Եւրոպական Խորհրդարանը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Կործանարար Դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պատերազմի Ընթացքին
Այս շաբաթ Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց թիւով երեք զեկուցումներ, այդ կարգին` Եւրոպական Միութեան ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան (CFSP) եւ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր անվտանգային եւ պաշտպանական քաղաքականութեան (CSDP) տարեկան զեկուցումները:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ այս երեք զեկուցումները, ուր կարեւոր հարցեր կը բարձրացուին: Օրինակ, CFSP-ն կը նախատեսէ, որ խաղաղութեան հասնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի ապագայ կարգավիճակը որոշելու գործընթացը պէտք է ղեկավարուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ եւ հիմնուած ըլլայ լուծման հիմնարար սկզբունքներուն վրայ:
Զեկուցումը նաեւ կ՛ընդգծէ Արցախի մէջ հայ բնակչութեան եւ մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման հրատապ անհրաժեշտութիւնը:
Եւրոպական խորհրդարանը ընդհանուր առմամբ նաեւ խստօրէն կը քննադատէ Թուրքիոյ կործանարար դերը պատերազմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն օտարերկրեայ ահաբեկիչներու փոխադրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ազրպէյճանին օժանդակելը:
Մեկնաբանելով զեկուցումները` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան նկատել կու տայ. «Իբրեւ կազմակերպութիւն, որ աշխուժօրէն իրազեկուածութեան բարձրացման աշխատանքներ կ՛իրականացնէ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներու շրջանակին մէջ, մեզի համար պարզ է, որ խորհրդարանականներու ճնշող մեծամասնութիւնը, ի դէմս Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, շատ լաւ գիտէ, թէ որո՛նք են յարձակողները: Եւրոպացի խորհրդարանականներէն շատերը նաեւ հրապարակաւ պահանջած են խիստ եւ յստակ միջոցներու ձեռնարկել այս երկիրներուն դէմ»:
Այնուհետեւ Էվինեան կ՛աւելցնէ. «Բայց, ցաւօք, մենք ականատես կ՛ըլլանք Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութեան մարմիններուն միջեւ խիստ անջրպետուած դիրքորոշումներու: Ատիկա պարզ դարձաւ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստերուն ընթացքին, 2020-ի հոկտեմբերին, երբ պատերազմը դեռ կը մոլեգնէր Ղարաբաղի մէջ:
Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները հանդէս եկան խիստ եւ քննադատական ելոյթներով Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Պորելի ներկայութեամբ: Բայց բառերը կշիռ կը ստանան, երբ անոնց կը հետեւին բովանդակային եւ համապատասխան գործողութիւններ: Եւրոպական յանձնաժողովը եւ կառավարութիւնները պէտք է միջոցներու ձեռնարկեն, երբ ընտրուած խորհրդարանականները մտահոգութիւններ կը յայտնեն: Հակառակ պարագային, ատիկա կը յանգեցնէ հիասթափութեան, կը յառաջացնէ հարցեր արժանահաւատութեան եւ ցաւօք նաեւ մարդու իրաւունքներու եւ արժէքներու պահպանման վերաբերեալ, ինչով Արեւմուտքը կը հպարտանայ: Այս իմաստով դեռ կայ ճամբայ, որ թոյլ կու տայ փոքրացնել խօսքերու եւ գործողութիւններու միջեւ եղած անջրպետը»:
Իբրեւ եւրոպահայ կազմակերպութիւն` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը պիտի շարունակէ այս ուղղութեամբ աշխատանքները` ուշադրութեան կեդրոն պահելով Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայկական բնակչութեան հիմնական իրաւունքները:
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ