«Դիմադրութիւն» Շարժման Երթը Դէպի Եւրոպական Միութեան Գրասենեակ

«Դիմադրութիւն» շարժման անդամները երկուշաբթի, 4 յուլիսին հաւաքուած էին Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկի այգիին մէջ, ապա երթով շարժած դէպի Եւրոպական Միութեան գրասենեակ:

Երթի մասնակիցներու ձեռքին կային քաղաքական բանտարկեալներու լուսանկարներ:

«Այսօր մենք կարեւոր գործողութիւններ պիտի կատարենք, եւ անկախ անկէ, թէ մեր քաղաքացիները ի՛նչ քաղաքական հայեացքներ ունին, այս ցոյցերուն վերաբերեալ առարկութիւններ պիտի չունենան», երթի մեկնարկին յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան:

Հիմնաւորելով ցոյցին նպատակը` Վարդեւանեան յայտնեց, որ կարեւոր էր, որ դատական համակարգը այլեւս չունի ջհանգիրեանական ազդեցութիւն, բայց, ըստ անոր, Ջհանգիրեանի հեռացումը չի նշանակեր անոր ձգած ժառանգութեան վերացում, քանի որ ընդդիմութիւնը տակաւին ունի կալանաւորուած մարդիկ, որոնք բանտին մէջ են ջհանգիրեանական արդարադատութեան պատճառով, եւ այսօր կ՛ուզեն յստակացնել, թէ Եւրոպական Միութիւնը այնտեղ ըսելիք չունի՞:

«Մենք մինչեւ հիմա ռազմագերիներ ունինք Ազրպէյճանի մէջ, Եւրոպական Միութիւնը չունի՞ այդտեղ ընելիքներ: Ես չեմ տեսած, որ Եւրոպական Միութիւնը ըսէ` Ազրպէյճանը ժողովրդավարական երկիր չէ: Որեւէ գործողութիւն, խօսք, որ կը հնչէ հանրայնօրէն, ո՛չ միայն կ՛արձանագրուի Երեւանի մէջ, այլեւ Պրիւքսելի մէջ», ըսաւ Վարդեւանեան:

Եւրոպական Միութեան դեսպանատան մօտ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց. «Այս ամիսներուն ընթացքին լռութեամբ այս շէնքը վերածուած է ամօթի շէնքի»:

«Իրականութեան մէջ այն գաղափարները, զորս ունէր Եւրոպական Միութիւնը, այս դեսպանատան միջոցով Հայաստանի մէջ կը բռնաբարուին, անոնք աչք կը փակեն բոլոր անօրինականութիւններուն, քաղաքական հետապնդումներուն, դատարաններու վրայ յարձակումներուն, մէկ մարդու կամքով օրէնքները փոխելու խայտառակ փորձառութեան վրայ: Վստահաբար այս դեսպանատան շէնքէն այսօր Պրիւքսել պիտի ուղարկեն հաղորդագրութիւն, թէ Հայաստանի քաղաքացիները փողոցին մէջ գործողութիւն կ՛իրականացնէին դեսպանատան դիմաց, բայց հետաքրքրական է, թէ ի՛նչ պէտք է գրեն` ի՛նչ պատճառով Հայաստանի արժանապատիւ քաղաքացիներն ամօթ կ՛ըսեն Եւրոպական Միութեան դեսպանին»:

Եւրոպական Միութեան գրասենեակին առջեւ ցոյցէն ետք երթին մասնակիցները շարժեցան դէպի Ազգային ժողով: Անոնք Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրիա Վիքթորինի եւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախկին նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Գագիկ Ջհանգիրեանի համատեղ լուսանկարը ձգեցին Ազգային ժողովի ճաղավանդակներուն մօտ:

Այնուհետեւ երթը շարժեցաւ Սարեան պուրակ:

Սարեան պուրակին մէջ Արամ Վարդեւանեան տեղեկացուց, որ 5 յուլիսին, ժամը 11:00-ին Արամ Խաչատրեանի արձանի մօտակայքէն երթ պիտի կազմակերպուի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.