Երիտասարդական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հետ

30 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արշօ Պալեան ներկաներուն բացատրեց հանդիպումին նպատակը եւ հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը փոխանցելու իր խօսքը:

Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի որդեգրած ուղղեգիծը: Ան ներկայացուց Հայաստանի ներքաղաքական վիճակը եւ հայաստանեան օրակարգին վրայ գտնուող  հարցերուն նկատմամբ կուսակցութեան պաշտօնական կեցուածքը: Ան խօսեցաւ Հայաստանի տնտեսութեան, արդարադատութեան, հարկային համակարգին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ընկերային արդարութիւն հաստատելու ուղղութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի աշխատանքներուն մասին: Ան հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը հիմնական դեր ունի այդ  աշխատանքներու իրագործման հոլովոյթին մէջ եւ նկատել տուաւ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի համար երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան կարծիքը կենսական կը նկատուի:

Ան միջազգային օրինակներէ մեկնելով, երիտասարդութեան յստակօրէն բացատրեց տարբեր քաղաքական մօտեցումներ, տարբեր վարչաձեւեր, որոնք պատմականօրէն յաջողութիւն արձանագրած են եւ շատ մեծ հաւանականութեամբ նաեւ յաջող տարբերակներ կրնան ըլլալ հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը կառչած է եւ կառչած կը մնայ իր ընկերվարական սկզբունքներուն, սակայն անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ ընկերվարութիւնը իւրաքանչիւր երկրի մէջ տարբեր ձեւով ընկալուած է, եւ այդ խնդիրէն մեկնելով, պէտք է կարենալ ճիշդ ձեւով բացատրել եւ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ:

Հանդիպումի ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան համառօտ ձեւով նաեւ ներկայացուց սփիւռքի տարբեր գաղութներու այսօրուան իրավիճակը` կրթական, տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային իմաստով: Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայ դատի աշխատանքները եւ անոնց արձանագրած մակընթացութիւնները: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ կեդրոնացաւ արցախեան տագնապին վրայ, ներկայացուց կուսակցութեան կեցուածքը եւ այսօր տեղի ունեցող բանակցութիւններու կարգավիճակը: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ ազգ-բանակ գաղափարի ամրապնդման կարեւորութեան մասին:

Հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.