Ինչո՞ւ Կարեւոր Է Մուսա Լեռ – Այնճարը (Այնճարի Կարեւորութիւնը Լիբանանին)

Այնճար 80-ամեակ

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Մուսա Լեռ-Այնճարը, հայկական աւան մը ըլլալով հանդերձ, մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Լիբանանին համար:

Այնճարը խորհրդանիշ է բազմաթիւ երեւոյթներու, որոնք, լիբանանեան առումով, բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած են: Զուր տեղ չէ, որ Լիբանանի մամուլն ու պատկերասփիւռի կայանները անընդհատ կ՛անդրադառնան Այնճարի մասին` ցոյց տալով այս հայկական քաղաքին այլազան իւրայատկութիւնները: Ստորեւ կու տանք հիմնական  այն պատճառները, որոնք Այնճարը կարեւոր կը դարձնեն Լիբանանին  համար:

Ա. Այնճարը այն հազուագիւտ քաղաքներէն է, որ ունի յստակ , մտածուած եւ ծրագրուած  արծուաթեւ  յատակագիծ ` եւ չի նմանիր այլ գիւղերու եւ քաղաքներու, որոնք կառուցուած են անկանոն ձեւով, ուր չկան համաչափ փողոցներ , հաւասար հողատարածքներ եւ անհրաժեշտ հրապարակներ:Այնճարի մէջ  լաւագոյն կերպով դասաւորուած են բոլոր փողոցները, բոլոր հրապարակները եւ հիմնական կառոյցները:

Դասաւորուած քաղաք է Այնճարը, որ կրնայ օրինակ ծառայել երկրին մէջ այլ գիւղերու եւ քաղաքներու: Քաղաքը կառուցուած է զառիթափի վրայ եւ զերծ կը մնայ ձմրան ընթացքին պատահող հեղեղներէն, որոնք այլ գիւղերու եւ քաղաքներու պարագային, հսկայ վտանգներու եւ կորուստներու պատճառ կը դառնան:

 

Բ. Այնճարը Լիբանանի զբօսաշրջային  լաւագոյն  վայրերէն  է, ուր կան ոչ միայն հնութիւններ, մաքուր օդ եւ կանաչ տարածքներ, որոնք կրնան գրաւել զբօսաշրջիկները, այլեւ` յայտնի ճաշարաններ ու պանդոկներ, որոնք կը դիւրացնեն այցելուներուն կեցութիւնը:

Հոս կան նաեւ լայն հնարաւորութիւններ` ապագային աւելիով զարգացնելու զբօսաշրջութիւնը: Կայ  գրագէտ Պօղոս Սնապեանի  տուն-թանգարանը (շուտով նաեւ Մուսա Լերան թանգարան), Մուսա Լերան յուշարձան- համալիրը , երեք եկեղեցիներ ,  փոքր, բայց գեղեցիկ  կղզի մը, մեծ ու փոքր  քարայրներ, լեռնային ճանապարհ, լերան վրայ նոր Մուսա Լեռ` 50.000 ծառերով, գետեզերք, հսկայ մարզական համալիր…

Քայլարշաւներու , նաւարկութեան ,  հետազօտական պտոյտներու , մշակութային հետաքրքրութիւններ գոհացնելու   լաւագոյն հնարաւորութիւնները  ունի Այնճարը, որոնք կրնան ապագային բացառիկ կեդրոնի վերածել այս քաղաքը:

Գ. Այնճարը վերջին տարիներուն նաեւ կարեւոր սկսաւ դառնալ պարզ այն պատճառով, որ հոս  ոռոգման եւ ըմպելի ջուրերը մաքուր են  եւ Այնճարի գիւղատնտեսական  արտադրութիւնները  համով եւ ապահով  են  (չունին ապականած ջուրի պատճառով ստեղծուած վնասակար մանրէներ եւ քիմիական մնացորդներ) եւ, հետեւաբար, շուկային վրայ փնտռուած են: Սպառողները պէտք չունին մտահոգուելու, երբ Այնճարի պտուղներն ու բանջարեղէնները կը գնեն, որովհետեւ անոնք ապականած չեն: Ապականումէ զերծ միջավայր է Այնճարը , որ ժամանակի ընթացքին աւելի կարեւորութիւն պիտի ստանայ, պարզապէս որովհետեւ քիչ շրջաններ մնացած են Պեքաայի դաշտին մէջ, որոնք կ՛ոռոգուին մաքուր աղբիւրի ջուրով:

Դ. Այնճարը Լիբանանի  համար  խորհրդանիշ է համայնքային համերաշխութեան  եւ  համագործակցութեան, բան մը, որ շատ կենսական է այս երկրին համար, եթէ նկատի առնենք, որ երկիրը բազմահամայնք է, եւ անոր ներքին  խաղաղութիւնը գլխաւորաբար կախեալ է միջհամայնքային գործակցութենէն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, լիբանահայութեան կողքին, Այնճարը տուաւ լաւագոյն օրինակը` իր շրջապատին հետ  սերտ յարաբերութիւններ պահելով  եւ  գործակցելով  դրացիներուն հետ, ի  խնդիր  գիւղացիներու  բարօրութեան: Պետութեան համար նուազ գլխու ցաւ ստեղծող քաղաք է Այնճարը, ուր  ընդհանրապէս հարցերը ներքնապէս եւ հասկացողութեամբ կը լուծուին` ներքին ապահովութեան ուժերու աշխատանքը դիւրացնելով:

Պետութիւնը կ՛ուզէ այս տեսակի  օրինակելի գիւղեր եւ քաղաքներ ունենալ` դիւրացնելու համար իր աշխատանքը:

Ե. Այնճարը արագ զարգացող քաղաք է` հակառակ շատ մը  այլ գիւղաքաղաքներու, որոնք նահանջի մէջ են եւ ժամանակին հետ չկարենալով քայլ պահել` կ՛ամայանան, կը տկարանան:

Լիբանանի մէջ  գիւղերը քաղաքներէն նուազ յառաջդիմած են, եւ կեանքի մակարդակի տարբերութիւնը մեծ է մայրաքաղաքին եւ հեռաւոր գիւղերուն միջեւ: Այնճարը, սակայն, այդպէս չէ. հոս կայ զարգացման միջավայր մը, որ նախանձը կրնայ գրգռել այլ շրջաններու: Այնճարցիք մշակոյթի զարգացման  յառաջատարներէն եղած են Պեքաայի դաշտին մէջ`  հիմնելով երգչախումբ, նուագախումբ, պարախումբ, թատերախումբ, փողերախումբ, կրթական հաստատութիւններ, ձկնարաններ, որակաւոր պտուղի պարտէզներ,   կաթնամթերքի արտադրութեան ագարակներ, ճաշարաններու ցանց, պանդոկներ …

Այս  բոլորը կր հաստատեն, որ Լիբանանին  համար շատ  կարեւոր է Այնճարը: Լիբանանը ունի շատ հարստութիւններ. Այնճարի ներկայութիւնը, սակայն, բան մը կ՛աւելցնէ այս երկրի հարստութեանց վրայ, որուն համար պէտք է հպարտ զգան  հայերը, ո՛ւր ալ գտնուին աշխարհի վրայ:

***

Մուսա Լեռ-Այնճարը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թէ՛ սփիւռքին, եւ թէ Հայաստանին  համար: Այս իրողութիւնը կրնայ հաստատել ոեւէ հայ, որ այցելած է այս փոքրիկ Հայաստանը: Սփիւռքի տարածքին իւրայատուկ հայկական կեդրոն մըն է Այնճարը, որ եզակի է բազմաթիւ առումներով: Հոս ապրողները ստեղծած են իրենց Հայաստանը, հայրենիքի սահմաններէն դուրս ` ուշադրութիւնը գրաւելով տարբեր ուսումնասիրողներու եւ շրջանակներու: Արդէն 80 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի այս աւանը, որ հպարտութիւն կրնայ ներշնչել ոեւէ հայորդիի:

Այնճարը ինչո՞ւ կարեւոր է հայութեան համար. փորձենք քանի մը կէտերու մէջ ներկայացնել գլխաւոր պատճառները:

Ա.- Այնճարը կը ներկայացնէ մուսալեռցիներուն  հարազատ ժառանգութիւնը եւ, այսօրուան դրութեամբ, ունենալով մեծագոյն թիւը մուսալեռցիներու, որոնք համախումբ կ՛ապրին, կը ներկայացնէ մուսալեռցիներուն մայրաքաղաքը: Փաստօրէն, Այնճարը Մուսա Լերան շարունակութիւնն է, հետեւաբար, կը շարունակէ պահել Մուսա Լերան ժողովուրդի սովորութիւնները, բարբառը եւ տէր կը կանգնի այս ժողովուրդին անցեալին, կենդանի պահելով հերոսամարտի յիշատակը: Այնճարի գոյութիւնն է նաեւ գլխաւոր պատճառներէն մէկը, որ նոր գիրքեր եւ ժապաւէններ կը շարունակեն պատրաստուիլ Մուսա Լերան մասին:

Բ.- Այնճարը կը ներկայացնէ հայկական նկարագիրի գլխաւոր յատկանիշերը, ինչպէս` շինարար ոգի, ստեղծագործ աշխատանք, քաջութիւն, հաւատք, մշակոյթի հանդէպ յատուկ սէր…

Այնճարի մէջ փայլուն կերպով կ՛երեւի հայու շինարար նկարագիրը, որուն շնորհիւ յաջողած են 80 տարիներու ընթացքին Այնճար անապատը վերածել Այնճար կանաչապատ բուրաստանի: Այնճարի մէջ երեք սերունդ քրտինք թափած են այս ճահիճները պարտէզներու վերածելու համար, որ միայն աշխատասիրութեան, ստեղծագործ աշխատանքի եւ քաջութեան ցուցանիշ է: Հոս է, որ մարդիկ, նախքան իրենց տուներու կառուցումը, սկսած են կառուցել Աստուծոյ տունը (թէկուզ վրանի տակ), դպրոցը եւ ակումբը:

Գ.- Այնճարը  պահած է իր հայկական դիմագիծը եւ ոգին` հակառակ բոլոր փոթորիկներուն:

80 տարիներու ընթացքին, բազմատեսակ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուած են մուսալեռցիները Այնճարի մէջ, սակայն չեն յուսահատած: Առաջնահերթ նկատուած է քաղաքին հայկական դիմագիծը, որու պաշտպանութեան համար մնայուն կերպով պայքարած են: Ամէն ինչ ըրած են վտանգէ զերծ պահելու համար այս քաղաքի հայկական դիմագիծը: Վերջապէս սփիւռքի մէջ պահել եւ պաշտպանել այս աւանը որպէս փոքրիկ Հայաստան (պատիւը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեանն է, որ իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր տէր կանգնած է այս աւանին) մեծ արժէք է թէ՛ սփիւռքի, եւ թէ Հայաստանի համար: Զարմանալի չէ նաեւ այն իրականութիւնը, որ Այնճարի բնակիչներու մեծ մասը ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Պէտք չէ զարմանալ նաեւ, որ Հայ դատի զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանը Այնճարէն է:

Դ.- Այնճարը  մարդուժի պատրաստութեան  կարեւոր կեդրոն է:

Այնճարի խաղաղ եւ հայաշունչ կեանքը առիթ կու տայ պատրաստելու հայկական  մարդուժ, որուն մեծապէս կարիքը ունի յատկապէս սփիւռքը: Այս քաղաքի հայկական վարժարաններուն մէջ տասնամեակներ շարունակ  պատրաստուած են  սերունդներ, որոնք կը գտնուին սփիւռքի պատասխանատուներու առաջին գիծերուն վրայ (վարժարաններու ուսուցիչներ եւ  տնօրէններ, թերթերու խմբագիրներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ճանչցուած արուեստագէտներ, գրողներ, ազգային-կուսակցական գործիչներ…): Կարելի է նկատել, որ տարբեր գաղութներու մէջ միշտ գտնուած են աշխատող եւ նուիրեալ հայորդիներ, որոնք Այնճարէն անցած են: Առանց դժուարութեան, Մուսա Լերան անցեալի եւ սովորութիւններու հովանիին տակ կարելի եղած է  հայկական առողջ սերունդ  պատրաստել:

Ե.- Այնճարցիներու ապրած փորձառութիւնը կարեւոր է մանաւանդ Հայաստանի գիւղերուն եւ քաղաքներուն համար:

Ինչպէ՞ս զարգացած է Այնճարը, ի՞նչ հանգրուաններէ անցած է եւ ի՞նչ լուծումներ որդեգրած է: Վերջապէս այս ժողովուրդին ապրած կեանքը իր տարբեր երեսներով պէտք է ուսումնասիրուի, վերլուծուի եւ գտնուին այն գաղտնիքները, որոնք կարեւոր են գոյատեւելու եւ զարգանալու համար:

Այնճարը մեծ արժէք է հայութեան համար: Վերջերս Շուէտէն երկու համալսարանականներ եւ Միացեալ Նահանգներէն պատմաբան մը այցելեցին Այնճար. անոնք եկած էին ուսումնասիրելու, թէ ինչպէ՛ս կը փոխանցուի Մուսա Լերան ոգին նոր սերունդին: Ինչպէ՞ս պահուած են Մուսա Լերան բարբառն ու սովորութիւնները եւ կապը անցեալին հետ:

Հիմնուելով այս պատճառներուն վրայ, կարելի է հաստատել, որ Այնճարը կեանքի փորձ եւ  գոյատեւումի ճանապարհ է հայութեան համար:

***

Հիմա, որ անդրադարձած ենք Այնճարի կարեւորութեան` Լիբանանին եւ հայութեան համար  (սփիւռք եւ Հայաստան), կա՞ն արդեօք հիմքեր, որոնք Այնճարին կու տան համամարդկային արժէք: Ի՞նչ յատկանիշեր այս քաղաքը կը դարձնեն բոլորին կողմէ հետաքրքրութեան առարկայ եւ անիկա ի՞նչով կը զատորոշուի այլ քաղաքներէ:

Բնականաբար անպայման կան մուսալեռցիներու ճակատագրակից ժողովուրդներ, որոնք անցած  են  նոյնանման ճանապարհէ:

Մուսալեռցիները, սակայն երեք անգամ գաղթական եղած են, 1915-ին` դէպի Փոր Սայիտ, 1939-ին` դէպի Այնճար եւ 1946-47-ին` դէպի հայրենիք: Ապրած են գաղթականութեան ամբողջ տառապանքը:

 

Այնճարը, սակայն բոլորովին տարբեր ճակատագիր ունի:

Հոս մահացած են գաղթականներուն գրեթէ մէկ չորրորդը` առիթ տալով, որ մնացեալները ապրին: 5125 հոգիէն շուրջ 1000-ը մահացած են առաջին 2-3 տարիներու ընթացքին` զոհ երթալով ցուրտին, մալարիային, անօթութեան…

Ահաւասիկ մարդկային գոյատեւումի եզակի օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ժողովուրդը, եթէ ամուր եւ յամառ է (եւ ի՜նչ յամառ) կրնայ տոկալ բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց եւ կենդանի մնալ, մերժելով մահը, աւելի՛ն` մարտահրաւէր կարդալով անոր:

Առիթով մը, բնութեան կրած փոփոխութիւնները սերտող մասնագէտ մը, երբ տեսաւ Այնճարի 1939-ի անապատային նկարը եւ այսօրուան  պատկերը բացագանչեց.

«Դուք աշխարհին ցոյց կու տաք, թէ գիտութիւնը սխալ է. ձեր իրագործածը ապացոյց է, թէ մարդկային ուժը կրնայ բնութեան անիւը շրջել, եւ շրջանը, որ կ՛երթայ դէպի անապատականացում, անոր ուղղութիւնը կարելի է փոխել դէպի կանաչապատում: Դուք յաղթա՛ծ էք բնութեան»:

Այնճարի 80 տարիներու պատմութիւնը, որ լեցուն է բազմաթիւ վերիվայրումերով, մարդկային քաղաքակրթութեան համար տուած է բազմաթիւ օգտակար օրինակներ, որոնցմէ կրնան օգտուիլ բոլոր ժողովուրդները:

Այնճարը, որ շարունակութիւնն է Մուսա Լերան, իր 80 տարիներու պատմութեամբ ստեղծած է կրթական, դաստիարակչական, համայնքային եւ հայրենակցական կեանքի օրինակ մը, որ արժէք է, փորձառութիւն է, կեանքի ճանապարհ է եւ նուազ հետաքրքրական եւ ուսանելի չէ, եթէ բաղդատուի այսպէս կոչուած յառաջդիմած քաղաքներու կեանքին  հետ:

Տարիներ առաջ լուսահոգի Յովհաննէս վարդապետ  Օրջանեանը (Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ` ատենին) երկու իտալացի գրողներ բերաւ Այնճար: Գրողները զարմացած էին իմանալով, որ հոս կ՛ապրին «Մուսա Լերան 40 օրեր»-ու ժառանգորդները: Առաջին հարցումը եղաւ. «Խաչ դրօշակը հո՞ս է, կրնա՞նք տեսնել: Անհաւատալի, բայց իրաւ պատմութիւն մը ունիք: Հպարտ զգացէք ձեր անցեալով»:

Այնճարը աշխարհով տարածուած Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդին հարազատ զաւակն է, եւ միայն այս յատկանիշը բաւարար կրնար ըլլալ  հեռաւոր շրջաններէն մարդիկ մղելու, որ գան, տեսնեն եւ մօտէն ճանչնան այդ քաջ, պայքարող եւ մահը մերժող ժողովուրդի ժառանգորդները:

Կայ  աւելին. Այնճարի մէջ կը շարունակէ գոյատեւել ինքնամփոփ ժողովուրդի մը կեանքի բոլոր երեսները. ժողովուրդ մը, որ ունի իր իւրայատուկ կենցաղը, բարբառը, սովորութիւնները, պատմութիւնը եւ մտածելակերպը, որ մարդկային քաղաքակրթութեան կենդանի օրինակ է:

Հոս կայ զարգացող ընկերութեան մը բոլոր յատկանիշերը  արտայայտող կեանքի տեսակ մը, որ ունի տարբեր գոյն եւ համ: Հոս  հարսանիքը ժողովրդային տօն է, մահը համագիւղական յուզում…: Հոս մարդիկ իրարու  համար են եւ ամէն բան ծախու չէ:

Հոս կանաչութիւնը կը տիրապետէ, մաքրութիւնը բնական է, խաղաղ է կեանքը` պարզ եւ հանդարտ:

Եթէ այս յատկանիշերը մարդկութեան համար արժէք ունին (եւ ունի՛ն), այդ պարագային Այնճարը համամարդկային արժէք է, որուն պէտք է գուրգուրալ: Բոլոր արժէքաւոր իրերը գուրգուրանքի կարօտ են, որպէսզի զոհ չերթան անհոգութեան, անտարբերութեան եւ վտանգներուն:

Բոլորին պարտականութիւնն է աչքի լոյսի պէս պահել այս իւրայատուկ քաղաքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.