Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ զօրաշարժի հրամայականը
- (0)

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջին գործարկումը եւ անոր վրայ համաժողովի չորս կլոր սեղաններու համառօտագրութիւններու հրապարակումը պատեհ շարժառիթ մըն է՝ ոչ միայն վերադառնալու հոն հնչած մտքերուն, այլ նաեւ սկսելու աւելի լայն, խոր եւ շարունակական քննարկում մը Սփիւռքի քաղաքական, հաստատութենական եւ ռազմավարական ապագայ դերակատարութեան մասին։
Խորհրդաժողովը այս իմաստով ժամանակին եւ արժէքաւոր նախաձեռնութիւն մըն էր։ Ան մէկ հարթակի վրայ բերաւ տարբեր փորձառութիւններ, մասնագիտութիւններ եւ աշխարհայեացքներ՝ հարցերու շուրջ, որոնք յաճախ քննուած են առանձին, մասնակի կամ պատահական կերպով։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները, ինքնութեան առնչուող խնդիրները, քաղաքական պատասխանատուութիւնն ու երկարաժամկէտ ազգային ռազմավարութիւնը այստեղ դիտուեցան որպէս փոխկապակցուած խնդիրներ։ Ասիկա ինքնին կարեւոր ձեռքբերում է։ Սակայն նման նախաձեռնութեան իսկական արժէքը պիտի չափուի ոչ միայն քննարկումներու մակարդակով, այլեւ անկէ փխած շարունակութեամբ։
Սփիւռքի գլխաւոր խնդիրը այսօր միջոցներու, տաղանդի կամ ներուժի պակասը չէ։ Անոր հիմնական մարտահրաւէրը ցրուած ներուժը հաւաքան հետեւողական ուժի վերածելու բաւարար մեքենականութիւններու բացակայութիւնն է։ Դպրոցները, եկեղեցիները, մշակութային հաստատութիւնները, քաղաքական ու իրաւական գործունէութիւնը, մասնագիտական ցանցերը, տնտեսական կարողութիւններն ու երիտասարդական ներգրաւումը առանձին ոլորտներ չեն։ Անոնք միասին կը կազմեն հայկական հաւաքական ուժի ենթակառոյցը։
Այս շրջագիծին մէջ առանցքային է Սփիւռքի ինքնուրոյնութեան հարցը։ Ինքնուրոյն Սփիւռքը Հայաստանէն անջատուած կամ Հայաստանի պետութեան հանդէպ անտարբեր Սփիւռք չի նշանակեր։ Ընդհակառակը՝ սեփական դիրքորոշումներ ձեւաւորելու, առաջնահերթութիւններ ճշդելու եւ ինքնուրոյն կերպով գործելու կարող Սփիւռքը կրնայ Հայաստանի մեծագոյն ռազմավարական հարստութիւններէն մէկը ըլլալ։ Հաւատարմութիւնը հայկական պետականութեան չի նշանակեր ենթարկուիլ օրուան իշխանութեան, ոչ ալ սեփական դիրքորոշումները պայմանաւորել Հայաստանի ներքաղաքական վերիվայրումներով։ Կառավարութիւնները կը փոխուին. ազգային շահերը, պատմական պատասխանատուութիւններն ու երկարաժամկէտ հարցերը՝ յաճախ ոչ։
Արցախը այս տարբերութեան ամենացայտուն փորձաքարերէն է։ Վերադարձի իրաւունքը, հայ գերիներու կարգավիճակը, մշակութային ժառանգութիւնը, սեփականութեան իրաւունքներն ու միջազգային պատասխանատուութիւնը չեն կրնար անհետանալ համազգային օրակարգէն միայն այն պատճառով, որ օր մը նուազ ներկայ ըլլան Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտութեան մէջ։
Նոյնքան ռազմավարական է ինքնութեան պահպանումը։ Լեզուն, կրթութիւնը, պատմական յիշողութիւնը, մշակոյթն ու հաստատութենական կեանքը ազգային անվտանգութեան հարցեր են։ Այս առումով Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ մնալ Սփիւռքի ինքնութեան եւ կազմակերպ համայնքային կեանքի առանցքային սիւներէն մէկը։
Բայց ինքնուրոյնութիւնը պէտք չէ շփոթել մասնատուածութեան հետ։ Սփիւռքի ուժը կը կայանայ միաժամանակ ինքնավար, փոխկապակցուած եւ համատեղ գործելու ընդունակ ըլլալուն մէջ։ Հոս է նաեւ քաղաքական ներկայացուցչութեան չլուծուած հարցը. ո՞վ կը խօսի Սփիւռքի անունով, ի՞նչ օրինականութեամբ եւ ի՞նչ խորհրդակցական կամ ներկայացուցչական նոր կառոյցներու կարիք կայ։
Հետեւաբար, խնդիրը հին Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնը վերականգնելը չէ, այլ 21-րդ դարու նոր գործընկերութիւն մը ստեղծելը՝ փոխադարձ յարգանքի, մասնակցութեան, ինքնուրոյնութեան եւ ընդհանուր պատասխանատուութեան հիման վրայ։ Իսկ այդ գործընկերութիւնը հնարաւոր է միայն ուժեղ կողմերու միջեւ։ Անկախ մտածողութիւն չունեցող Սփիւռքը գործընկեր չէ. օժանդակ կառոյց է։
Հայութիւնը համաժողովներու, յայտարարութիւններու եւ ախտորոշումներու պակաս երբեք չէ ունեցած։ Այժմ հարցը պարզ է՝ ի՞նչ կու գայ քննարկումէն ետք։ Միջազգային իրաւական եւ դիւանագիտական ցանցերը, կրթական նոր նախաձեռնութիւնները, կայուն ֆինանսաւորման միջոցները, մասնագիտական զօրաշարժը եւ ներկայացուցչական կառոյցները արժանի են լուրջ քննութեան, որովհետեւ կը փորձեն պատասխանել ճիշդ այդ հարցին։
Եւ վերջապէս, իւրաքանչիւր ռազմավարութեան չափանիշը նոր սերունդն է։ Եթէ երիտասարդը լեզու, գիտելիք, պատասխանատուութիւն, առաջնորդելու առիթ եւ քաղաքական մասնակցութեան իրական դաշտ չունի, մնացեալ բոլոր ծրագիրները ժամանակաւոր են։
Նոր հրապարակուած ամփոփումները, հետեւաբար, պէտք չէ դիտել որպէս խորհրդաժողովի եզրափակիչ հանգրուան։ Ընդհակառակը՝ անոնք պէտք է ծառայեն որպէս սկիզբը աւելի պահանջկոտ ու էական փուլի մը, ուր քննարկումները կը վերածուին հետեւողական մտածումի, գաղափարները՝ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններու, իսկ նախաձեռնութիւնները՝ երկարաժամկէտ գործողութեան եւ համազգային ուժի ու կարողականութեան ամրապնդման։
Հոն բարձրացուած հարցերը, առաջարկներն ու գաղափարները արժանի են առանձին եւ աւելի խոր քննութեան։ Անոնց պիտի վերադառնանք նաեւ հետագայ մեկնաբանութիւններով ու վերլուծութիւններով։ Որովհետեւ Սփիւռքի ապագային վերաբերող այս հարցերը չափազանց հիմնարար են՝ մէկ խորհրդաժողովով, մէկ զեկուցումով կամ մէկ խմբագրականով սպառելու համար։
«Հորիզոն»