Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Համաժողովը Յատուկ Յայտարարութեամբ Կ՚անդրադառնայ Արցախի Տագնապին
Այս օրերուն Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջագծէն ներս, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին։
Յայտնենք, որ միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ քաղաքական գիտութեանց ու միջազգային օրէնքի դասախօս՝ Լիբանանեան Համալսարանէն ներս, յիշեալ յայտարարութեան խմբագրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ՝ խորհրդակցելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ թէ՛ Գերմանիա մեկնելէ առաջ եւ թէ՛ համաժողովի աշխատանքներու ընթացքին։ Դոկտ. Պայրագտարեան Ե.Հ.Խ.ի միջազգային տագնապներու յայտարարութեանց շարքին նաեւ համաժողովին ներկայացուց Արցախի մասին յայտարարութիւնը։
Յիշեալ յայտարարութեան մէջ համաժողով կը դատապարտէ Արցախի 44-օրեայ Ազրպէյճանի կողմէ նախայարձակ պատերազմը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։ Համաժողովը նաեւ կը դատապարտէ քիմիական զէնքի գործածութիւնը եւ միջազգային օրէնքին հակասող պատերազմական այլ յանցագործութիւնները։ Ան կոչ կ՚ուղղէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.), Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ քաղաքային պատանդները եւ ռազմագերիները։ Համաժողովը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Արցախի գրաւեալ շրջաններու սրբավայրերուն եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման նկամամբ եւ կոչ կ՚ուղղէ ԵՈՒՆԵՍՔՕին ու միջազգային համայնքին բոլոր միջոցներով պաշտպանելու ու պահպանելու հայկական մշակութային ու կրօնական կառոյցներն ու վայրերը։
Համաժողովը միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի շրջանակներուն շուտով երկխօսութեան սկսելու Արցախի հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ լուծման համար։ Վերջապէս, ան կը թելադրէ Խորհուրդի անդամ բոլոր եկեղեցիներուն աշխատելու շրջանէն ներս համերաշխութիւն հաստատելու եւ արդար ու կայուն լուծում գտնելու ի խնդիր։
Յայտնենք, որ Արցախի պատերազմի օրերուն, ինչնէս նաեւ յաջորդող շրջանին, Ե.Հ.Խ.ը ադրադարձած էր Արցախի հարցին եւ անոր արդար լուծում գտնելու հրամայականին։