Զգո՛յշ, չբարկացնենք հայրենասէր աբրահամներու տեսակը
Ժան Հալլաճեան
(Ի հետեւում ոստիկանութեան ArmNews այցելութեան առնչութեամբ Աբրահամ Գասպարեանի ելոյթին)
ArmNews-ի հաղորդավար Աբրահամ Գասպարեանի Երեկոյեան Լուրեր հեռարձակումով, տեղեկացանք հեռուստակայանի գրասենեակ ոստիկաններու «անմեղ այցելութեան» մասին: Շարժառիթը, յիշեցման կարգով, հաղորդավարին ուշադրութեան յանձնել է երեոյթ մը, «քաղաքավար խնդրանք»ի տարազով, որ պէտք է յարգուին թագաժահրի հակահամաճարակային ձեւաչափերը, նաեւ ծանօթ այլ բառամթերքով որպէս՝ կորոնավիրուս, թագավարակ, պսակաձեւ վարակ, պսակաձեւ ժահր, եւ այլն: Կը տեսնենք, հայերս որքա՜ն լուրջի առած ենք այս փորձանքը, անոր համապատասխան զանազան անուանակոչումներով, հանրութեան ուշադրութեան յանձնած այս ախտաւոր վարակի ահեղութիւնը:
Առարկայական փաստացի տուեալներով, անաչառ հարցերու ներկայացումներով, Աբրահամ Գասպարեան, ինչպէս միշտ, այս անգամ ե՛ւս պարզեց արհեստավարժ մարդու նկարագիր, ու համապատասխան եղանակով՝ հարցերը ընկալելու իր իւրայատուկ խոհեմ տրամաբանութեամբ նկատի առած դէպքերու ժամանակագրական զարգացումը, անվիճելի առարկութիւններով պարզեց այն պատկերը, որ այցելուներու «Գործի» նպատակը, խաղողը ուտելը չէր, այլ քաղաքակիրթ եղանակով՝ այգեպանը ծեծելն էր:
Արդ, երբ կը հետեւինք միջազգային հաղորդամիջոցներուն, պարտադիր հանգամանք չենք նկատեր, հաղորդման փակ կրպակներու մէջ բերան ու քիթ ծածկելով՝ լուր հաղորդելը: Վերջին հաշուով, լսելի ու տեսանելի փոխանցուելիք պատգամը ամբողջական չ’ըլլար, եթէ դիմակ կրես ու քողարկես երեսի արտայայտութիւններդ եւ ձայնի ելեւէջներդ:
Մէկ խօսքով, դիմակը ինքնութիւն չբացայայտելու որպէս առարկայ ճանչցուած էր ժամանկին, ուր իր ներքեւը երբեմն կեղծիք կը քողարկէ: Իսկ այսօր, դարձած է մարդկութեան փրկութեան հիմնական տարրը: Ո՜վ զարմանալի:
Արդեօ՞ք, ոստինակութիւնը անտեղեակ էր, թէ կայանը այլ մօտեցումներով զօրավիգ է պետական ցուցմունքներուն եւ իր եթերով հերթական ժամեր տրամադրած է պետական արժեչափերով առաջնորդուելու անհրաժեշտութեան ու տեսանելի օրինակներով սփռած՝ այդ տուեալները: Իսկ առանց դիմակի հաղորդում վարելը, ներկայացնել իբր խախտում օրէնքի, որ արժանի է օրինապահներու միջամտութեան, այդ հանգամանքը հեռուստադիտողներու կողմէ հալած իւղի պէս ընդունիլը՝ պարզապէս միամտութիւն պիտի սեպուի:
Հեգնական է մտածել, թէ գուցէ կարգ մը գիտաշխատողներ նաե՛ւ գտած են, թէ ուղիղ եթերով՝ հաւանական է ժահրի փոխանցումը, առ այդ օրինապահները նախազգուշական որպէս քայլ, թելադրիչ հանգամանքով, «մտերմիկ այցելութիւն» տուած են խնդրոյ կայանի պատասխանատուներուն:
Անոնք որոնք հասակ առած են մենատիրական երկիրներու մէջ, իմա Խորհրդային Հայաստան, նմանօրինակ ոստիկանական գործուղման առաքելութիւնը լաւ կը հասկնան, ու դժուար չէ իրենց համար պատկերացնել նամակի մը պարունակութիւնը՝ սո՛սկ կարդալով վերնագիրը ու մարսել ամբողջ պատգամը՝ առանց խորանալու տողընդմէջ քողարկուած «չարաճճիութեան»:
Աբրահամի եւ օրինապահներու զրոյցի առանցքն ու նիւթերու անդրադարձները շօշափած են հանրային-ընկերային խնդիրներ: «Այցելուները», ամէ՜ն ինչ «նորմա՜լ ա գնում» գնահատականով, եզրակացուցած են իրենց առաքելութիւնը:
Այս մօտեցումը, պարզապէս հաւկուրութիւն է եւ ջայլամի մօտեցում: Գէթ, փակ դռներու ետին, կարելի է աւելի՛ սրտբաց զրուցել՝ հեռու մնալով արջի ծառայութիւն մատուցելէ իշխանաւորին եւ հեռանալով ինքնախաբէութեան օրինակներով առաջնորդուելու փորձութենէն:
Անձնապէս, ապրած ըլլալով 90-ական թուակններու Հայաստանեան իրադարձութիւնները, մտաբերելով ազգային գաղափարախօսութեան առաջադէմ կուսակցութեան մը հանդէպ պարսաւանքներու օրերը, վերակենդանացաւ աչքերուս առաջ տուեալ կուսակցութեան գրասենեակներ օրինապահներու տմարդի «այցելութիւնները» ու անոնց աւարտով՝ հայրենիքի տարածքին, ազգային հարթակի վրայ յառաջացած անհաճոյ խառնիճաղանճը:
Աժան մարտավարութիւն է, քու ձախաւերութիւններդ բարդել ուրիշին վրայ, չտեսնելով քու աչքիդ մէջ առկայ գերանը: Այս իմաստով, հանդէս պիտի չգամ վարուած «ուշացած» եւ «մշակուած» պետական քաղաքականութեան՝ կասեցնելու համաճարակի տարածումը: Այլ մօտեցումով, պսակաժահրի օրակարգը կարելի էր վերածել ազգային միասնութեան եւ երկխօսութեան լաւ առիթի մը, որ դեռ ե՛ւս ուշ չէ կը կարծեմ: Այդ մասին, դիմատետրի էջիս վրայ, նշմարով մը անդրադարձած եմ եւ հոն արձանագրած՝ գնահատականներս:
Սակայն այսօրուան ArmNews-ի օրինակով ներկայացուած մթնոլորտը, այլ բան կը յուշէ: Աբրահամին ուղղուած «ուղղութիւնը» ընդդիմախօս ձայն լսելու դոյզն հանդուրժողականութեան իսկ պակասն է:
Չեմ ուզեր թաքցնել ատենօք արձանագրած վերապահութիւններս հանդէպ այն անձնաւորութեան, որ ճարտարօրէն օգտուեցաւ ժողովուրդի արդար ցասումէն, ու ի տես ընկերային արդարութիւն ու իտէալ համակարգի քաղաքական ազդեցիկ շրջանակներու նոսր ներկայութեան, ճարտարօրէն, կրցաւ կանգնիլ ամբոխի գլխուն ու առաջնորդել «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ»: Ան վարպետօրէն ձեւաւորուած ծածկում-հագուստը (camouflage), իր BACK PACK պայուսակը, վիրաւոր ձեռքի փաթթոցը, պատրանքով միմոսեց Չէ Կիվարայի հայկական նոր կերպարը, ու յաջողեցաւ համախմբելու ժողովորդային հոծ բազմութիւն, որ ծարաւ էր անարիւն իշխանափոխութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ամրակայման:
Այսպէս, հայ ժողովուրդը իր մեծամասնութեամբ անվարան միացաւ շարժումին, յիշեցնելով որ անսակարկելի պահանջք է, որ գոյաւորուելիք նոր իշխանութիւնը հեռու պահէ տզրուկ իւրայինները եւ թալանչիները քաղաքական-տնտեսական ազդեցութեան գօտիներէն, ու միա՛յն արժանաւորն ու անբիծ քաղաքացին տէրը ըլլայ երկրի օրէնքի տնօրինման օղակներուն:
Տեսանելի այս բոլոր երեւոյթներուն որպէս արդիւնք՝ յոգնած քաղաքացին, կեղեքիչներու ու հարստահարողներու փաղանգէն ազատելու ճաճանչող առիթ մը տեսաւ տարերային այս շարժումին մէջ, եւ «ԴՈՒԽՈ՛Վ» աղաղակեց, տատիկով, մամիկով, զաւակներով, թոռներով ու ծոռներով միանալով հարիւր հազարանոց հանրահաւաքներուն: Արդարօրէն, հայ ժողովուրդը, յոյսի ճրագ մը տեսնելով փայլփլող լոզունգներուն մէջ, «քայլ առաջ» երթալով, իր սայլը կապեց ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, պարուրելով կառքը թաւիշով, Նոր Հայաստանի մը հեռանկարով:
Քաղաքակիրթ Հայաստանի կերտման ի խնդիր, այսուհետեւ, ոստիկանական «բարի կամեցողական այցելութիւնները» պէտք է անհետանան քաղաքացիին կեանքէն: ՕՎԻՐԸ, պէտք է մնայ խորհրդային պատմութեան մութ էջերուն մէջ միա՛յն: Փոխան, պէտք է համատարած տեսնել առողջ քննադատութիւնը, մամուլի ազատութիւնը, քաղաքացիի անկաշկանդ կողմնորոշումը, որոնք դեղատոմսեր են գոյաւորուած առողջ հասարակութեան ծաւալման եւ քաղաքական ազնիւ մրցակցութեան ամրակայման:
Հետեւաբար, ի տես այս բոլորին, այսուհետեւ օրինապահները զգուշաւորութեամբ պէտք է մտնեն ArmNews-ներու հարթակները, որովհետեւ աբրահամներու բարեհաճ ու նրբիկ արտայայտութիւնները պէտք չէ ընկալել որպէս անկարողականութիւն կամ բացատրել մեղկութեամբ: Այդ կարծեցեալ մեղկութեան տակ անթեղուած է Մհերի ըմբոստ ոգին, որ իր պարանոցը չի խոնարհեցներ եւ ազատութեան ու արդարութեան ձեռքբերման սիրոյն կը մաքառի մինչեւ շունչը վերջին։
Իշխանաւորները նախազգուշական կրակոցներու լեզուով չեն կրնար լռեցնել ընդդիմախօս նման կայաններու ձայները: Աբրահամները, իրենց արհեստավարժ հետեւողական ելոյթներով, խորթ զաւակը չեն՝ իրականացած եղափոխական մթնոլորտներուն: Այդ տեսակը իր վարքով կը հաստատէ, թէ որքա՜ն սեղմէք պարանոցի օղակը, լռեցնելով քաղաքացիի անկաշկանդ արտայայտուելու ցանկութիւնը, վերջաւորութեան պիտի չազդէ հայրենապաշտ մարդուն վրայ, որովհետեւ այդ տեսակի քաղաքացիին համար, նոյնիսկ կախաղանի պարանոցը պիտի վերածուէր այն օրօրոցին, ուր պիտի ծնէր արդարութեան երկունքով տարուբերուող հայ քաղաքացին։
Մե՛ղք է՛: Պէ՛տք է խնայել ընտիր թաւիշը, որ չթաթախուի արատաւոր ժահրերով։
Աբրահամները, հայրենիքի սիրոյ չափանիշը ամփոխավարական եւ զգացական խանդավառութեամբ չեն ընկալեր։ Այդ նուիրական տենչը արմատացած է իրենց էութեան մէջ:
Աբրահամները, խիզախ, անկոտրում կամքի ու իմաստալից խօսքի դպրութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն են: Իրենց մահկանացու անձերուն ընդմէջէն, իրենց առօրեայ կենցաղով ու պահուածքով, բոլորիս համար այնքա՜ն ուսանելի ու օրինակելի երեւոյթներ են, որ կ’արժէ պահեր տրամադրել ու խոկալ՝ ի տես այդ օրինակներուն: Անոնք, մէկ յստակ պատգամով կը կենսագործեն, թէ հայրենասիրութիւնը սո՛սկ լոզունգ չէ, այլ ապրում է ու հաւատք:
Այո՛, մե՛նք ալ կ’երկրորդենք վարչապետին այսօրուան այն հաստատումը, որ «Քաղաքացիների վարքի փոփոխութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել այս ճգնաժամը»: Բայց աւելցնելով որ հակահամաճարակային կանոններու խախտումները պէտք է որոնել աբրահամներու դէմքերու ծածկոյթներէն անդին։
Այսօր, աբրահամները, «ի գիտութիւն» ընդունեցին ոստիկանական ազդը, բայց այս ոճը պէտք չէ քաղաքական բռնազբօսիկ վարակով թաթախուած, որպէս շիճուկ ներարկել հանրային-հասարակական կեանքին մէջ, եւ ընդունիլ այդ հանգամանքը որպէս բուժիչ դեղատոմս։
Գերազգասիրութեամբ սնանած աբրահամներու տեսակը մի՛ բարկացնէք։
«Դուխով»։
Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ
Յ.Գ.: Նշուած հաղորդումը կարելի է դիտել այս կապով: