ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ ԿԸ ԴԻՄԵՆՔ ԱԶԳՈՎԻՆ
1464
0
Կարօ Արմենեան
Դիմադրական շարժման հաւաքած ուժականութիւնն ու ինքնավստահութիւնը, անոր մակընթաց անհատականութիւնն ու անկոտրում կորովը, անոր կերտած հոգեբանական առաւելութիւնը իշխանութեան վրայ որպէս ճշմարտութեան ջահակրի՝ արդէն իսկ ստեղծած են մեծ ջրբաժան մը անցեալին և ներկային միջև։ Փաշինեան եւ իր կառավարութիւնը կը գտնուին պաշտպանողական դիրքերու վրայ։ Այն կարծեցեալ համաժողովրդական «մանդատ»ը, զոր ան տևաբար կը ճօճէր հանրութեան աչքին և կը փորձէր ծածկել իշխանութեան կամայականութիւնները, այլևս գոյութիւն չունի։ Դիմադրութիւնը իր կուռ ներկայութեամբ վերջնականօրէն ապացուցեց անոր սնանկութիւնը։
Այսօր հարցը այն է, թէ ի՞նչ ընթացակարգով և որքա՞ն շուտ և որքա՞ն հեզասահ տեղի պիտի ունենայ իշխանափոխութիւնը երկրին մէջ։
Այլ խօսքով, Փաշինեան իմաստութիւնը պիտի ունենա՞յ երկրին խնայելու պետական կեանքի այս հոգեվարքը, թէ ան պիտի յամառի իր դասական վարքագծին վրայ երկիրը տանելով նորանոր բևեռացումներու։ Յամենայն դէպս Ընդդիմութիւնը չի թուիր մեծ յոյսեր կապած ըլլալ իշխանութեան կողմէ խոհեմ յարաբերութիւններու հաւանականութեան։ Ան ամուր կանգնած է Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին վրայ ամէն օր աւելի ընդարձակելով իր մագնիսութեան դաշտը թէ՛ մայրաքաղաքի և թէ՛ երկրի մարզերէն ներս։
Պէտք է անմիջապէս արձանագրել, որ Դիմադրական Շարժման առաջնային խնդիրն է այսօր անյապաղ վնասազերծել ստեղծուած ճգնաժամային կացութիւնը երկրին մէջ։ Կասեցնել Նոյեմբեր 9, 2020-ի ամօթալի համաձայնագրով ընթացք առած աղիտալի գործընթացը։ Կասեցնել հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան շարունակական գահավէժը։ Կասեցնել ներքին արիւնահոսութիւնը։ Բայց մանաւանդ՝ իր բոյնին մէջ խեղդե՛լ Արցախը թշնամիին յանձնելու դաւաճանական արարքը։
Ամէն օր, որ Փաշինեան և իր քաղաքական համակարգը կը մնան իշխանութեան ղեկին, հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հայրենի հողը թէ՛ ֆիզիքապէս և թէ՛ լինելիութեան կենսական կռուաններով։
Այս առումով, պէտք է ողջունել այն փաստը, որ Դիմադրական Շարժումը արդէն իսկ յաջողած կը թուի ըլլալ իշխանական մեքենայի ծուռ դարձած անիւը սանձել և Փաշինեանական ազգակործան դիւանագիտութիւնը դնել տեղքայլի վրայ։ Այսօր «կենաց-մահու» խուճապային օրերն են իշխանութեան համար։ Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ Փաշինեանական համակարգը այժմ կը գործէ ահազանգային մթնոլորտի մէջ։
Փաշինեանի համար, այսօրուան սուր հրամայականը վերապրի՛լն է։ Վերապրիլ ամէն գնով։ Այս իսկ պատճառով, Փաշինեանական համակարգը աւելի անկանխատեսելի է այսօր, քան էր երէկ։ Եւ բռնի ուժի դիմելու փորձութիւնը՝ շատ աւելի մե՛ծ։ Եթէ Փաշինեան կարողանայ վերապրիլ Դիմադրական Շարժման գրոհումներէն, ան ինքնաբերաբար կ՚ամրապնդէ իր հեղինակութիւնը արտաքին յարաբերութիւններու ճակատին վրայ որպէս վստահելի խօսակցի։ Պարզ խօսքով, ան կ՚ապահովէ նոր «արտօնութիւն» ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻՆ ՊԱՐՏԱԴՐԵԼՈՒ ԻՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ԵՒ ԵՐԿԻՐԸ ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ ԹՇՆԱՄԻԻ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԵԱՆԸ։ Եւ, անշուշտ, այդ մէկը կ՚ըլլայ ճակատագրական թէ՛ մեր պետականութեան և թէ՛ մեր հաւաքական գոյութեան համար։
Եւ, անշուշտ, ԴԱ ՉԻ՛ ԼԻՆԵԼՈՒ։
Պարտուած, քայքայուած, բարոյալքուած և թշնամիի քմահաճոյքին անսացող քաղաքական ղեկավարութիւնը տեղ չունի հայ քաղաքական կեանքին մէջ։ Եթէ ան վերապրի, հայ անկախ պետականութիւնն է, որ կը դադրի ապրելէ և այդ մէկուն ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ Ո՛Չ ըսած է Դիմադրական Շարժումը և գիծ քաշած՝ տխեղծ քաղաքականութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն վրայ։ Փաշինեան և բոլոր իր արտաքին խօսակիցները այսօր պիտի գիտնան, որ նոր Հայաստան մը և նոր Հայութիւն մը ունին իրենց առջև, որոնք դոյզն առընչութիւնն իսկ չունին Փաշինեան երևոյթին հետ։ Դիմադրական Շարժման բանալի առաջադրութիւնն է Փաշինեանական համակարգի լուծարքով զգաստացնել միջազգային հանրութիւնը և գիտակից դարձնել վերոյիշեալ իրականութեան։
Այս իսկ պատճառով, Դիմադրական Շարժումը լուսանցք չունի Փաշինեանական համակարգի ռիսքը ազգին հաշւոյն վերցնելու։ Այդ ռիսքը մահացու է։ Այդ ռիսքը այն դամոկլեան սուրն է, որ կախուած է մեր երկրի և ամէն մէկ հայու գլխուն։ Թողո՛ւլ՝ որ Փաշինեան և իր պարտութեան վարչակարգը սանձարձակ գործեն դիւանագիտութեան բեմերուն վրայ և խաղան հայ անկախ պետականութեան ճակատագրին հետ՝ պարզապէս յանցագործութիւն է։ Եւ այդ մէկը բացառուած է։ Այդ մէկը տեղի պիտի չունենայ։ Վարչապետ Փաշինեան միայն մէկ ընտրութիւն ունի այսօր։ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵ՛Լ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԵՒ ՄԵԿՆԻԼ։
Պարզ խօսքով, հայ անկախ պետականութեան գոյութիւնն է, որ լրջօրէն վտանգուած է այս պահուն և Փաշինեանական համակարգը բացարձակապէս անզօր է լուծում բերելու այս օրհասական կացութեան։ Ընդհակառակն Փաշինեան անքակտելի մասն է այդ վտանգին։ Վտանգը մտած է մեր երկրի պետական մեքենայէն ներս։ Ան նոյնիսկ սկսած է թափանցել մեր ժողովուրդի մտքերէն ներս Փաշինեանական համակարգի յանցաւոր հայեցակարգերով։ Շնորհի՜ւ Փաշինեանի՝ մենք սկսած ենք մեր ապաւէնը փնտռել մեր պարտութեան մէջ։ Սկսած ենք ընդունիլ հաւաքական անպատւութիւնը որպէս կենսաձև։ Խաթարուի՛լ որպէս մարդ։ Խօսիլ խաղաղութեան մասին բարոյազրկուա՛ծ մարդու դիրքերէ… Գերագոյն անհեթեթութիւնն է մտածել, որ հայ մարդը կրնայ ապրիլ խաղաղութեան մէջ իրեն պարտադրուած կեղտոտ խղճմտանքով։ Այդպիսի մարդոցմով բնակուած երկիրը հայրենիք չի կրնար ըլլալ։ Դուք երևակայեցէք, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ ան, Պր. Փաշինեան։
Դիմադրական Շարժման կեդրոնական խնդիրն է այսօր ընդփոյթ կազմակերպուիլ մեր գոյութեան սպառնացող վերոյիշեալ իրողական և գոյութենական վտանգներուն դէմ։ Այո՛, վերջ տալ Փաշինեանական մղձաւանջին, բայց նաև անդի՛ն անցնիլ Փաշինեանէն և ազգովին լծուիլ գործի մեր ազգային պաշտպանութիւնը վերակերտելու, մեր երկրի տնտեսութիւնը վերականգնելու, մեր ազգային մշակոյթը իր ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու, մեր հայրենիքին տալու այն գերազանց որակը, որուն արժանի է ան։
Լուծարե՛լ Փաշինեանական իշխանութիւնը առաջին քայլն է միայն, որուն պիտի յաջորդէ մեր անկախ պետականութեան լինելիութեան հիմքերը ապահովելու երկարաժամկէտ և խստապահանջ առաքելութիւնը, որ մեր իսկական գործն է։