ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՑ ԵՒ ՓԱԿ ԽԱՂԻՆ ՄԷՋ ՑԱՆՑՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՐՑԱԽ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ

Յ. Պալեան

                2020ի հայ-ատրպէյճանաթրքական պատերազմը կանգ առած է՞: Ռուսիա կասեցուած է կռիւները: Մեծ կորուստներ ունեցած են Արցախը, Հայաստանը, համագումար՝ Հայութիւնը, սուղ վճարելով միջազգային, կայսերապաշտական եւ աշխարհաքաղաքական շահերուն: Խորհինք եւ խօսինք այդ շահերուն «ինչո՞ւ»ին եւ «ինչպէ՞ս»ին,  միջամտութիւններու, զօրակցութիւններու եւ անոնց սահմանի մասին:

            «Պատերազմ»ի առաջին օրերուն, Հոկտեմբեր 1,2020ին, Ֆրանսան հակազդեց եւ Ատլանտեան Ուխտի իր իրաւ-կեղծ դաշնակից Թուրքիան ամբաստանեց, որ երեք հարիւր սուրիացի կռուող ճիհատիստ Հալէպէն փոխադրած է Ատրպէյճան, նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն բացատրութիւններ պահանջած էր: Այսինքն՝ միջազգային համայնքը տեղեակ եղած էր Թուրքիոյ միջամտութենէն: Յետո՞յ: Էմմանուէլ Մաքրոնի Հայաստանի նախագահին հետ տեսակցութենէ մը ետք, Ֆրանսա բժշկական օգնութիւն ղրկած էր Հայաստան:

            Իր գոյութեան սպառնացող նախայարձակման եւ կորուստներու ենթակայ երկրին որպէս զօրակցութիւն կը ղրկուի բժշկական օգնութիւն… փոխանակ նախայարձակը զսպելու: Այդ ընելու համար, ի հարկէ, զինեալին զինեալ պէտք է հակադրել: Ֆրանսա այդ ըրած է եւ կ’ընէ Մալիի մէջ:

            Ֆրանսան ուղղակի հանդիսատես եղաւ թրքական հակահայ մոլուցքին, երբ Գորշ Գայլեր թրքական ծայրայեղական կուսակցութեան անդամները, Նոյեմբեր 4-ին, պղծեցին Տեսին քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողը: Տեղական խնդիր էր, լուծեցին այդ կազմակերպութիւնը:

            Բայց ոչ ոք նախաձեռնեց թուրք-ազերիական նախայարձակման ուժ հակադրելու:

            Այս պատերազմի ընթացքին դրսեւորուեցաւ Եւրոմիութեան անդամ Հունգարիոյ զօրակցութիւնը Ատրպէյճանի: Այդ մասին ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի մէջ խօսուեցաւ, բացատրելու համար այս կողմնակալութիւնը:     Հունգարիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարարը, զօրակցութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի, ճշդելով որ Լեռնային Ղարաբաղը մաս կը կազմէ միջազգայնօրէն ճանչցուած Ատրպէյճանի տարածքին, եւ Հունգարիան կը պաշտպանէ Պետութիւններու հողային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը: Միջազգային ճանաչումը կրնա՞յ անգիտանալ ժողովուրդի մը անցեալը եւ պատմական իրաւունքը, անոր բազմադարեան հայրենիքը: Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններուն  մէջ անտեսո՞ւմ եղած է:

            Եթէ քիչ մը հետաքրքրուինք, այս զօրակցութիւնը բացատրող պատճառներ կը գտնենք: 2014ին, Հունգարիա Ատրպէյճանի հետ ոչ աւելի ոչ պակաս ռազմավարական համաձայնագիր ստորագրած է, օդանաւային ճամբորդութիւններու, ազրպէյճանցի ուսանողներու կրթաթոշակներու, մարզական, զբօսաշրջային եւ ջրային մատակարարման հարցերով: Հունգարիան համագործակցութենէն անդին անցնելով, նախայարձակին զօրակցած էր: Հունգարիա ուժանիւթի մատակարարման  հարց ունի. ձգտիլ նուազ կախում ունենալ Ռուսիայէն եւ օգտուիլ ազրպէյճանական նաւթէն:

            Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անմիջական դրացի Իրանը հակամարտութեան ծաւալումը վտանգաւոր կը համարէ իրեն համար: Չէզոք մնալով հանդերձ, Իրան չլքեց Հայաստանը: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ ազերիները մեծ թիւ կը կազմեն Իրանի մէջ, 15 միլիոն, որ կրնայ արձագանգել թուրք-ազերի ազգայնականութեան, հետեւաբար Իրան զգուշաւոր քաղաքականութիւն կը վարէ շրջանին մէջ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ պատմական խոր արմատներ ունի Թուրքիա-Իրան մրցակցութիւնը: Եւ շրջանի, Կասպից Ծովի ուժանիւթային պաշարները եւ անոնց հակակշիռը միշտ նկատի պէտք է ունենալ:

            Բարդ կացութիւն մը. Ատրպէյճան սերտ կապեր ունի Իսրայէլի հետ, եւ Իրան վերջինի անդրդուելի թշնամին է: Ատրպէյճան հիմա Իսրայէլի մօտիկ գործակից է: Ցեղասպանութեան ենթարկուած հրեաներու պետութիւնը գործակից դարձած է ցեղասպան թուրքին: Խիստ բարացուցական: Իսկ Իսրայէլի համար Ատրպէյճան զէնքի վաճառքի մեծ շուկայ է, եւ կը գորածածուի որպէս սպառնալիք Իրանի դէմ: Իսրայէլ կը ներածէ ատրպէյճանական նաւթ:

            Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ Մեծն Բրիտանիան եւս նեցուկ է Ազրպէյճանի, կը դատապարտէ Հայաստանը, նոյնիսկ Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ արգելք կ’ըլլայ Զինադադար հաստատելու որոշման: Իրեն համար, Հայաստանէն անդին, նպատակը Ռուսիոյ տկարացումն է, որ իր կողմէ կը համարուի Հայաստանի դաշնակից:

            Իսկ Ռուսիա, համարուելով հանդերձ Հայաստանի դաշնակից, զէնք կը ծախէ Ատրպէյճանի, միշտ իրեն վերապահելով շրջանի իրաւարարի դերը: Ան դիւանագիտական ճապկումով յայտարարեց, որ Հայաստանի կողքին պիտի չըլլայ կռիւներու ընթացքին, քանի որ անոնք տեղի չեն ունենար Հայաստանի մէջ:

            Հակառակ անոր որ Թուրքիա անթաքոյց մասնակից էր պատերազմին Ատրպէյճանի կողքին, իր բերած վարձկաններով եւ զինուորական խորհրդատուներով, կ’ամբաստանէր Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան, որ զինուորապէս կ’օգնէին Հայաստանի: Զինուորական այդ օժանդակութեան հետքը ոչ ոք տեսաւ, եթէ բժշկական օգնութիւնը զէնք եւ կռուող չհամարուի:

            Էրտողան յաղթականի իր դիրքէն կը յայտարարէ, որ Հայաստանի դէմ պայքարը չէ աւարտած, եւ պիտի շարունակուի այլ եղանակներով, վերջնական կերպով լռեցնելու համար համայն հայութեան պայքարը՝ ցեղասպանութեան ճանաչում եւ բռնագրաւուած հողերու վերադարձ: Էրտողան ինչպէ՞ս կրնայ բացատրել եւ արդարացնել, որ Հայոց պատմական մայրաքաղաք հազար ու մէկ եկեղեցիներու Անին գտնուի Թուրքիոյ մէջ: Եւ դեռ Աղթամարն ու Վանը:

            Այս հպանցիկ պատկերը կ’արձանագրեմ ըսելու համար, որ մեր առջեւ այսօր կայ դիւանագիտական պատերազմի ընդարձակ դաշտ: Ատրպէյճան դաշնակիցներ ունի, ինչ բացատրութեան ալ տանք այդ յաջողութեան համար, չենք կրնար արդարացնել մեր իսկական դաշնակիցներ չունենալու ձախողանքը:

            Ինչո՞ւ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) այս հարցին նկատմամբ չենք ցուցաբերեր իսկական կազմակերպական-քաղաքական վերաբերում, գերիվեր մեր տարակարծութիւններէն, չունինք այս ուղղութեամբ համահայկական ծրագրում եւ չենք օգտագործեր համայն ժողովուրդի աշխարհի մէջ ձեռք բերած յարաբերական, բարոյական, նիւթական, գիտական ներուժը, որ ամլացնող մրցակցութիւններէ, տուրիզմէ, շաբաթավերջի ժողովներէ եւ տպաւորիչ ճառերէ տարբեր որակ է:

            Յաջողութեան դարպասը կը բացուի, եթէ  տասնըհինգ միլիոնի հայրենիք պետութիւնն ըլլանք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.