Երրորդ դատաւորն ալ պիտի չքննէ Վեհափառ Հայրապետի գործը՝ սպասելով Վճռաբեկ դատարանի որոշումին

ԵՐԵՒԱՆ.— Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի վեց եպիսկոպոսներուն առնչուող քրէական գործի քննութիւնը կրկին անորոշութեան մատնուած է, քանի որ գործը ստանձնած երրորդ դատաւորն ալ հարց բարձրացուցած է դատական ընդդատութեան վերաբերեալ։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Վահագն Մելիքեան դիմած է Վճռաբեկ դատարան՝ պահանջելով վերջնականապէս ճշդել, թէ ո՛ր դատարանը պէտք է քննէ վարոյթը։

Դատարանէն յայտնած են, որ դիմումը հիմնուած է Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 263-րդ յօդուածի 4-րդ մասին վրայ։ Այդ դրոյթին համաձայն՝ գործը ստացած դատարանը, մինչեւ նախնական դատալսումներու նշանակումը, կրնայ վիճարկել անոր ընդդատութիւնը։ Նման պարագայի հարցը հինգ օրուան ընթացքին վերջնականապէս կը լուծէ Վճռաբեկ դատարանի քրէական պալատի նախագահը։

Այսպիսով, Վճռաբեկ դատարանը պիտի որոշէ, թէ գործը պիտի քննուի Երեւանի՞, թէ Արմաւիրի դատարանին մէջ։

Գործը նախ յանձնուած էր դատաւոր Յակոբ Մանուկեանին, որ ինքնաբացարկ յայտնած էր։ Ան նշած էր, որ 2021-ին ուսանած է Փաստաբանական ուսումնարանին մէջ, երբ Կաթողիկոսի պաշտպան Արա Զոհրապեան Փաստաբաններու պալատի նախագահն էր, եւ իր փաստաբանական արտօնագիրը անձամբ Զոհրապեան յանձնած էր իրեն։ Դատաւորը գնահատած էր, որ այդ հանգամանքը կրնայ կասկած յառաջացնել իր անաչառութեան վերաբերեալ։

Գործը այնուհետեւ փոխանցուած էր Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Սերժ Ռուշանեանին։ Վերջինս յայտարարած էր, որ չի խուսափիր գործը քննելէ, սակայն ընդդատութեան խնդիր կը տեսնէ, քանի որ գործը, իր գնահատումով, պէտք է քննուի ենթադրեալ յանցանքի կատարման վայրին մէջ։ Անոր որոշումով վարոյթը փոխանցուած էր Երեւանի դատարան։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ու վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներ կը մեղադրուին դատական որոշում մը չկատարելու յանցանքով։

Գործը առնչուած է Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի պաշտօնանկութեան։ Դատարանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պարտաւորեցուցած էր զինք վերականգնել իր պաշտօնին մէջ, սակայն Մայր Աթոռը որոշումը չէր գործադրած եւ հետագային կարգալոյծ հռչակած էր հոգեւորականը՝ շեշտելով, որ եկեղեցական պաշտօններու եւ կարգապահական հարցերու տնօրինումը աշխարհիկ դատարաններու իրաւասութեան չի պատկանիր եւ նման միջամտութիւնը կը խախտէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը։

Մեղադրանքը դատարանին կողմէ հաստատուելու պարագային՝ Կաթողիկոսին եւ միւս հոգեւորականներուն կրնայ սպառնալ մինչեւ երկու տարուան ազատազրկում։

Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս մը քրէական գործով կը կանգնի դատարանի առջեւ։