«Թուրքիոյ ներկայութիւնը աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը» յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, եւրոպացի խումբ մը լրագրողներու հետ հանդիպման

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ եւրոպացի խումբ մը լրագրողներու հետ, որոնք վերջին օրերուն Արցախ կը գտնուէին: Նախագահը պատասխանեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած ռազմական յարձակումներուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ անոնց ուղղած հարցումներուն:

Ան յատկապէս ցաւ յայտնեց, որ այս պատերազմին պատճառով ազգը կը կորսնցնէ իր երիտասարդ, պայծառ, հայրենասէր տղաքը, ինչպէս նաեւ անմարդկային նկատեց այն, որ առաջին օրէն իսկ թիրախ կը դառնան խաղաղ բնակչութիւնը, քաղաքացիներու բնակարանները:

Հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ, որ եթէ Ազրպէյճան իբրեւ պատերազմի նպատակ կը յայտարարէ տարածքներու ազատագրումը, այն տարածքներուն, ուր հայեր կը բնակին հազարամեակներէ ի վեր, ապա խորքին մէջ տեղի ունեցածը ցեղային զտում է: Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ նպատակն է Ազրպէյճանին ցոյց տալ, թէ իրենք ցեղային եղբայրներ են, իրարու կարիք ունին, բայց եւ այնպէս շատ հաւանական է, որ Թուրքիան կու գայ մնալու հոն` միջազգային խողովակաշարերը կառավարելու համար:

Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ Թուրքիոյ ներկայութիւնը աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը:

Ան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ բանակցային գործընթացին վերադառնալու, խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ընթանալու միակ ճամբան այս տագնապէն Թուրքիոյ դուրս գալն է, հակառակ պարագային իրավիճակը մեծ վտանգ պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին համար:

Պատասխանելով Հայաստանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան հաւանական ճանաչման մասին հարցումի մը` հանրապետութեան նախագահը խօսեցաւ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերու մօտեցումներու քանի մը տարբերութիւններու մասին: «Տարիներու ընթացքին Հայաստանը չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը պարզ պատճառով, որպէսզի առիթ տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծուի բանակցութիւններու միջոցով: Մենք կ՛ուզէինք, որ բանակցութիւններու շնորհիւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչցուի, եւ յետոյ միայն Հայաստանը ճանչնայ: Միեւնոյն ժամանակ, եթէ այս պատերազմը շարունակուի, եւ բանակցութիւններու վերադառնալու կարելիութիւն չըլլայ, վստահաբար, Հայաստանը, ամենայն հաւանականութեամբ, այլ ընտրութիւն պիտի չունենայ, բացի ճանչնալը: Սակայն, այս պահուն զինադադարի հաստատման ու բանակցութիւններուն վերադառնալու յոյս կայ: Այդ պատճառով է, որ Հայաստանը նոյնիսկ այսօր ատիկա չի կատարեր: Մեր մօտեցումը այն է, որ այս խնդիրը ռազմական լուծում չունի», յայտնեց ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.