Թուղթ առ Երեւան, Ամազոն եւ…

Քաղաքականութիւնը արուեստն է հնարաւորին
Բանաստեղծութիւնը արուեստն է հնարաւորութիւններուն
եւ՝ Յեղափոխականները բանաստեղծներն են քաղաքականութեան

Էլօ Հերկելեան

Մենք այստեղ պիտի չքննարկենք թէ ինչո՛ւ եւ կամ ի՛նչ պայմաններու ու հանգամանքներու տակ գրուած էր Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»ը այնքան, որքան պիտի փափաքէինք անդրադառնալ այն գնահատելի երեւոյթին, որ այսօր՝ այս խիստ հանրայայտ աշխատութիւնը կը ստանայ նոր ծաւալ ու տարածում, լաւագոյն օգտագործումով ժամանակակից հրատարակչական արհեստագիտութեան ու ցրւումի մեթոտներուն:

Այսպէս.

1944-էն ի վեր բազմիցս հրատարակուած «Թուղթ առ Երեւան»ը առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակուի անգլերէն թարգմանութեամբ՝ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի եւ Ռուբէն Ճանպազեանի եւ հրատարակութեամբ՝ «Հայրենիք» հրատարակչատան: Գիրքը կը բաղկանայ 108 էջերէ, անոր հայերէնի խմբագիրը Եփրեմ Թոքճեանն է իսկ անգլերէնի խմբագիրը՝ Վահէ Հապէշեանը:

Բայց գիրքի անգլերէն այս թարգմանութիւնը այլապէս շահեկան է այն իմաստով, որ գիրքի ցրւումն ու տարածումը ստանձնած է «Ամազոն»ի նման աշխարհի մեծագոյն «էլէքթրոնիք» առեւտուրի համացանցային ընկերութիւնը: Ընկերութիւն մը, որ կը դասուի ԱՄՆ-ի երկրորդ մեծագոյն եկամուտը ապահովող (ըստ նախորդ տարուան տուեալներուն) եւ որ աւելի քան 600.000 աշխատող կը հաշուէ: Գիրքը պատուիրելու համար, մտնելով կայքի «որոնել» բաժինը, մենք կը կարդանք ի միջի այլոց հետեւեալը.

  • Published by the 120-year-old Hairenik Press, this is the first English translation of Tzarukian’s Letter to Yerevan. «Հրատարակուած 120 տարեկան «Հայրենիք» հրատարակչատան կողմէ, այս մէկը Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»ի առաջին անգլերէն թարգմանութիւնն է»:

  • The publication of Letter to Yerevan is the first of several initiatives planned celebrating the 120th anniversary of the Hairenik Association. All the proceeds from book sales will be donated to the Hairenik Association’s Newspaper Digitization Project. «Թուղթ առ Երեւան»ի հրատարակութիւնը ծրագրուած այն բազմաթիւ նախաձեռնութիւններէն առաջինն է, զոր Հայրենիք (թերթի) ընկերակցութիւնը ձեռնարկած է իրագործել իր 120-ամեակին առիթով: Սոյն գիրքի վաճառքի բոլոր hասոյթը պիտի յատկացուի «Հայրենիք» թերթի թուայնացման ծրագրին:

Ամազոնի կայքը բնականաբար կ’անդրադառնայ գիրքի հեղինակին, բովանդակութեան, թարգմանիչներուն. մէկ խօսքով ամփոփ պատմականը տալով անոր գրուելու շարժառիթին մասին: Նոյնի՛սկ կարելի է տեսականօրէն կարդալ զայն էջ առ էջ եւ ունենալ «քինտըլ» տարբերակը:

Վերոյիշեալ մանրամասնութիւնները թուելով մենք բնաւ շրջանցելու միտում չունինք այն երախտաւոր աշխատանքին կարեւորութիւնը, զոր կատարած են «Հայրենիք» թերթի խմբագիրներն ու թարգմանիչները:

Ընդհակառակը, զայն գնահատելու պատճառները բազմաթիւ են ու բազմազան.

  • Նախ անոր համար որ գտնուելով այդպիսի «որոնման համակարգ»ի (search engine) մը էջին մէջ, գիրքը հասանելի կը դառնայ բազմապատիկ օգտատէրերու, ընդ որում ոչ հայախօս հայ զանգուածներուն, որոնք հնարաւորութիւնը չունին հաղորդուելու հայ գրականութեան գոհարներով:
  • Ապա գիրքի հասանելիութիւնը երաշխաւորուած է ողջ աշխարհի տարածքին. կտրելով աշխարհագրական սահմանները: Ողջունելի է այն հանգամանքը, որ «Letter to Yerevan»ը մատի վրայ հաշուուող այն հազուագիւտ երեւոյթներէն է, որոնք վաճառքի իրաւունք ստացած ու որդեգրուած են «Ամազոն»ի տնօրէնութեան կողմէ:

Անցնելէ առաջ Անդրանիկ Ծառուկեանի եւ անոր վերոյիշեալ գիրքին կարգ մը առանձնայատկութիւններուն, անհրաժեշտ է յիշեցնել, թէ «Թուղթ առ Երեւան»ի անգլերէն թարգմանուած տարբերակը տպուած է երկլեզու: Ամէն բացուող էջի ձախին տեղադրուած է հայերէն բնագիրը իսկ աջին՝ անգլերէնը:

Վերստին կարդալէ ու հաղորդուելէ ետք սոյն պոէմով, մեզի կը թուի, թէ անոր ընտրութիւնը ո՛չ պատահական է, ո՛չ ալ ժամանակավրէպ: «Թուղթ առ Երեւան»ը, որ յաճախ ծանօթ է նաեւ «Հէյ ջա՜ն Երեւան» անուանումով, Գէորգ Աբովի «Մենք չենք մոռացել»ին պատասխան մը ըլլալէ աւելի, կարօտի կանչ մըն է պայթած իւրաքանչիւր սփիւռքահայու հոգիէն եւ ո՛ւխտ՝ վերադառնալու հայրենիք, ինչ կացութաձեւի տակ ալ որ գտնուի ան:

Հետաքրքրական է, որ արեւմտահայերէնով արտայայտուող գրողի մը կողմէ, բացառապէս արեւելահայերէնո՛վ գրուած է այս բանաստեղծութիւնը: Սոյն երեւոյթին մասին իր բացատրական մէկ յօդուածին մէջ Ռուբէն Ճանպազեան «Հայրենիք»ի 11 Յունուար 2019-ի թիւին մէջ կ’ըսէ.

«Ուզած է (Ծառուկեան), թէ ժամանակակից Հայաստանի մտաւորականութիւնը ոչ միայն կարդայ բանաստեղծութիւնը, բայց նաեւ ամբողջութեամբ հասկնայ ամէն մէկ բառ, ամէն մէկ գաղափար»: Կարծիք կայ նաեւ, որ Ծառուկեան իր ստեղծագործական գործընթացի ընթացքին, ենթագիտակցաբար մտածած ու ստեղծագործած ըլլայ արեւելահայերէնով:

Ապա ան 1944-ին այս գործը պաշտօնապէս ուղարկած է Հայպետհրատ: Անշուշտ ոչ Պետհրատը ոչ ալ Գէորգ Աբով արձագանգած էին անոր գիրին: Այնուամենայնիւ Խորհրդային այդ տարիներուն «Թուղթ առ Երեւանը» գաղտնի պայմաններու տակ խմորատիպ կը բազմացուէր եւ կը տարածուէր Հայաստանի մէջ, յատկապէս մտաւորականութեան եւ ուսանողութեան մօտ: Անոնցմէ շատեր անգիր սորված էին անկէ հատուածներ (երբեմն լման) եւ կ’արտասանէին մտերմիկ հաւաքներու ընթացքին:

Տարի մը անց, 1945-ին, Յակոբ Օշական «Վկայութիւն մը» խորագրով վերլուծական մը գրած է «Թուղթ առ Երեւան»ի մասին. ան Ծառուկեանը կը համարէր «Սփիւռքի առաջին տաղանդաւոր եւ իրա՛ւ բանաստեղծը»: Մէջբերենք Օշականի կարծիքը.

«Անդրանիկ Ծառուկեան ո՛չ Սիամանթօ մըն է, ո՛չ Վարուժան մը եւ ո՛չ ալ Պ. Դուրեան մը: Ու պէտք ալ չունի ատոնք կամ անոնց շուքը ըլլալուԾառուկեան Սփիւռքի տղայ մըն է, որ բախտաւոր օր մը առաւ այդ Սփիւռքէն շերտ մը բանդուք դրէք Վարուժանի «ափ մը կարմիր հողը» – նետեց զայն իր սրտի քուրային ու անկէ հանեց արիւնոտ, կենսագործեալ իր վկայութիւնը, «Թուղթ առ Երեւան»ը…»:

Գիրքին անգլերէնի խմբագիր Վահէ Հապէշեան «Ութը Ներածական; Սովորական թեմայի մը տարբերակները կամ տարբերութիւնները» խորագրեալ իր անգլերէն յառաջաբանին մէջ սպառիչ կերպով կը փորձէ վերլուծել նոյն երեւոյթին նկատմամբ բանաստեղծի մը, իմաստասէրի մը եւ դիւանագէտի մը տարբեր մօտեցումները ընդհանրապէս. ու վեր կ’առնէ բանաստեղծին դերը, մասնաւորաբար կոչ ուղղելով անսալու անոր ձայնին, գտնելու համար մեր ճանապարհը:

Համաշխարհայնացման եւ արհեստագիտութեան արագ զարգացման այս դարուն մեր ձգտումը պէտք է ըլլայ օգտուիլ այդ հնարաւորութիւններէն եւ դրականօրէն օգտագործել այդ միջոցները մեր արժէքներն ու մշակոյթը հասանելի դարձնելու անգլիախօս հայութեան այն հատուածին, որ ինչ-ինչ պատճառներով սերտ շփման մէջ չէ իր արմատներուն հետ. եւ ապա ինչու չէ նաե՛ւ օտարներուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.