հարցերուն կապակցաբար, այլ նաեւ ընկերային-տնտեսական վայրագ դրամատիրական եւ ապիկար քաղաքականութիւններուն պատճառով: Երբ 2018-ին սկսան ժողովրդային զանգուածային շարժումներն ու ցոյցերը, Դաշնակցութիւնը լռելեայն, առանց թմբուկի եւ զուռնայի, աջակցեցաւ անոնց: Այլ դիրքորոշում ալ չէր կրնար որդեգրել, որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր որդեգրած էր Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններ կատարելու կարգախօսը: Դաշնակցութիւնը այն ժամանակ անկեղծ կեցուածք դրսեւորեց՝ յայտարարելով, որ ինք կ՛ուզէ ժողովրդային այս շարժումին յաջողութիւնը, ըստ այնմ ալ զանգուածային ցոյցերէն եւ իշխանափոխութենէն ետք ձեւաւորուած առաջին կառավարութեան մէջ Հ.Յ.Դ.-ն համագործակցեցաւ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ ստանձնելով նախարարական եւ երկրի կառավարման հետ կապ ունեցող զանազան պաշտօններ: Ժողովրդային զանգուածային ցոյցերուն սկիզբէն Դաշնակցութիւնը մէկ մեծ մտահոգութիւն ունէր միայն, այն, որ իրադարձութիւնները չհասցնեն այնպիսի ելքի մը, որ կրկնուի 1 մարտ 2008-ի արիւնահեղութիւնը, որ ծանր արժեց հայութեան եւ որուն հետեւանքները մինչեւ հիմա ալ զգալի կը մնան:
Անկէ յետոյ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները յայտնի են արդէն ընթերցողներուն: Ժամանակ մը Դաշնակցութիւնը դարձաւ արտախորհրդարանական կառուցողական ընդդիմութիւն, իսկ Սեպտեմբեր 27 2020-ին սկսած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին յայտարարեց, որ մէկ կողմ դնելով քաղաքական ամէն տեսակի տարակարծութիւն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն հետ, իր բոլոր կարողութիւններով կը լծուի Հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան սուրբ գործին, որովհետեւ պատերազմական պայմաններու մէջ իւրաքանչիւր հայորդի Հայոց բանակի զինուոր է: Ըստ այնմ ալ, պատերազմի սկզբնաւորութեան առաջին քանի մը ժամերէն Հ.Յ.Դ.-ի հովանիին տակ գործող «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ընդմէջէն բազմաթիւ կամաւորներ գացին առաջնագիծ, շատեր վիրաւորուեցան մարտական գործողութիւններու հետեւանքով: Այդ պատերազմի պատմութեան մէջ Հ.Յ.Դ. «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ձգած հետքը անջնջելի պիտի մնայ մանաւանդ Մատաղիսի մօտ գտնուող Վարանգաթաղ կոչուած բարձունքը պահելու առումով, որ, ափսոս, տեղի ունեցաւ ի գին թանկագին կեանքերու զոհաբերման…
Նոյեմբերի 9-10 2020-ին ստորագրուած Եռակողմ պարտուողական եւ անձնատուական յայտարարութիւնը ջրբաժանն էր Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն առումով: Անկէ ետք ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ ընդհանրապէս իրենք զիրենք իբրեւ առողջ ազգային ուժեր նկատող ընդդիմադիր ուժերը իրենք զիրենք գտան արմատական ընդդիմութիւն դառնալու անհրաժեշտութեան դիմաց, որովհետեւ կարելի չէր քաղաքական եւ զինուորական պարտութենէն ետք ազգի եւ պետութեան ողնայարը շտկել՝ առանց ներկայ իշխանութիւններուն անցնցում հեռացման եւ անոնց՝ նոր որակի ազգային իշխանութիւններով փոխարինումին:
Ինչո՞ւ ընդդիմութիւնը կտրուկ եւ արմատական դիրքորոշումը որդեգրեց Փաշինեանի եւ անոր իշխանութիւններուն նկատմամբ: Որովհետեւ ի յայտ եկաւ նախորդ աւելի քան երկու տարիներուն ընթացքին, որ Նոյեմբեր 9 2020-էն ետք ալ դժբախտաբար շարունակուեցան ու տակաւին կը շարունակուին մեր կորուստները՝ ֆիզիքական թէ տարածքային առումով: Անկէ ետք շատ բերանացի եւ գրաւոր, գաղտնի եւ բացայայտ պայմանաւորուածութիւններու մասին խօսուած է իշխանութիւններուն եւ Պաքուի բռնատիրական վարչակարգին միջեւ, բոլորն ալ՝ ի նպաստ այդ բռնատիրական վարչակարգին: Թշնամիի զինուորական ոտնձգութիւնները չսահմանափակուեցան միայն Արցախ աշխարհով, այլեւ ան քանի մը առիթներով ներխուժումներ կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մանաւանդ արեւելեան սահմաններէն ներս՝ խախտելով երկրին ինքնիշխանութիւնը եւ բռնագրաւելով հսկայական տարածքներ: Եւ յաճախ այդ բռնագրաւումները դժբախտաբար կատարուեցան առանց հիմնական դիմադրութեան…
Այս ընդհանուր իրադրութիւնը պատասխանատու ընդդիմութեան կը ստիպէ անվտանգային խնդիրները իր ամէնէն առաջնահերթ հարցերը նկատել: Անցնող երկու տարուան ընթացքին հայրենի ընդդիմութիւնը երեք փորձեր կատարեց իր օրակարգերուն շուրջ ժողովրդային շարժումներ ստեղծելու. Հայրենիքի փրկութեան շարժումը, 2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին «Հայաստան» դաշինքի ժողովրդային բազմամարդ հաւաքները եւ ապա Դիմադրութեան շարժումը: Այս երեք փորձերուն ալ պարագային ընդդիմութեան օրակարգի գլխաւոր հարցերն էին եւ մնացին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն անվտանգութիւնը, բանակի վերակազմակերպումը, որպէսզի անիկա ատակ ըլլայ պաշտպանելու հայրենի երկիրը ոտնձգութիւններէն: Նոյնիսկ երբ փողոցային շարժումի վերոյիշեալ փորձերը ակնկալուած արդիւնքը չտուին Փաշինեանի հեռացման առումով, ընդդիմութիւնը իր խորհրդարանական զոյգ խմբակցութիւններով խորհրդարանին մէջ անվտանգութեան հարցը դարձուց իբրեւ հիմնական օրակարգ:
Եւ բնականաբար, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի վերջերս ունեցած ելոյթին ընթացքին ունեցած ճամարտակութիւնները Հ․Յ․Դ․ 133 տարուան պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ իր «ափսոսանք»-ը, թէ Հայաստանի մէջ իրական ընդդիմութիւն չկայ, երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ: Միթէ՞ իշխող այս խունթայի ներկայացուցիչները իրապէս կը կարծեն, թէ ընդդիմութիւնը պէտք է ըլլայ իրենց չափած եւ ձեւածին համաձայն, իշխանութիւններուն ջան ըսէ եւ ջան լսէ: Ալեն Սիմոնեանը վրդովմունքով կը նշէր նաեւ, որ «իրական ընդդիմութիւն»-ը պէտք չէ «պիտակաւորումներ» կատարէ: Բայց խնդրեմ, «պիտակաւորում» ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ: Իշխանութիւններու ներկայացուցիչները ընդդիմադիր ուժերու եւ անհատներու կողմէ իրենց հասցէին ուղղուած խօսքերը պէտք չէ ընկալեն իբրեւ անձնական վիրաւորանք կամ «պիտակաւորում»: Անոնք իրենց գործելակերպով Նոյեմբեր 9 2020-էն ետք վաստկած են այդ խօսքերը լսելու իրաւունքը: Այդ խօսքերը քաղաքական գնահատական են իրենց այդ գործելակերպին: Երբ մէկը իրենց հասցէին ուղղէ «յանձնող» (կապիտուլիանտ) բառը, սա քաղաքական գնահատական է, որ կը վերաբերի Եռակողմ յայտարարութեան եւ անկէ ետք բոլոր գաղտնի թէ բացայայտ պայմանաւորուածութիւններուն: Նոյնը կը վերաբերի թշնամիի հետ գործակցութիւնը մատնանշող «կոլաբորացիոնիստ» բառին եւ ուրիշ շատ բառերու, որոնք կը գործածուին ընդդիմադիր անհատներու եւ ուժերու կողմէ՝ բնորոշելու համար այս իշխանութիւններու ներկայացուցիչները: Խօսքեր կամ բառեր, որոնց համար Սիմոնեան մը չէր խրտչած նոյնիսկ, հակառակ իր պաշտօնական հանգամանքին, հրապարակաւ թքնելու ընդդիմադիր սփիւռքահայ գործիչի մը երեսին:
Վերջաւորութեան կը վերադառնանք միեւնոյն հարցումին՝ վերջ ի վերջոյ ինչո՞ւ դէմ ենք Հայաստանի այս, ներկայ իշխանութիւններուն: Կարծես մրցավազք մը կայ այս իշխանութիւններուն մօտ՝ հայ ազգային կեանքի անիւը անդարձ շրջելու իմաստով: Օր չ՛անցնիր, որ յայտարարութիւն մը չկատարուի մեր ազգային արժէքներուն եւ խորհրդանիշերուն դէմ, որդեգրուած է քաղաքականութիւն մը, որ կը տանի արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի ուրացման, վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձի մակարդակով կը կատարուին յայտարարութիւններ ճանչնալու Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը՝ այդ ամբողջականութեան մաս նկատելով նաեւ Արցախը եւ խորհրդային ժամանակաշրջանի անքլաւները, այսպիսով ամբողջութեամբ խախտելով Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ Անկախութեան հռչակագիրի հիմքերը, միտում կայ ընդունելու թուրք-ատրպէյճանական դաշինքին պարտադրած զիջումները մէկէ աւելի ոլորտներու մէջ: Այս բոլորին կողքին պէտք չէ մոռնալ նաեւ այս իշխանութիւններուն միանձնեայ էութիւնը, հակաժողովրդավարական (ժողովրդավարութիւն բառին իրական իմաստով եւ ոչ թէ այն իմաստով, թէ ո՛վ յաղթեց ընտրութիւններուն) եւ հակաընկերային էութիւնը: Այս բոլորը ընդդիմութիւնը կը մղեն արմատական ու անտեղիտալի կեցուածքով դէմ կանգնելու այս իշխանութիւններուն եւ նախապատրաստելու քաղաքական եւ ժողովրդային ամէնէն ընդարձակ զօրաշարժերը՝ սկսելու համար կանխելու նպատակով այն հաւանական գործարքները, որոնք կը նախատեսուին այսպէս կոչուած հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթներու ծիրին մէջ:
Comments are closed.