Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովին ՀՅԴ-ն կասեցուց ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը

Յուլիս 11 եւ 12-ին Նիւ Եորքի մէջ կայացաւ Ընկերվար Միջազգայնականի (ԸՄ) Խորհուրդի ժողովը, որուն առաջին նիստին հիւրաբար խօսք առաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր ուղերձին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ զինեալ բախումներու պատճառով ստեղծուած տեղահանուածներու համատարած տագնապին, աշխարհը պատուհասող միջազգային ահաբեկչութեան եւ կենսոլորտի փոփոխութեան ճգնաժամին եւ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, մանաւանդ շեշտելով համատարած անգործութեան լուծումներ գտնելու հրամայականը։ Ան շեշտեց նաեւ, որ զինեալ առճակատումներու կանխարգիլման ուղղութեամբ աւելի գործնական լուծումներ պէտք է որդեգրէ միջազգային ընտանիքը։
ՄԱԿ-ի մէջ այս ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ընկերվար Միջազգայնականի լիիրաւ անդամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Հայաստանը ներկայացնող ՀՅԴաշնակցութեան պատուիրակութեան կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, իսկ այդ պատուիրակութեան անդամներն էին՝ Վահագն Գարագաշեան (Գանատա), Սանտրա Վարդանեան (ԱՄՆ), Մարալ Չոլոյեան (ԱՄՆ),  Սեւակ Պելեան (Գանատա), Յակոբ Յակոբեան(Գանատա), Նարէ Քիւփէլեան (ԱՄՆ)։
Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ-ի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ է, իսկ Արմէն Ռուստամեան տարածաշրջանի յանծնաժողովի նախագահ է
ԸՄ-ի նախագահ Ճորճ Փափանտրէու եւ ընդհանուր քարտուղար Լուիս Աճալա ներկայացուցին այս ժողովի հետեւեալ երեք գլխաւոր նիւթերը՝
1) Ամրագրել բազմակողմ համագործակցութիւնը խաղաղութեան համար.
2) Վերահաստատել մեր արժէքներն ու քաղաքականութիւնը անհրաժեշտ փոփոխութիւններու լոյսին տակ.
3) Պաշտպանել ժողովրդավարութիւնը, ուր որ ժխտուած է կամ կը գտնուի սպառնալիքի տակ:
Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Աճալա յատուկ կերպով  անդրադարձաւ Թուրքիոյ ներքաղաքական կացութեան եւ անոր իշխանութիւններու ի գործ դրած բռնաճնշումներուն։ Խօսք առաւ Թուրքիոյ CHP կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ումութ Օրան, որ յայտնեց, թէ ներկայ դրութեամբ Անգարայի իշխանութեանց հալածանքներուն իբրեւ արդիւնք Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած է 50 հազար քաղաքացի, 164 լրագրող, 200 լրատուամիջոց եւ 12 խորհրդարանի անդամ։ Ան հաստատեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր ոտնակոխուած են մարդ անհատի իրաւունքները, խօսքի ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ընկերվար Միջազգայնականի մեծ ընտանիքի ցուցաբերած զօրակցութեան համար։
Ատրպէյճանի Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արազ Ալիզատէ խօսք առնելով յայտարարեց, որ Ղարաբաղի հայերը ռուսերու անմիջական օժանդակութեամբ գրաւած են Ատրպէյճանի 20%-ը։ ՀՀի ներկայ ու նախկին նախագահները որակեց որպէս Ղարաբաղի մաֆիա եւ նշեց որ 2016ի Ապրիլին հայկական կողմի յարձակումը սանձելու նպատակով միայն Պաքուն զինուորական գործողութեամբ հակադարձեց։ Ըստ Ալիզատէի, անցնող քառասուն օրերուն հայերը 30 երեխաներ սպաննած են։ Ալիզատէ նաեւ կոչ ուղղեց վերջ տալու ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միջնորդական առաքելութեան եւ Ղարաբաղի հարցը յանձնելու ՄԱԿի Անվտանգութեան Խորհուրդին։
Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Աճալա խոսքը փոխանցեց ՀՅԴ պատուիրակութեան ղեկավար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, որ առաջին հերթին ցաւ յայտնեց ազերի ներկայացուցիչի ապատեղեկատուական, անարգալի ու զգացական զեղումներով կատարած անընդունելի ելոյթին համար: Ան յայտնեց, որ 2016ի Ապրիլեան ազերի գրոհը մեծ խախտում էր 1994-ի Ատրպէյճանի իսկ ստորագրութիւնը կրող հրադադարին եւ կը միտէր բռնկեցնել Արցախի ու Հայաստանի սահմանները՝ նոր պատերազմի մը սկիզբ տալով. ատրպէյճանական նախայարձակ բանակը ոչ միայն խախտեց պատերազմական միջազգային օրէնքը, այլ խողխողումի ենթարկեց սահմանամերձ խաղաղ հայ բնակիչներ, որոնց մէջ տարեցներ եւ երեխաներ. այս խժդժութիւնները կը վերյիշեցնէին Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի մէջ հայերու դէմ գործադրուած սպանդները, որոնց միջոցաւ Պաքուն բնաջնջեց Ատրպէյճանի մէջ բնակող հայութեան կարեւոր տոկոսը ու մնացեալն ալ աքսորեց իր երկրէն դուրս: Ան շեշտեց, որ Ղարաբաղը երբեք մաս չէ կազմած անկախ Ատրպէյճանին, այլ Խորհրդային իշխանութիւններու կամայական որոշումով զետեղուած էր Խորհրդային Ատրպէյճանի հովանիին տակ Ստալինեան օրերուն:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ յայտնեց որ հայ ժողովուրդը լաւ գիտէ պատերազմի արհաւիրքը, որովհետեւ անցեալ դարուն ունեցած է դառն փորձառութիւնը ցեղասպանութեան, որ ծրագրուած ու գործադրուած էր Թուրք պետութեան կողմէ իր իսկ քաղաքացիներու նկատմամբ 1915 – 1923-ի ընթացքին: Ուստի, բնական է որ Ղարաբաղի հայութիւնը, որ ճաշակած էր ազերի հալածանք ու սպանդ եւ տեսած թէ Ատրպէյճանի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչներն անգամ կը հերոսացնեն հայասպան ոճրագործներ, բացառէր Ատրպէյճանի որեւէ ենթակայութիւն: Ղարաբաղի ժողովուրդին համար երբեք ընդունելի չէ ազատ ինքնորոշման իր միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքի ոտնակոխումը:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի Ընկերվար Տեմոկրատ կուսակցութեան պատուիրակութեան, ապատեղեկատուութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու փոխարէն իր պետութիւնը մղէ, որ Ղարաբաղի հարցը Մինսքի խմբակի միջոցաւ ու քաղաքակիրթ երկխօսութեան ճամբով լուծելու հետամուտ ըլլայ։ Ան շեշտեց, որ պատերազմը պէտք է բացառուի ու Արցախի հիմնախնդրի հանգուցալուծման համար իրագործուին հետեւեալ կէտերը.-
Ա. 1994ի հրադադարի ամրագրում եւ Վիէննայի ու Սանկ Փիթըրսպուրկի հանաձայնութեանց յարգում.
Բ. Ատրպէյճանի հրադադարի խախտումներու կասեցում եւ շփման գիծի երկարութեան հետախուզական սարքերու զետեղում որպէսզի անառարկելիօրէն ճշդուին խախտումներու աղբիւրն ու նախաձեռնող կողմը.
Գ. Ատրպէյճանական մերժողական քաղաքականութեան դադարեցում, միայն խաղաղ ճանապարհով հարցի լուծման ազերի յանձնառութիւն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի հովանաւորութեան ներքոյ բանակցութիւններու լուրջ վերսկսում.
Դ. Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ իր իսկ քաղաքացիները որպէս մարդկային վահան օգտագործելու դատապարտում եւ այդ բարբարոս վերաբերմունքին  վերջակէտ դնելու անհրաժեշտութիւն:
Երկօրեայ այս ժողովի ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը, օրակարգերու քննարկումներու մասնակցութեան առընթեր, հանդիպումներ ունեցաւ Լատին Ամերիկայի, Արեւմտեան Եւրոպայի, Ռուսիոյ, Պելառուսի, Կազախստանի, Թուրքիոյ, Արաբական աշխարհի, Կիպրոսի, Քոսովոյի, Իսրայէլի, Քրտական կազմակերպութիւններու եւ Ընկերվար Միջազգայնականի Կանացի կազմակերպութեան պատուիրակութեանց հետ։
Յուլիս 14ին ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի կանացի ժոովին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.